Վերամուտի օրեր են։ Ամէն տարի կրկնուող հոգերը պիտի կրկնուին յառաջիկայ օրերու ընթացքին։ Պիտի իմանանք հայ համայնքի վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր քանակը։ Այս տուեալը ամէն տարի քիչ մը աւելի նուազելով գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը կը դառնայ մեր համայնքային օրակարգի վրայ։
Միւս կողմէ երկրորդական վարժարանները սոցցանցերու վրայ սկսած են հրապարակել համալսարանի մտից քննութեան անուանացանկերը։
Ցաւալի է տեսնել թէ մեր նախակրթարանները երկար տարիներէ ի վեր կը հպարտանան օտար վարժարաններ ուղարկած իրենց սաներով։
Նոյնպէս երկրորդական վարժարաններ ալ իրենց յաջողութիւնը կը նկարագրեն համալսարանի մտից քննութեան յաջողութիւններով։ Թէ՛ դպրոցներու վարիչները եւ թէ ծնողներ դոյզն իսկ ուշադրութիւն չեն դարձներ այդ վարժարանի մատուցած դաստիարակութեան։ Մինչդեռ հայ վարժարանի առաքելութիւնը ճիշդ հոն է որ կը յայտնուի։
Անցեալին այդ էր որ իմաստ կը ներկայացնէր։ Այժմ ոչ կրթական մշակին եւ ոչ ալ ծնողներուն հոգն է այդ։
Անոնք հայ վարժարանը վերածեցին յատուկ վարժարաններու կամ համալսարանի մտից քննութեան համար դասընթացքներու։
Այս երեւոյթը կը բացատրուի միայն ու միայն գիտակցութեան բացակայութիւնով։ Եթէ դպրոցը վերածենք յատուկ դասընթացքի, ուրացած կ՚ըլլանք նաեւ անոր հիմնական առաքելութիւնը։ Այդ պահուն իսկոյն հարցականի տակ կը դրուի նաեւ դպրոցի գոյութիւնը։ Ամէն ինչ շահի ու վնասի յարաբերութիւնով դատող շուկայական մտածելակերպը՝ նոյնիսկ կը հանդգնի հսկայ ծախսերը հնայելու համար դպրոց փակելու կործանիչ գաղափարին։
Խոստովանինք թէ առաջին անգամ չենք խօսիր դպրոց փակելու մասին։ Անցեալին ունեցած ենք մանկավարժներու նախաձեռնութիւն ըլլլալով յայտնուած բազմաթիւ յատուկ դպրոցներ, որոնք այսօր գոյութիւն չունին։
Այդ մէկը հասկնալի է անձնական նախաձեռնութեան սահմանումին մէջ։
Նախ եւ առաջ մանկավարժը միշտ չէ որ պիտի ունենայ իրեն յաջորդող գահաժառանգ։ Այդ պարագային տակ իր անհատական նախաձեռնութեան տեւողութիւնն ալ սահմանուած է հիմնադիրի կեանքին հետ։
Այսօր մեր բոլոր դպրոցները ըլլան ազգային կամ թաղական վարժարաններ, համայնապատկան կառոյցներ են։ Հետեւաբար անոնց յարատեւութիւնը պատասխանատուութիւն մըն է նաեւ այսօրուայ վարչայիններու ուսերուն։ Ո՞վ կրնայ յանձն առնել իր անունը կամ անուան յիշատակը մրոտելով վերջ դնել իրեն վստահուած աւանդին։ Եթէ կայ ամօթ կոչուած զգացում մը, այս հարցադրումը շատ երկար մտմտալու պատճառ մըն է։
Բնականաբար բարձր է մեր վարժարաններէն ակնկալուածները։ Վերջապէս սերունդներ կը յանձնենք այդ հաստատութիւններուն եւ անոնցմէ կը պահանջենք բարձրագոյն մակարդակի ուսում։
Ցաւով կը տեսնենք թէ մեր վարժարաններու վարչայիններէն շատերու համար շատ աւելի համեստ է այդ ակնկալութիւնը։ Անոնք որոնք իրենց ծաւալները ուղարկած են օտար վարժարաններ, բայց իրենք բազմած խնամակալի, թաղականի, հիմնադիրի, տնօրէն կամ ուսուցիչի աթոռներուն, ուս թոթուելով կրնան արտասանել հետեւեալ խօսքերը. «Ի՞նչ կը սպասէք որ, այստեղ վերջապէս համայնքային վարժարան մըն է»։ Սա վարիչի դիրքին ներկայացող մէկու մը համար ամենաամօթալի մերձեցումն է։ Ապերախտ գտնուիլ իրեն վստահուած հաստատութեան հանդէպ։
Դպրոցական տարեմուտին յայտնի է որ տակաւին երկար ժամանակ պիտի հարկադրուինք աս մտայնութեան դէմ պայքարելու։