Խաչիկ Էօզտեմիրի փոխարէն պաշտօնի հրաւիրուեցաւ առաջին կարգի պահեստի անդամ Լիանա Պենլի։
Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ կ՚արծարծուէր՝ Սամաթիոյ թաղական խորհուրդի անդամներէն Խաչիկ Էօզտեմիրի վերագրուած զեղծարարութեան պնդումներ։ Այդ պնդումներու հետեւանքով վարչակազմին մէջ փոփոխութիւն կատարուեցաւ։
Հրաժարեալ Խաչիկ Էօզտեմիրի փոխարէն պաշտօնի հրաւիրուեցաւ առաջին կարգի պահեստի անդամ Լիանա Պենլի։
Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը 27 Նոյեմբեր Հինգշաբթի օր կատարած յայտարարութիւնով տեղեկացուց կատարուած պաշտօնափոխութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ թէ սոյն զեղծարարութիւնը վնաս մը չէ պատճառած եկեղեցւոյ սնտուկին։
«Մեր թաղականութիւնը թափանցիկութեան եւ հաշուետւութեան սկզբունքին ամբողջական հաւատարմութեամբ իր գործունէութիւնը բնական հունին մէջ կը շարունակէ» ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

