ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ձուկ

Հայկական մամուլի մէջ կարդացի «քաղաքական ձկնորս» արտայայտութիւնը, եւ իսկոյն ուռկանս նետեցի բառարաններու ծովու վրայ, որպէսզի որսամ «ձուկ» բառի արծաթափայլ պատմութիւնը։ Նպատակս էր հասկնալ, թէ հայոց լեզուի լայնահոս գետի մէջ ի՚նչ առատութեամբ աճեր է «ձուկ» բառը, եւ աւարտին զարմանալ, թէ ինչպէս քաղաքականացաւ այս միավանկը, փոխանակ պնակի վրայ մնալու որպէս համեղ ուտելիք։ Համբերեցի քանի մը ժամ, քանի մը օր, ապա հա՜ քաշեցի, հա՜ քաշեցի եւ դուրս հանեցի ուռկանը ջուրէն։ Ինչե՜ր չկային ցանցէն կախուած- բարդ բառեր, աշխատանքային երգեր, սիրուն քառեակներ, մանկական հէքիաթներ, նոյնիսկ Հայր Աստուծոյ խօսքերը… Ահա «ձուկ» բառի ճաշակաւոր պատմութիւնը։


Խնդրեցի ձուկ՝ տուաւ օձ


Հայը իր հազարամեայ «ձուկ» բառը առաջին անգամ թուղթի վրայ տեսաւ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ։ Արարիչն է որ կը խօսէր եւ մարդ արարածին կը յորդորէր. «Իշխեսցեն ձկանց ծովու»։ Սուրբ Գրային մէկ այլ պատմութեան մէջ Աստուծոյ որդին հրամայեց որ ժողովուրդը բազմի խոտերու վրայ։ Ապա Միածինը հրաշք կը կատարեց. «Եւ առեալ զհինգ նկանակն եւ զերկուս ձկունս՝ հայեցաւ յերկինս, օրհնեաց եւ եբեկ, եւ ետ ցաշակերտսն զնկանակսն, եւ աշակերտքն՝ ժողովրդոցն»։ Այդ օր երկու ձուկով կշտացաւ հինգ հազար հոգի։ Հայը խրատ մըն ալ կարդաց Սուրբ Գիրքի մէջ. «Խնդրիցէ ձուկն, միթէ օ՞ձ տայցէ նմա»։


Վանայ «ծիւկ»ը


Հայրենի ամէն գետ, ամէն լիճ ունի իր իւրայատուկ ձուկը, ինչպէս նաեւ զայն որսալու, եփելու եւ ախորժակով վայելելու ձեւը։ Ուստի պէտք չէ զարմանալ, թէ հայկական ամէն գաւառ ունի «ձուկէ բառի տեղական ձեւը։ Այժմ հայկական լեռնաշխարհի ջրառատ բնակավայրերու մէջ պտոյտ մը կատարենք։ Գորիսի եւ Արցախի ճաշարաններու մէջ, յարգելի ընթերցող, ձեզի կը մատուցեն «ծուկնը, կամ՝ ծիւկնը», Թիֆլիսի մէջ Կուր գետի ափին՝ «ձուգը», Համշէնի մէջ Զուղա գետակի վրայ «ծուգ», Մուսա լերան վրայ «ձ’էօգ», Զէյթունի մէջ «ծօգ, կամ՝ ձոգ», իսկ Ախթամարի, Լիմի եւ Կտուցի շուրջ եւ Ոստանի ափերուն՝ «ծիւկ»։ Դուք կ’ուզէ՞ք լսել, թէ Վանայ ձկնորսները առաւօտուն ի՚նչ կ’երգեն, որպէսզի իրենց ուռկանները լի ըլլան բերքով։ Ականջ տանք «Վանայ ձկնորս» կամ «Ձկնորսներու պար» կոչուած պարերգին. «Էրթանք ծովուն քով / Լէ, լէ, լէ, լէ, լէ, հէ՜յ, հո՜պ / Քաշէնք մէկ, քաշէնք երկու, քաշէնք վա՜յ, վայ, / Ուռկանի մէջը լեցուն ձուկը կայ»։


Ձկնորս Քուչակը


1520 թուականին, երբ Վանայ ձկնորսները կը որսային տառեխ, աշուղ Նահապետ Քուչակը կ’որսար՝ սէր։ Օրը մը Քուչակը իր սիրունատես հոգիին նայեցաւ եւ ըսաւ.

