ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Պարիսպ

Ն. Փա­շինեանը յայ­տա­րարած էր. «Սահ­մա­նին դե­մար­կա­ցիա (սահ­մա­նազա­տում) պէտք չի» ասե­լը նոյն ա, թէ միջ­նա­դարում ասէին՝ ամ­րո­ցին պա­րիսպ պէտք չի»։ Իսկ վեր­ջերս վար­չա­պետը Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նամերձ Կի­րանց գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րուն տո­ւաւ երաշ­խա­ւորու­թիւն. «Մենք ու­զում ենք շփման գի­ծը փո­խարի­նել սահ­մա­նով, այն իրա­ւական պա­րիսպ կը կա­ռու­ցի»։ Ապա մտա­ծեցի, թէ ի՛նչ է մե­րօրեայ քա­ղաք­նե­րու եւ եր­կիրնե­րու պա­րիս­պը։ Հա­մաձայ­նութիւննե՞ր, դաշ­նակցու­թիւննե՞ր, բա­նակ­ցութիւննե՞ր… Որո­շեցի մէկ օրո­ւայ հա­մար դառ­նալ «պարսպա­հատ», այ­սինքն պա­րիսպնե­րը փո­րող զի­նուոր, (կամ տա­ճար­նե­րու պա­տերը ծա­կող գող, աւա­զակ), եւ գետ­նա­փոր փա­պու­ղի մը բա­նալ՝ պա­րիսպ բա­ռի խա­րիսխնե­րուն իջ­նե­լու նպա­տակով։ Ուստի, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձեզ կը հրա­ւիրեմ ձեր գլու­խին վրայ հե­ռալոյս մը կա­պել, իջ­նել հայ­կա­կան «պա­րիսպ» բա­ռի խո­րագոյն քա­րերուն, ապա բարձրա­նալ անոր գա­գաթը, ուր դրօ­շակ մը կը ծա­ծանի յա­ճախ, ու վա­յելել «պա­րիսպ» բա­ռի ըն­ծա­յած հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

Առա­ջին պա­րիս­պը

Հայկ նա­հապետն է մեր առա­ջին պա­րիս­պի հիմ­նա­դիրը։ Ան Վա­նայ լի­ճի հա­րաւ արե­ւելեան ան­կիւնը շի­նեց իր առա­ջին բնա­կավայ­րը՝ Հայ­կա­շէնը ու զայն անա­ռիկ դար­ձուց Հայ­կա­բեր­դի պա­րիսպնե­րով։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, գե­ղեցիկ է հա­ւատալ, թէ այդ լայ­նա­լանջ մար­դը հաս­տա­բազուկ, ի՛նք դրաւ այդ պա­րիս­պի առա­ջին քա­րերը։ Իսկ «պա­րիսպ» բա­ռը, այնքան ալ հայ­կա­կան չէ։ Ան իրա­նական փո­խառու­թիւն է. «Պա­րիսպ» բա­ռը մի­ջին պարսկե­րէն «պատ» կը նշա­նակէ։ Ար­մա­տը «պա­րի» է՝ շուրջ, շրջա­պատել։ Այդ օտա­րակա­նը, հա­զիւ եր­կու վանկ՝ քար առ քառ, բառ առ բառ, հա­սաւ գրա­կան նա­խան­ձե­լի բար­ձունքնե­րու:

