Այս խորագիրով պատմաբան փրոֆ. Պիւլենթ Պիլմեզ կ՚ուսումնասիրէ Օսմանեան Կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ ժողովրդավարութեան ձգտող փորձերը։ Իրականութեան մէջ ծաւալուն պատումի մը երկրորդ հատորն է, որ հասած է մեր ձեռքը։
Առաջին հատորը երկրէ ներս ժողովրդավարութեան փորձերը կը քննարկէր 1780-ական տարեթիւերէն սկսեալ եւ կը հասնէր 1876-ի։ Երկրորդ հատորին մէջ կ՚ուսումնասիրուին այդ թուականէն մինչեւ մեր օրերուն հասնող ժամանակներու պատմագրութիւնը։
Ինչպէս գիրքի խորագիրն ալ կը վկայէ, հեղինակը իր ուշադրութիւնը սեւեռած է ո՛չ թէ ժողովրդավարութեան գաղափարախօսութեան զարգացման գործընթացը, այլ այդ հաւանականութեան յայտնութիւնը խաւարի վերածելու միտող հակահոսանքները։
Փրոֆ. Պիլմեզ իր պատումը հիւսած է 6 յատկանշական փորձերու շուրջ եւ յաջողութեամբ նկարագրած է թրքական քաղաքական մտքի պահպանողական եւ հետզհետէ յետադիմական դիմագիծը։
Երկրի այժմու մտայնութիւնը ընկալելու համար հետաքրքրական ընթերցում մը խոստացող այս գիրքը կասկած չկայ թէ իր բովանդակութիւնով առձեռն ուղեցոյց մը ըլլալու յաւակնութիւն ունենայ։