Ես ձուկ ու դու ջուր, հոգի՚,

Առանց ջուր ձուկն մեռանի,

Երբ ձուկն ի ջրէն հանեն,

Եւ ի այլ ջուր ձգեն նա ապրի,

Երբ զիս ի քէնէ զատեն

Քան զմեռնելն այլ ճար չի լինի։


Իսկ մէկ այլ օր Քուչակը գրեց ծիծաղաշարժ խրատական մը. «Ով ձուկ ու գինի ունի ու խումար մարդուն խնայէ, / Թող մուկն իւր կարասն ընկնի, կատուն իր ձկնակն աւիրէ»։


«Իմ փերես ձկան փուշ է»


Շնորհակալ ենք հայ աշուղին եւ ձկնորսներուն։ Անոնց շնորհիւ մեր լեզուն դարձաւ աւելի արտայայտիչ։ Մեր մայրենին հարուստ է «ձուկ» բառով շինուած անհամար դարձուածքներով եւ ասոյթներով։ Ես, յարգելի ընթերցող, ձեզի համար ջուրէն հանեցի դոյլի մը մէջ դրի քանի մը հատը. տեսէ՚ք, թէ ինչ որսացի. «Ձուկի պէս», սահելով, ինչպէս՝ «Երբ հոգին նեղնար... ձուկի պէս Պուլիս կ’երթար»։ (Յակոբ Օշական), «Ոսկէ ձկնիկ», բախտաբեր գործօն, միջոց, «Անոյշ ջուրի ձուկ», փափկասուն, նրբիկ, նազուկ մեծցած, «Ծովու ձուկ» (Մուսա լեռ), սահմանափակ մարդ։ Առաւելաբար, հայու զաւակը երբ ամուսնանայ եւ տունէն հեռանայ՝, կամ ինքը հանգստեան կոչուի՝ կը դառնայ «ցամաք նետուած ձուկ», այսինքն՝ անբովանդակ եւ անիմաստ։ Հայերս երբեմն անհնար, անիրականանալի ծրագիրներ կը մշակենք ու կը կը փորձենք «ցամաքի վրայ ձուկ բռնել»։ Մենք կը հաւատանք, թէ «ձուկը գլուխէն կը հոտի», երբեմն ալ կը զգանք, թէ պաշտօնական աթոռէն «հոտած ձուկ դուրս կու գայ»՝ խորքին մէջ կեղտոտութիւններ են կուտակուած։ Իսկ եթէ ձեզի հարցնեն, թէ անիրականալի երազ մը ե՚րբ պիտի կատարուի, դուք հեգնանքով պատասխանեցէ՚ք՝ «Երբ ձուկը ծառը բարձրանայ»։ Վերջապէս երկու արտայայտութիւն մէջբերեմ իմ խոյեցի եւ ուրֆացի ընթերցողներուս համար։ Խոյի մէջ եթէ մէկը բախտաւոր է, կը հաւատան, թէ իր ճակատին վրայ «ձուկի խաչ» դրոշմուած է։ Անոնք կ’ըսեն. «Ծըկան խյաչ ունես է ճակատիտ»։ Իսկ դո՛ւք, մի՛ փորձէք ուրֆացի հայրենակիցի դրամէն օգուտ սպասել, քանզի անոր դրամը անմերձենալի է, իրենց արտայայտութեամբ՝ «Իմ փերես ձկան փուշ է»։