Հայ­կա­զու­նեան պա­րիսպներ

Հա­յը հիացու­մով գրի առաւ իր միջ­նա­դարեան բնա­կավայ­րե­րու ամուր պա­րիսպնե­րը։ Անոնք նկա­րագ­րե­ցին նիւ­թա­կան պա­րիպը։ Երո­ւանդ Լա­լայեանը մե­զի նկա­րագ­րեց Շու­շիի մօտ՝ մե­լիքա­նիստ Աւե­տարա­նոց գիւ­ղի պա­րիսպնե­րը. «Գիւ­ղը գտնւում է Շու­շուց դէ­պի արե­ւելա­հարաւ, Կու­սա­նաց անա­պատի արեւմտեան կող­մից ձգւում է մի հաստ պա­րիսպ, որ շրջա­պատե­լիս է եղել ամ­բողջ գիւ­ղը»։ Տա­ղասաց Արիս­տա­կէս Խար­բերդցին պատ­մեց Եդե­սիա քա­ղաքի պա­րիսպնե­րը. «Աս­տո­ւածա­ծին բարձր եւ բո­լոր, / Եդե­սիոյ պա­րիսպ ամուր»։ Ներ­սէս Շնոր­հա­լին «Ողբ Եդե­սիոյ» գոր­ծի մէջ հիացու­մով խօ­սեցաւ այդ բար­դամ քա­ղաքի պա­րիսպնե­րու մա­սին. «Շուրջա­նակի պա­րառա­ւոր պա­րիսպ ածեալ լայն եւ ամուր»։ Ճա­նապար­հորդ Սի­մէոն Լե­հացին երբ հա­սաւ Կե­սարիան՝ գրի առաւ իր տպա­ւորու­թիւնը. «Բա­զում գե­ղօրէիւք եւ լե­րամբք հա­սաք ի Կե­սարիա մայ­րա­քաղաքն, որ ու­նի եր­կու պա­րիսպ, ներ­սի եւ դրսի»։ Իսկ պատ­միչ Ասո­ղիկը մե­զի աւան­դեց, թէ ինչպէս Աշո­տի որ­դի Սմբա­տը կա­ռու­ցեց եւ ըն­թարձա­կեց Անի քա­ղաքա­մօր պա­րիսպնե­րը. «Վասն թա­գաւո­րելոյն Սմբա­տայ՝ որդւոյ Աշո­տոյ, եւ շի­նելոյ զպա­րիսպն Ան­ւոյ հան­դերձ եկե­ղեցեաւն։ Սա լիր ար­կեալ՝ պարսպա­փակ առ­նէ զպա­րիսպն Ան­ւոյ, յԱ­խու­րեան գե­տոյ մին­չեւ ցձորն Ծաղ­կո­ցաց, … Բարձրա­բերձ պարսպեալ բա­ցագոյն քան զհին պա­րիսպն յըն­դարձա­կու­թիւն քա­ղաքին, եւ մայ­րա­գերան դրամբք՝ եր­կա­թագամ հաս­տա­հեղոյս բե­ւեռա­պինդ ամ­րա­ցու­ցեալ»։

Բա­ռաշէն պա­րիսպներ

5-րդ դա­րուն մեր թարգմա­նիչ­նե­րը շա­րեցին Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան պա­րիսպնե­րու առա­ջին քա­րերը։ Այժմ, այդ հաս­տա­փոր եւ հաս­տա­բուն մա­տեան­նե­րու փա­պու­ղի­ներու, ոլո­րան­նե­րու եւ վի­հերու մէջ պտոյտ մը կա­տարենք։ Նախ պի­տի յայտնո­ւի Սուրբ Գիր­քը իր 239 «պա­րիսպ»նե­րով։ Ապա պի­տի տես­նենք ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւններ, որոնց ամ­բողջու­թիւնը բարձր աշ­տա­րակի մը կը նմա­նի. «Բարձրա­բերձ պա­րիսպքն հար­թե­ցան», Ագա­թան­գե­ղոս, «Կոր­ծա­նէին զպա­րիսպ», Փաւստոս Բիւ­զանդ, «Դո՛ւք էիք մեր ամուր պա­րիսպ ապաս­տա­նի», Եղի­շէ պատ­միչ, «Սառ­նա­շէն պա­րիսպն եգիպ­տա­կան Կար­միր ծո­վուն», Ղա­զար Փար­պե­ցի, «Բեր­դիցն պարսպաց կա­խել զկա­նայ, … Փա­կեցէք ընդ պարսպօքդ Տիգ­րա­նակեր­տի», Մով­սէս Խո­րենա­ցի, «Եր­կա­թեղէն պարսպ, … Խրա­մատեալ պա­րիսպ, … Անա­ռիկ պարսպ», Ղե­ւոնդ Երէց», «Ան­պարտե­լի պա­րիսպ», Դրաս­խա­նակերտցի, «Մանգղիոնս եդեալ, սկսան փլու­զա­նել զպա­րիսպ ամ­րո­ցին», Լաս­տի­վեր­ցի, «Պա­րիսպ ան­դա­ման­դեայ, … Քա­ղաք ամուր իբ­րեւ զպա­րիսպ պղնձի», Թով­մա Արծրու­նի։

