ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Երգիծանքի անկումը

Երգիծաբանութիւնը գրականութեան ամենահիւթեղ ճիւղերէն է։ Անոր ագուցուած է ծաղրանկարչութիւնը։ Այս ածականը այնքան ալ կապ չունի ծաղրանքի հետ, քանի որ ան իրականութեան մէջ հակասութիւնները նշմարելու եւ լաւագոյն կերպով նկարագրելու արուեստն է։

Երգիծանքը կը բխի ընկերային կեանքի զանազան դրսեւորումներէն։ Ներկայ ժամանակները անսպառ պաշար կը ներկայացնեն երգիծաբաններուն եւ ծաղրանկարիչներուն։ Ափսոս որ այդ պաշարը արժանի կերպով օգտագործողները պարտին յանձն առնել բանտարկութեան պատիժը։

Այս պահուն կը յիշեմ մեր երկրէ ներս Տեմիրելներու, Էօզալներու վարչապետութեան շրջանները, ուր կը հրատարակուէր աշխարհի մեծագոյն տպաքանակի հասնող քանի մը պարբերականէն մէկը՝ «Կըրկըր»ը։

Ան ռուսերէն «Քրոքոտիլ»էն եւ անգլերէն «Փանչ»էն ետք ամենամեծ տպաքանակի արժանացող երրորդ պարբերականն էր աշխարհի վրայ։ Անոր լոյս տեսած ուրբաթ օրերը հանրաշարժի, նաւու կամ շոգեկառքի մէջ կը հանդիպէիր դէմքին լայն ժպիտ մը տեղադրած մարդկանց։ Նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք չէին կրնար զսպել իրենց քրքիջը կարդացած գրութեան կամ դիտած ծաղրանկարի դիմաց։

Նոյնիսկ «Կըրկըր» սղաճի հետեւանքով յաճախ բարձրացած վաճառքի գումարը կը նկարագրէր Էօզալի դիմանկարով, ամէն մէկ նկարը մէկ զէրոյի փոխարինելով։

Եղան ժամանակներ, ուր երկիրը կը տքնէր զինուորական բռնապետութեան տակ, երգիծանքը կը շարունակէր իր հսկայ արտադրութիւնը։

Հոգ չէ թէ երգիծանքը հեռացաւ մեր առօրեայէն։ Սովորական լուրերը ստանձնեցին այդ պարտականութիւնը։ Սակայն այստեղ տարբերութիւն մը կայ։ Այժմու երգիծանքը ոչ թէ քոմիք է, այլ դրաժիքոմիք։ Այս երգիծանքին մէջ ողբերգութիւն մը թաքնուած է։ Ո՜չ, ո՜չ, թաքնուած ալ չէ, բացայայտօրէն երեւելի ողբերգութիւն մը։

Ես իմ հաշւոյս ըսեմ, երբ առաջին անգամ լսեցի Թրամբի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի յաւակնութեան մասին ակամայ քրքջացի։ Մեծ մեծ մարդիկ, որոնք յաւակնութիւն ունին երկիր ղեկավարելու, ամենայն հեշտութեամբ նման առաջարկ ներկայացուցին։ Կարծես թէ անցալին մենք, հասարակ մարդիկ կը ծիծաղէինք երկիրը ղեկավարողներու յիմար առաջարկներուն, հիմա իրենք է որ ամենայն անհեթեթութեամբ կը ծիծաղեն մեր միամտութեան վրայ։

Կ՚արժէ իշխանափոխութիւնը փրկութիւն համարել լոկ երգիծանքի ազատութիւնը ապահովելու համար իսկ։