Գրական ձուկեր


Հայկական ժամանակակից գրականութեան աւազանի առաջին ձկնորսներէն մէկ էր Ռափայէլ Պատկանեանը։ Բանաստեղծը «Արաքսի արտասուքը» քերթուածի մէջ սգաւոր Արաքսին հարցուց. «Արա՛քս, ինչո՞ւ ձկանց հետ / Պար չես բռնում մանկական»։ Չէ՞ որ ձուկը ուրախութիւն է, հարստութիւն է, սեղան եւ վայելք է…» Գետը, վշտահար մայր, պատասխանեց. «Քանի որ իմ զաւակունք   / Այսպէս կու մնան պանդուխտ՝ / Ինձ միշտ սգուոր կը տեսնեք. / Այս է անխաբ իմ սուրբ ուխտ»։ Յովհաննէս Թումանեանը, - հաւանաբար իր գիւղի Ծովեր լիճի ափին նստած, - գրի առաւ «Խօսող ձուկը» եւ «Փոքրիկ ձկնորսը» մանկական հէքիաթները։ Պոլսոյ մէջ, Գընալը կղզիի ծովափին նստած Զահրատի աչքերը այլ ձուկեր կը դիտէին։ Յուլիսեան տաք օր մը, երբ մարմինները արեւուն տակ կը տապկին, բանաստեղծի առջեւէն անցաւ կէս դար մը առաջ բոլոր տղաներուն երազները գրաւած քաղաքի երբեմնի գեղեցկուհին, որ այժմ լքուած աւերակ մըն է աւա՜ղ։ Զահրատ սթափեցաւ, յիշեց, թէ բանաստեղծ է ու ծիծաղելով գրեց. «Տիկին Բրածոյ - ինչպէս էք / Ինչպէս ըլլաք - ծովէն ելած ձուկի պէս - / Ծաղարանը նստեր էք / Պաղպաղակ չէ - ձեր մենութիւնը կը լիզէք ծովուն դէմ - / Հին փառքերու ծովէն ելած ու շլմորած ձուկի պէս / Տիկին Բրածոյ - լքուեր էք… / Հիացումի ծովէն ելած ու մոռցուած   ձուկի   պէս / Պարզ բարեւի մը ծարաւով տապլտկող ձուկի պէս / Նստեցէք - / Մնաք բարով Տիկին Բրածոյ - Տիկին Ձուկ»։ Իր բանաստեղծական գրիչը Զահրատի սրամտութեամբ օժտած Նուէր Սիլահլըն 1993 թուականի Յուլիս ամսոյն գրի առաւ խրատական մը եւ բոլորիս թելադրեց նկատել մեր շուրջի գեղեցկութիւնները. «Երբ ջուր խմելու վրայ էր / Ձուկը / Տեսաւ որ / Արդէն իսկ / Շրջապատուած էր / Խոշոր ծաւալով մը ջուրի / Խնդաց իր ապուշութեան / Ու մեղքացաւ / Անցած օրերուն ծարաւի…»։


Լիբանանցի ձուկը


Ձուկը եթէ դնէք մամուլի տակ կամ կ’ունենաք ձկնապուխտ եւ կամ՝ գիրք։ Ես կը նախընտրեմ երկրորդը։ Ուստի այցելեցի Հայաստանի ազգային գրադարանի հաւաքածոն։ Ճաշակի կարգով շարուած էին բազմահազար գիրքեր. խմորեղէններ, քաղցրեղէններ, կաթնեղէններ… ահա գտայ, ձկնեղէններ։ Առաջին երկու հատորը, դեռ թարմ մնացած գեղեցկութիւններ, Վենետիկի կղզեակի մէջ Մխիթարեան հայրերու տպածն էր՝ «Ձկնորսին հիւղը», 1860, «Լճակիս ձկնորսը», 1873։ Ապա լոյս տեսան այլ գիրքեր. «Հայր Սիմոն եւ ձկնորսութիւն», Կ. Պոլիս, 1874, «Ոսկի ձկնիկ», Թիֆլիս, 1884, «Ձկնորսին աղջիկը», Կ. Պոլիս, 1890, «Խօսող ձուկը», Թիֆլիս, 1910, «Ձկնորսն ու կախարդական թասը», Երեւան, 1972, «Բալլադ ձկնորսի մասին», Գեւորգ Էմին, Երեւան, 1970։ Իսկ Միջերկրականի ջերմ արեւուն տակ լոյս տեսեր են լիբանանեան երկու գիրքեր. «Ձուկերուն գաղթը» եւ «Լիբանանցի ձուկը»։ Իսկ յարգելի ընթերցող դուք եթէ կը փափաքիք Հայաստանի բոլոր ձուկերուն ծանօթանալ, կը յանձնարարեմ որ ընթերցէք Մ. Գ. Դադիկեանի 1971 թուականին լոյս տեսած «Հայաստանի ձկները» գիրքը, եթէ դեռ չէ սպառած։