Պա­րիսպ ան­նիւթա­կան

Հա­յը շի­նեց ան­նիւթա­կան պա­րիսպներ, որ­պէսզի իր հո­գեւոր գան­ձե­րը մնան ան­կո­ղոպ­տե­լի։ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հայ­րա­պետի հա­մար այդ պա­րիս­պը հայ­կա­կան եկե­ղեցին էր. «Պա­րիսպ քո շի­նեալ աշ­տա­րակ ոս­կե­ղէնս»։ Լաս­տի­վեր­ցին մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ աս­տո­ւածապշտու­թիւնն է հա­յու պա­րիս­պը. «Պա­րիսպ ըն­տիր՝ գործք աս­տո­ւապաշ­տութեան»։ Վար­դան Այ­գեկցին «Ար­մատ հա­ւատոյ» գիր­քի մէջ մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ ուղղա­փառ եկե­ղեցին է պա­րիպը. «Պա­րիսպ եկե­ղեցոյ ուղղա­փառաց ազ­գաց ազգս, որով հեր­քեալ հա­լածին ամե­նայն հեր­ձո­ւածողք եւ պա­պան­ձեսցին շա­տաբան եւ ան­դուռն բե­րանք»։ Օր մըն ալ բառս դար­ձաւ Խաչ­վերացի Ողոր­մեա շա-րականը. «Պարսպեալ պահեա զուխտս հա­ւատացելոց»։

Հրե­ղէն պա­րիսպներ

Նկա­տեցի, թէ Արա­րատեան հայ­րա­պետա­կան դե­մը պար­բե­րաբար հո­գեւոր պատ­գամներ կը հրա­պարա­կէ իր կայ­քէ­ջերու վրայ։ Անոնց նպա­տակն է, ըստ երե­ւոյ­թին, հա­յուն հո­գեւոր տո­կու­նութիւն տալ։ Ամ­փո­փեցի երեք գրա­ռում, որոնք պա­րիս­պի երե­ւոյթ ու­նէին. «Աղօթքն ամ­րութեան պա­րիսպ է»։ Երկրոր­դը պահ­քի մա­սին էր. «Մեծ Պահ­քը հայ եկե­ղեց­ւոյ հայ­րա­պետ­նե­րուն կող­մէ բնո­րոշո­ւած է իբ­րեւ «պա­րիսպ հզօր»։ Իսկ վեր­ջի­նը կը փա­ռաբա­նէր հրե­ղէն եր­կու պա­րիսպներ. «Հայ­րա­տունկ այ­գու հրե­ղէն պա­րիսպներ / Եւ բարձր աշ­տա­րակ­ներ, / Ոս­կե­ղէն բա­ժակ­ներ եւ ժիր մատ­ռո­ւակ­ներ, / Հա­յաս­տա­նի հո­գեւոր Հայ­րեր՝ / Բար­դուղի­մէոս և Թա­դէոս»։

