ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Հապա ի՞նչ կը կշռէ ազգի արժանապատուութիւնը

Վար­չա­պետ Փա­շինեանի վար­չա­կան շրջա­նի մե­ծագոյն թե­րացու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 8 Օգոս­տոս 2025-ին Ուա­շինկթնի Սպի­տակ Տան գրա­սենեակին մէջ։ Այդ օր վար­չա­պետ Փա­շինեան տե­ղի տո­ւաւ Հա­յաս­տա­նի դէմ գոր­ծադրո­ւող յա­րատեւ ճնշու­մի դի­մաց։

Ձե­ւակա­նօրէն որ­քան ալ մեղ­մա­ցուի, հա­կահայ դա­շին­քը յա­ջողե­ցաւ նո­ւաճել Հա­յոց Հան­րա­պետու­թեան ինքնիշ­խան տա­րած­քի 32 Քմ, եր­կա­րու­թեամբ ճա­նապար­հա­յին հա­տուա­ծը։ Իսկ ար­դեօք ազ­գի խոր­տա­կուած ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը ստու­գե­լու չա­փանիշ մը կա՞յ։

Շա­տեր կրնան ան­տե­սած կամ մոռ­ցած ըլ­լալ, Զան­գե­զու­րի Մի­ջանցք խօ­սոյ­թը առա­ջին ան­գամ ար­տա­սանուած էր Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման ան­մի­ջապէս յա­ջոր­դող ժա­մանակ­նե­րուն։

Թուրքիոյ այդ տա­րինե­րու վար­չա­պետ Պիւ­լենտ Էճե­վիթն էր՝ որ առա­ջին ան­գամ խօ­սեցաւ այդ տա­րած­քով Հա­յաս­տա­նի հսկո­ղու­թե­նէ ձեր­բա­զատուած ճա­նապար­հի մը մա­սին։ Այ­սօր որ­քան ալ Թուրքիան զերծ մնա­ցած ըլ­լայ ներ­կայ հա­մաձայ­նութե­նէն, Թրամփ ար­դէն կա­մաւոր կեր­պով ստանձնած է թրքա­կան շա­հերը հե­տապնդե­լու առա­քելու­թիւնը։

Նման հա­մաձայ­նութիւն մը եթէ Թրամ­փի բա­ցակա­յու­թեամբ յայ­տա­րարո­ւէր կրնանք են­թադրել ընդդի­մադիր շար­քե­րու աղմկա­լի հա­կազ­դե­ցու­թիւնը։ Բայց հի­մա որ ամէն ինչ կը կա­յանայ Թրամ­փի ծրագ­րա­ւորու­մով, քար լռու­թեան մատ­նո­ւած են թէ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ սփիւռքի ընդդի­մադիր շրջա­նակ­նե­րը։

Եթէ հա­մաձայ­նութիւ­նը նմանցնենք կշիռ­քի մը, անոր թրքա­կան շա­հերով ծան­րա­բեռ­նո­ւած նժա­րը բա­ւակա­նին ծանր կը կշռէ։ Այդ նժա­րին մէջ միաձու­լո­ւած են ԱՄՆ-ի, Իս­րա­յէլի, Եւ­րո­միու­թեան, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի եր­կա­րաժամ­կէտ շա­հերը։

Հան­դի­պակած նժա­րին վրայ Հա­յաս­տան, Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը, Իրան եւ աշ­խարհի բո­լոր տու­ժած ժո­ղովուրդնե­րը ան­գամ մը եւս ձեռ­նունայն մնա­ցած են։

Այս պարզ տես­լա­կանը իսկ կ՚ապա­ցու­ցէ թէ խնդի­րը Հա­յաս­տան-Ատրպէյ­ճան հա­կամար­տութե­նէ շատ աւե­լի խոր են­թա­պատ­կեր մը ու­նի։ Ռու­սաստան ալ աւե­լի հե­ռացած է իր բնա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի հա­մարած Հա­րաւա­յին Կով­կա­սէն։ Փո­խարէ­նը ԱՄՆ ռազ­մա­վարա­կան մեծ նո­ւաճում մը ար­ձա­նագ­րած է յատ­կա­պէս Իրա­նի վրայ։

Թուրքիա որ Հա­յաս­տա­նի դէմ շրջա­փակում գոր­ծող եր­կիր իբ­րեւ, ընդմիշտ խօ­սած է ապաշրջա­փակ­ման մա­սին, տես­նենք թէ տա­կաւին նոր ի՞նչ պա­հանջներ պի­տի պար­տադրէ իր կող­մէ փա­կուած ցա­մաքա­յին սահ­մա­նը բա­նալու հա­մար։

Միամ­տութեան կա­րիք չկայ։ Հա­կառա­կոր­դը վճռած է մե­կու­սացնել Հա­յաս­տա­նը եւ վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րով կը տես­նենք թէ այդ որո­շու­մը կեան­քի կո­չելու հա­մար բա­ւակա­նաչափ գոր­ծընկեր­ներ ալ ու­նի։

Նման պայ­մաննե­րու մէջ մե­զի կը մնայ միայն մէկ ճար, որ է լաւ ու­սումնա­սիրել հա­մաշ­խարհա­յին ըն­թացքը եւ ռազ­մա­վարու­թիւններ մշա­կել չա­րագործնե­րու դա­շին­քի հա­շիւ­նե­րը ի սպառ հա­նելու համար։