Քաղաքական ձուկը


Յարգելի ընթերցող, «ձուկ» բառը յայտնուեցաւ գրական այլ եւ այլ գործերու մէջ՝ չզարմացանք, երգի բառ դարձաւ՝ չզարմացանք, նոյնիսկ խօսեցաւ ձուկը եւ դեռ չզարմացանք։ Բայց երբ միավանկս յայտնուեցաւ քաղաքական լուրերու մէջ՝ այն ժամանակ շշմեցանք։ Առաջին լուրերը ոստիկանական էին։ Փախումներ տեղի կ’ունենային Նորատուսի մէջ։ Լարուած վիճակ կար։ Թերթ մը իրաւապահ մարմիններու եւ ձկնորսներու «ծովամարտեը նկարագրեց. «Ծովամարտ՝ Սեւանում. Չկայ Նորատուս, չկայ Հայաստան. ձկնորսները բողոքում են ջրային պարեկներից»։ Մէկ այլ թերթ դէպքի լրջութիւնը նկարագրեց. «Լարուած իրաւիճակ Նորատուսում. ձկնորսների բողոքի ակցիան»։ Զգայացունց լուրերը, սակայն, չեկան ծոխափնեայ վայրերէն, այլ՝ մայրաքաղաք Երեւանէն՝ խորհրդարանէն։ Քաղաքագէտ մը յայտարարեց. «Ջուր պղտորողները շատանում են ։ Քաղաքական ձկնորսութեան սեզոնը յայտարարուած է բացուած»։ Անոր հետեւեցաւ վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսը՝ ապօրինի գոյքի վերադարձի գործերու մասին. «Ոչ մի ձուկ, ոչ մի մուկ չի պլստալու, թալանուածը ետ է բերուելու»։


Ձուկի չափ առատ


Քանի հատ ձուկ, այսինքն «ձուկ» արմատով շինուած քանի հատ բառ ունինք։ 100-ի չափ, տպաւորիչ թիւ մը ծով չունեցող երկրիս համար։ Անոնցմէ քանի մը հատը խիստ հետաքրքրական է ու պիտի բաւէ որ բոլորս կշտանանք. ձկնաթան, ձկնապուխտ, ձկնուղի, ձկնկիթ, ձկնկուլ, ձկնակարթ, ձկնակերպ, ձկնամորթ։ Մեր մայրենին ունի նաեւ ձուկի այլազան տեսակներ. օձաձուկ, շնաձուկ, կատուաձուկ, թելաձուկ, ձիաձուկ, կարմրաձուկ, գայլաձուկ, սղոցաձուկ, կողաձուկ, կապտաձուկ։ Ամենաերկար «ձուկ» բառը՝ «ձկնարդիւնագործութիւն»։ Հայկական հնագոյն մատենագրութեան մէջ ապխտած, - կամ՝ բրածոյ դարձած, ինչպէս որ կը նախընտրէք, - կան միջնադարեան ձուկերու գրական պատառիկներ. «Պորտ ձկանն», «Ոչ վիճաբանեմք ձկնորսաբար», «Հինգ նկանակ, եւ երկուս ձկունս», «Ձկնակեր եթէովպիացիս», «Վերակոչէ զաշակերտսն ʼի ձկնորսութենէ՝ զմարդիկ որսալ ʼի կեանս», «Արուեստ ձկնորսութեան», «Մարդկային ձկնորսութիւն»։


Յարգելի ընթերցող, յուսամ ձկնորսութեան յաջող օր մը ունեցանք։ Վանեցի ձկնորսներու երգն ու պարն ալ օգնեց որ մեր ձկնատակառները լեցուին բառերով։ Այժմ ժամանակն է որ հրաժեշտ տանք այս ձկնորսավայրին։ Ես կ’առաջարկեմ, որ երգով ըլլայ մեր հրաժեշտը։ Ականջ տանք «Որդան կարմի»է խումբի «Սիրտս ձուկ» երգին մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը.


Ես ուզում եմ խոցել սիրտս

Ու գլուխս ջախջախել,

Որ չտանջեն երազներս,

Վայրկեաններս չյօշոտեն։

Իմ ձուկ սիրտը,

Իմ ձուկ սիրտն է շնչահեղձ։

Իմ ձուկ սիրտը,

Իմ ձուկ սիրտն է մահամերձ։