ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Մենք ենք ու մերոնք

Հայ­կա­կան սփիւռքի իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ ու­նի իր առանձնա­յատ­կութիւննե­րը։ Այս հաս­տա­տու­մին ան­գան մը եւս հա­մոզո­ւեցանք, ծա­նօթա­նալով Սաօ Փաու­լո­յի հայ հա­մայնքի հետ։ Շու­տով պար­զուեցաւ թէ այս հա­մայնքի ան­դամնե­րու մե­ծամաս­նութեան ար­մատնե­րը կը հաս­նին Կի­լիկիոյ շրջա­նի Մա­րաշ քա­ղաքը եւ անոր շրջա­կայ տա­րածքնե­րը։ Հա­մարեա ամէն ըն­տա­նիքէ ներս կայ Մա­րաշէն կամ Հաճնէն սե­ռած ճիւղ մը։

Բա­ցի հայ­րե­նի երկրէն, պրա­զիլա­հայե­րը ու­նին երկրորդ առանձնա­յատ­կութիւն մը, որն է կօ­շիկի ար­տադրու­թիւնը։ Աս­պա­րէզ մը՝ որ եր­կար տա­րիներ մնա­ցեր է հայ վար­պետնե­րու մե­նաշ­նորհը ըլ­լա­լով։ Սա­կայն հա­մաշ­խարհա­յին շու­կա­յի նոր կա­նոն­նե­րը խա­թարեր են այդ առանձնա­յատ­կութիւ­նը։ Կօ­շիկի շու­կան այժմ գեր­հա­գեցած է ար­տա­սահ­մա­նեան ար­տադրու­թեամբ, շնոր­հիւ հան­րա­ծանօթ ապ­րանքա­նիշե­րու եւ անոնց գո­վազդնե­րու տա­րափին։ Այս զար­գացման զու­գա­հեռ, եր­բեմնի ար­տադրող­նե­րը այժմ իրենց գո­յու­թիւնը կը շա­րու­նա­կեն իբ­րեւ կօշ­կա­վաճառ։

Որ­քան նման է պատ­կե­րը պոլ­սա­հայու­թեան հետ, երբ ան­ցեալի աւան­դա­կան ար­հեստը՝ ոս­կերչու­թիւնը կորսնցու­ցած է իր եր­բեմնի հմայ­քը, իր մե­նաշ­նորհը զի­ջելով գոր­ծա­րանա­յին մե­ծաքա­նակ ար­տադրու­թեան։ Այժմ նշա­նակու­թիւն չու­նի վար­պե­տի ձեռնհա­սու­թիւնը, քա­նի որ անոր տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին փո­խարէն, ար­դի սար­քե­րը շատ աւե­լի կա­տարե­լագոր­ծո­ւած զար­դե­ղէնը կը պատ­րաստեն շատ աւե­լի կարճ ժա­մանա­կի ըն­թացքին։

Նման երե­ւոյթ պա­տահե­ցաւ ինքնա­շարժնե­րու նո­րոգ­ման աս­պա­րէզի մէջ։ Հոն եւս ան­ցեալի վար­պետնե­րը պատ­մութիւն դար­ձած են, քա­նի որ նոր հա­մակար­գը կը թե­լադ­րէ նո­րոքե­լու փո­խարէն նո­րը ապա­հովել։

Մենք վե­րադառ­նանք Սաու Փաու­լօ ինքնա­բերա­բար կը մտա­բերենք բո­լորին հե­տաքրքրող հար­ցումը՝ քա­նի հո­գի է հայ հա­մայնքը։ Ինչպէս Պոլ­սոյ մէջ, հոս ալ յստակ պա­տաս­խան մը ստա­նալ գրե­թէ ան­կա­րելի է։ Ժո­ղովուրդի մօտ կը խօ­սուի 20-25 հա­զարի մա­սին։ Իսկ եկե­ղեցին կը հա­մառօ­տէ այդ թի­ւը 10-15 հա­զարով։ Նոյ­նիսկ առա­ջին շփումնե­րով կ՚անդրա­դառ­նանք թէ հա­յախօ­սու­թիւնը այստեղ եւս լուրջ նա­հանջ մը կ՚ապ­րի։

Պար­տինք նշել թէ 1915-ին, մեծ եղեռ­նի յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն Պրա­զիլ հա­սած­նե­րէն կա­րեւոր մէկ մա­սը կարճ ժա­մանակ անց տե­ղափո­խուած են դէ­պի Ար­ժանթին, ուր աւե­լի բա­րեն­պաստ պայ­մաններ գո­յու­թիւն ու­նէին։ Իսկ 1950-նե­րու վեր­ջե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ գաղ­թի նոր հո­սանք մը, այս ան­գամ հիմ­նա­կանին Հա­լէպէն։

Ան­շուշտ Հա­լէպը պէտք է դի­տել իբ­րեւ մեծ քա­ղաք կամ կեդ­րոն։ Անոնց մէջ էին նաեւ Ղա­միշ­լիի կամ Իրա­քի որոշ շրջան­նե­րու հա­յերը։ Ափ­սոս որ հա­մաշ­խարհա­յին հա­յու­թիւնը շատ քիչ տե­ղեկու­թիւն ու­նի Սու­րիոյ տա­րած­քին Հա­լէպէն դուրս մնա­ցած հայ գա­ղութնե­րու մա­սին։ Անոնցմէ աւե­լի նո­ւազ կը ճանչնանք Իրա­քի հայ հա­մայնքնե­րը, որոնք Պաղ­տա­տի կող­քին բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են Զա­խօ կամ Տու­հո­քի նման քա­ղաք­նե­րու մէջ։

Իսկ Յոր­դա­նանի կամ Պա­ղէս­տի­նի հա­յու­թեան մա­սին, յատ­կա­պէս Կազ­զա­յի հա­յոց մա­սին ոց տե­ղեկու­թիւն ու­նինք եւ ցա­ւօք ոչ ալ տե­ղեկա­նալու ցան­կութիւն։

Մենք տա­կաւին կը խօ­սինք այս միտ­քե­րով նոր խորհրդա­ծու­թիւննե­րու մասին։