Քանի կը մօտենայ շրջանային վարչութիւններու ընտրութեան թուականը, ալ աւելի յաճախակի կը դառնայ թեկնածուներու այցելութիւնները մամուլի խմբագրութիւններուն։ Եթէ իշխանութեան թեկնածուներ այցելութեան կը փութան դէպի Պատրիարքարան, ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ իրենց ծրագիրները ծանուցելու համար կը նախընտրեն «Ակօս» այցելել։
Այս ծիրէն ներս վերջերս խմբագրատան մէջ հիւրընկալեցինք Թուրքիոյ համայնավար շրջանակներու կարեւոր կուսակցութիւններէն ՏԵՄ կուսակցութեան կղզեաց քաղաքապետարանի թեկնածուները։
Այսպէս ՏԵՄ կուսակցութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ կը պաշտպանէ կիներու քաղաքականութեան մէջ հաւասար ներկայութիւնը։ Այդ սկզբունքի հիման վրայ ան առաջնորդը եղաւ կուսակցութեան բոլոր շարքերէ ներս կիներու հաւասար գոյութիւնը ապահովելու համար հնարուած համանախագահի դրութեան։ Այսպէս կուսակցութեան շարքերէ ներս բոլոր պաշտօնները կը գլխաւորուին զոյգ անուններով, որոնցմէ մէկը անպայման պարտի պատկանիլ իքական սեռի։
Արդարեւ կուսակցութեան քաղաքապետի աթոռին համար թեկնածու առաջադրած է հայազգի Քրիստին Սելեքման։