Հարցաքննութիւն վեց հոգեւորականներու դէմ

Հայաս­­տա­­­նի քննչա­­կան կո­­միտեն ար­­ձա­­­գան­­գած է Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ խումբ մը հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու բեր­­ման են­­թարկե­­լու մա­­սին լու­­րե­­­րուն։ 

«Ար­­մենփրես»-ի հետ զրոյ­­ցին քննչա­­կան կո­­միտէն պար­­զա­­­բանած է, որ նա­­խաձեռ­­նո­­­ւած քրէական վա­­րոյ­­թի շրջա­­նակ­­նե­­­րուն կը կա­­տարո­­ւին վա­­րու­­թա­­­յին եւ ապա­­ցու­­ցո­­­ղական անհրա­­ժեշտ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւններ։ 

«Իշ­­խա­­­նական կամ ծա­­ռայո­­ղական լիազօ­­րու­­թիւննե­­րը կամ անոնցմով պայ­­մա­­­նաւո­­րուած ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով հա­­ւաք անցկաց­­նե­­­լու կամ անոր մաս­­նակցե­­լու խո­­չըն­­դո­­­տելու կամ հար­­կադրե­­լու, ինչպէս նաեւ հա­­ւաքին մաս­­նակցե­­լու կամ հա­­ւաքին մաս­­նակցե­­լէ հրա­­ժարե­­լու նպա­­տակով նիւ­­թա­­­պէս շա­­հագրգռե­­լու դէպ­­քի առ­­թիւ նա­­խաձեռ­­նո­­­ւած քրէական վա­­րոյ­­թի նա­­խաքննու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րուն կը կա­­տարո­­ւին վա­­րու­­թա­­­յին եւ ապա­­ցու­­ցո­­­ղական անհրա­­ժեշտ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւններ: Լրա­­ցու­­ցիչ հան­­դէս կու գանք յայ­­տա­­­րարու­­թեամբ»,- ըսո­­ւած է Քննչա­­կան կո­­միտէի պար­­զա­­­բան­­ման մէջ:

Աւե­­լի վաղ փաս­­տա­­­բան Արա Զոհ­­րա­­­պեանը յայտնած էր 6 հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու բեր­­ման են­­թարկե­­լու մա­­սին։ 

Ըստ Զոհ­­րա­­­պեանի տա­­րածած տե­­ղեկատ­­ւութեան՝ բեր­­ման են­­թարկո­­ւած են Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ Արա­­գածոտ­­նի թե­­մի առաջ­­նորդ Մկրտիչ եպիս­­կո­­­պոս Պռո­­շեանը, նոյն թե­­մի եւս 5 հո­­գեւո­­րական­­ներ՝ Տէր Փա­­ռեն, Տէր Մա­­նուկ, Տէր Հայկ, Տէր Ղե­­ւոնդ, Տէր Մկրտիչ քա­­հանա­­ները։ 

Ըստ փաս­­տա­­­բանի՝ բեր­­ման են­­թարկուած են նաեւ Արա­­գածոտ­­նի թե­­մի աշ­­խարհիկ աշ­­խա­­­տակից­­ներ։ 

Աւե­­լի վաղ նաեւ Մայր Աթո­­ռի տե­­ղեկա­­տուա­­կան հա­­մակար­­գէն հաս­­տա­­­տած էին Արա­­գածոտ­­նի թե­­մի խումբ մը հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու ձեր­­բա­­­կալու­­թիւննե­­րը՝ յա­­ւելե­­լով, որ իրա­­ւապահ­­նե­­­րը խու­­զարկու­­թիւն իրա­­կանա­­ցու­­ցած են Արա­­գածոտ­­նի թե­­մի առաջ­­նորդ Մկրտիչ եպիս­­կո­­­պոս Պռո­­շեանի տու­­նը։ Յի­­շեց­­նենք, որ Արա­­գածոտ­­նի թե­­մի առաջ­­նորդ Մկրտիչ եպիս­­կո­­­պոս Պռո­­շեանը Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոս Գա­­րեգին Բ-ի քրոջ որ­­դին է։ 

Հա­­յաս­­տա­­­նի մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպանի աշ­­խա­­­տակազ­­մի արագ ար­­ձա­­­գանգման խումբը մեկ­­նած է Քննչա­­կան կո­­միտէ՝ ազա­­տու­­թե­­­նէն զրկո­­ւած հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու իրա­­ւունքնե­­րու ապա­­հով­­ման վի­­ճակին եւ ազա­­տու­­թե­­­նէ զրկե­­լու հիմ­­քե­­­րուն տե­­ղին ծա­­նօթա­­նալու նպա­­տակով։

«Ար­­մենփրես»-ի փո­­խանցու­­մով այս մա­­սին կը յայտնեն ՄԻՊ գրա­­սեն­­յա­­­կէն:

«Հա­­յաս­­տա­­­նի մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպա­­նի աշ­­խա­­­տակազ­­մը Հոկ­­տեմբեր 15-ին զան­­գո­­­ւածա­­յին լրատ­­ւութեան մի­­ջոց­­նե­­­րու եւ սո­­ցիալա­­կան մե­­տիայի մշտա­­դիտարկման ար­­դիւնքին տե­­ղեկու­­թիւն ստա­­ցած է Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ խումբ մը հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու բեր­­ման են­­թարկման վե­­րաբե­­րեալ:

Սաղ­­մո­­­սավան­­քի հո­­գեւոր հո­­վիւ Տէր Փա­­ռեն քա­­հանայ Առա­­քելեանը, որ բեր­­ման են­­թարկո­­ւած էր ՀՀ քննչա­­կան կո­­միտէի քննո­­ւող քրէական վա­­րոյ­­թի շրջա­­նակ­­նե­­­րով, ազատ ար­­ձա­­­կուած է։

Քննչա­­կան կո­­միտէի շէն­­քէն դուրս գա­­լէ ետք ան կարճ հար­­ցազրոյց տո­ւած է «Ազա­­տու­­թիւն» ռա­­տիօկա­­յանին՝ նշե­­լով, որ իր մաս­­նակցու­­թեամբ որե­­ւէ քննչա­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն չէ իրա­­կանա­­ցուած։ 

Ան նշած է, որ իրեն բաց թո­­ղած են եւ տուն եր­­թալու է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