Պա­րիս­պը մար­դա­ցաւ

Երզնկա­ցի հայ­րե­նասէր, բա­րեպաշտ եւ բա­րերար հայ առեւտրա­կան տիար Ախի­ճանը երբ Սեւ Ծո­վու վրայ մա­հացաւ՝ տա­ղասաց Ստե­փանոս Թո­խաթ­ցին ողբ մը գրեց անոր յի­շատա­կին։ Այդ օր «պա­րիսպ» բա­ռը մար­դա­ցաւ. «Թագ եւ պար­ծանք մե­րում գլխի / Բերդ եւ պա­րիսպ էիր մե­զի»։ Իսկ 19րդ դա­րու վեր­ջե­րուն, երբ հա­յը ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նա­խաշէ­մին վրայ կը գտնո­ւէր, Պետ­րոս Դու­րեանի «Սեւ հո­ղեր կամ յե­տին գի­շեր Արա­րատեան» թա­տերա­խաղի Նա­զենի­կը ու­զեց իր կուրծքը ընել պա­րիսպ. «Հայ­րե­նիք իր գրկա­ցը մէջ ծնաւ եւ սնոյց մեզ. մեր կուրծքերն անոր պա­րիսպ պի­տի ըլ­լան»։ Իսկ հայ­րե­նի բա­նաս­տեղծ Հրանդ Մատ­թէոսեանը քա­ղաքական խրատ մը տո­ւաւ մե­զի. «Հա­րեւան։ միշտ, ամէն լու­սա­բացի եւ Աստծոյ ամէն մայ­րա­մու­տի հետ, փոր­ձե­լու է պա­րիսպնե­րիդ ամ­րութիւ­նը։ Պա­րիսպդ եթէ ամուր եղաւ ու շներդ զար­թուն, նա քեզ հա­րեւան է մնա­լու, ո'չ չար, ո'չ բա­րի, հա­րեւան»։

Հիւ­սի­սային պա­րիս­պը

Հա­յոց հրա­պարա­կախօս Ստե­փանոս Նա­զարեանց Մոս­կո­ւայի մէջ 1858 թո­ւակա­նին սկսաւ «Հիւ­սի­սափայլ» հան­դէ­սը հրա­տարա­կել։ Նա­զարեան­ցին նշա­նաբան մը պէտք էր իր յա­ռաջա­դէմ եւ ազա­տամիտ գա­ղափար­նե­րը ցո­լաց­նող, նշա­նաբան մը որ ար­ժա­նի ըլ­լար թեր­թի ճա­կատին։ Խմբա­գիրը որո­շեց տպել. «Այ­սուհե­տեւ ոչինչ Չի­նական պա­րիսպ, որ պի­տոյ է փա­կէր լու­սա­ւոր գա­ղափար­նե­րի մուտքը ազ­գե­րի մէջ։ Այ­սուհե­տեւ լոյս եւ ճշմար­տութիւն եւ ազա­տու­թիւն խա­ւարի բա­բելո­նեան գե­րու­թիւնից»։ Մենք գի­տենք, թէ հայ գիր­քը հայ ինքնու­թեան պա­րիսպն է։ Սա­կայն, կափ­սո­սամ, որ հայ­կա­կան տպագ­րութեան պատ­մութեան մէջ լոկ եր­կու գիրք լոյս տե­սած է, որ իր վեր­նագրին մէջ «պա­րիսպ» բա­ռը ու­նե­նայ. «Ես տե­սայ ժո­ղովուրդը որ չու­զեց մեռ­նիլ Բա­բելո­նի պա­րիսպնե­րուն տակ», Շ. Նար­դունի, Թեհ­րան, 1954, եւ «Մե­ռած քա­ղաքի պա­րիսպնե­րի տակ», պատ­մո­ւածքներ, Երե­ւան, 1970։

