Իսկապէս ահռելի է եւ զգլխեցուցիչ ժամանակի հոսքը։ Օրուայ պարագային ժամերն են որ արագ կը հոսին իսկ աւելի երկար տեւողութեան մէջ տարիները, ամիսները, շաբաթները եւ նոյնիսկ օրերը։
Հազիւ թէ կը սկսիս ծախսել նոր ստացած աշխատավարձքդ, չես անդրադառնար որ ե՞րբ հասած ես այդ ամսու աւարտին։ Իւրաքանչիւր ամսի աւարտը կը նշանակէ նոր տան վարձք մը, ելեկտրականութեան, համացանցի, ջուրի եւ կազի նոր պարտքեր։
Յետոյ աչքէ կ՚անցնես եկող ամսուան համար ստացած հրաւէրներդ։ Իւրաքանչիւր հրաւէր իր հետ կը բերէ նուէրներու պարտադրանք մըն ալ։ Չես կրնար պարապ ձեռքով մասնակցիլ պսակադրութեան կամ մկրտութեան ծիսակատարութեան մը։ Նոյնիսկ հաշուի առնելու ես ընկերային այցելութիւնները։ Ատատ կայ մեր այս կողմերը, ամէն ինչ իր պատշաճութեան կանոնները ունի։
Այս բոլորէն բացի կայ ուրիշ հանգամանք մը եւս։ Աշխատանքային այցելութիւններն է ան։ Համեմատաբար աւելի նուազ ծախսով դուրս կու գաս այդ այցելութիւններէն։ Երթեւեկութեան եւ կեցութեան ծախսերը արդէն դիմագրաւուած են հրաւիրողի կողմէ։ Քեզի կը մնայ ճամբորդութեան հետզհետէ աւելի դժուար տանելի յոգնութիւնը։ Եթէ մօտ է երթալիք քաղաքդ, կը նախընտրես ցամաքային ճամբան փոխանակ թռիչքի։ Իսկ եթէ ստիպուած ես օդային ճամբով երթալ, այս անգամ ալ կը նախընտրես աւելի փոքրածաւալ օդակայան մը, որ համեմատաբար շատ աւելի գործածական է փոխանակ անիմաստօրէն մեծագոյնին։
Վերջերս փորձեցինք ու փորձուեցանք բոլորին հետ ալ։ Յուլիսի կէսերուն էր, երբ Անտիյոքի ալեւիադաւան արաբները մեզ հրաւիրեցին կանխայուլիսեան փառատօնին, մայրենի լեզու նիւթով զեկուցելու համար։ Քառօրեայ արձակուրդ մըն էր նաեւ, որ առիթ ստեղծեց վաղեմի ընկերներու հետ հանդիպելու։
Երկրորդ ծրագիրը ունէր բոլորովին ընտանեկան բնոյթ։ Չորս տարի ետք առաջին անգամ պիտի հանդիպէինք մեր սանիկներուն կամ աւելի ճիշդ կոչումով՝ հարազատներուն հետ։ Տրուած ըլլալով թէ Հոլանտա ճամբորդելու համար անհրաժեշտ է դժուար հասանելի շենկենեան վիզայի մը ապահովումը, որոշեցինք շատ աւելի ազատ երկիր մը հանդիսացող Ալպանիոյ մէջ մէկտեղուիլ։ Դարձեալ արձակուրդի չորս օրեր էին, ուր հանգեցուցինք մեր կարօտը եւ տուն վերադարձանք մեծ գոհունակութեամբ։
Ահա շուտով կը հասնի Սեպտեմբեր ամիսը եւ մենք այդ ամսու առաջին շաբաթը կ՚ուղղուինք դէպի հեռաւոր Պրազիլ, մասնակցելու համար լրագրողներու միջազգային ժողովի մը։
Այս անգամ հրաւէրը եկած է Պրազիլական հասարակական կազմակերպութենէ մը, ուր մեզ կը հրաւիրեն «Պատմութիւն եւ մամուլ» նիւթով արտայայտուելու։ Այսպէսով մենք առիթ կ՚ունենանք 1794-էն, այսինքն հայերէն առաջին պարբերականի հրատարակութենէն մինչեւ մեր օրերը հասնող պատմութեան մը մասին զեկուցելու։
Ետդարձին արդէն վերամուտ է եւ դպրոցները մեկնարկած են ուսման նոր տարեշրջանը իր հոգերով։
Իսկապէս արագասլաց է ժամանակի երթը, որուն մէջ կ՚անցնենք կեանքի կարեւոր մէկ հատուածը։
Հոգ չէ թէ անհաւատ ըլլանք, միամտօրէն պիտի ըսենք՝ «Աստուած մեզ հետ»։