Պա­րիսպնե­րը պա­րեցին

Դուք դի­տած էր քո­չարի պա­րը։ Արագ տրո­փեց ձեր սիր­տը։ Չէ՞։ Արա­գացաւ ձեր արիւ­նը։ Որով­հե­տեւ, պար չէ ան։ Մարտ է։ Գօ­տեմարտ։ Գո­յամարտ։ ճա­կատա­մարտ։ Ընդդէմ բնու­թեան եւ ըն­դէն անազ­նի­ւին։ Վի­պագիր, բա­նաս­տեղծ Խա­չիկ Դաշ­տենցը իր ման­կութեան օրե­րուն շատ դի­տեց այդ խա­ղը ու օր մը որո­շեց մե­զի աւան­դել քո­չարիի նշա­նակու­թիւնը. «Մեր ու­սա­պար­կե­րը հա­նեցինք, զէն­քե­րը հե­նեցինք ծա­ռերին, ու պարն սկսո­ւեց։ Ո՞վ է տե­սել աշ­խարհում այդպի­սի պար։ Նախ կանգնե­ցին որ­պէս պա­րիսպ, ապա ցնցե­ցին ու­սե­րը, թափ առան եւ խո­յացան առաջ»։ Ու­ճանցի բա­նաս­տեղծ Գա­րեգին Գե­ւոր­գեանն ալ նկա­րագ­րեց քո­չարի պա­րը։ Այդ հնչեղ քեր­թո­ւածի մէջ մենք տե­սանք Կար­նոյ գեղ­գե­ղացող, դա­լար աղ­ջիկները եւ Գու­գա­րաց աշ­խարհի ար­ծիւ տղա­ները. «Դա մի խաղ էր հո­վիւ­նե­րի՝ / Բազ­մահնար ու երկրա­յին։ / Այ­րեր՝ հա­գած այ­ծե­նակաճ, / Պա­րիսպնե­րի տակ քա­ղաքի / Զար­կում էին թե­ւերն իրար / Ար­ծիւնե­րի պէս շեշ­տա­կի։ / Յե­տոյ պա­րը կրկին փո­խուեց, / Դար­ձաւ պա­րիսպ մի վիթ­խա­րի, / Խո­յան­ման ու խո­յակերպ / Պա­րում էին Խոյ-քո­չարի»։

Պա­րիս­պը մեր մի­ջեւ

Դժո­ւար էր հա­ւատալ, որ «պա­րիսպ» բա­ռը, որ կարծրու­թիւն կը խորհրդան­շէ, օր մը նիւթ դառ­նար քնա­րական բա­նաս­տեղծու­թեան։ Պա­րոյր Սե­ւակն էր այդ գրի­չը, որ մե­զի շնոր­հեց այդ սի­րային քեր­թո­ւածը, ինչ փոյթ թէ ան­յոյս սի­րոյ պատ­կեր էր ան.

Մեր տնից ձեր տուն մի պատ է միայն,

Իմ սրտից սիրտդ՝ պա­րիսպ ահա­գին:

Ի՞նչ լու­րեր հայ­րե­նիքէն

Հա­յաս­տա­նէն եկած «պարսպա­պատ» լու­րե­րը այնքան շատ են, պա­րիսպ մը կրնան կազ­մել։ Ես ընտրե­ցի երեք հա­տը։ Ձե­զի կը թո­ղում մեկ­նա­բանու­թիւնը. «Փլու­զո­ւել է Հաղ­պա­տավան­քի պարսպի աշ­տա­րակ­նե­րից մէ­կը», օրա­թերթ, «Մենք բա­ռից բուն իմաս­տով ամ­րոցներ ենք կա­ռու­ցում սահ­մա­նին՝ չի­նական պարսպի պէս», վար­չա­պետի յայ­տա­րարու­թիւն, «Մայր Աթո­ռի պարսպի մօտ պատ կազ­մած հո­գեւո­րական­նե­րը շա­րական են եր­գում», օրա­թերթ։

Հրա­ժեշ­տի հա­մայ­նա­պատ­կեր

Գի­շերա­յին այս խա­ղաղ ժա­մուն, ելայ հայ­կա­կան գրա­կան պա­րիս­պի գա­գաթը։ Դի­տեցի ան­ծայրա­ծիր հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Ու որո­շեցի. լե­զուն է հա­յուն պա­րիս­պը, ան­թա­փանց, ան­կո­ղոպ­տե­լի, անա­ռիկ։ Կերե­ւի, թէ անոր շնոր­հիւ մնա­ցեր ենք ամուր եւ հայ­կեան նե­տի պէս կտրեր ենք ժա­մանա­կը եւ պա­հել ենք մեր անա­ղարտ եր­թը։ Մնա­ցէք ամուր մին­չեւ յա­ջորդ յօ­դուածը։