Օր մը, ճարպիկ ընկերներէս մէկը՝ Ասատուրը առաջարկեց մեր թաղին մօտէն անցնող լայն պողոտայով երթալ մինչեւ կամուրջ՝ հոնկէ գետին ջուրը դիտելու եւ քանի մը հատ ալ քար նետելու, յետոյ պաղպաղակ ուտելու մօտերը գտնուող Նուպա սրճարանէն եւ առանց մէկու մը ուշադրութիւնը գրաւելու վերադառնալ թաղ:
ԼԵՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Երբ փոքր էի, ինծի համար մեր հայաւանը՝ Պուրճ Համմուտը կը սկսէր մեր ապրած թաղէն երկու փողոց ետեւ գտնուող շոգեկառքի երկաթուղագիծէն եւ կը հասնէր Պուրճ Համմուտի կողքով անցնող Պէյրութ գետի կամուրջին սկիզբը: Իսկ կեդրոնը, եթէ ինծի հարցնէին, պիտի ըսէի՝ «մեր թաղը»:
Շոգեկառքին ձայնը երբ լսէինք, թաղին բոլոր փոքրերը այդ ուղութեամբ կը վազէինք, բայց մեր ծնողները արգիլած էին հոն մօտենալը, եւ մենք ստիպուած՝ հեռուէն կը դիտէինք անցնող շոգեկառքը իր սուլոցով՝ փուֆ-փուֆ-փուֆ… որ քանի մը վայրկեան մեր թաղեցիներուն, մեծ ու փոքր, գործը կը սառեցնէր: Այդ օրերուն արդէն շատ հազուադէպ կը լսէինք անոր ձայնը. հոգեվարքի մէջ էր կարծես: Դժբախտաբար քանի մը տարի ետք արդէն չլսեցինք անոր հաճելի ձայնը…այո՛ հաճելի: Անդին՝ կամուրջին միւս կողմը, ի՞նչ կար՝ չէինք գիտեր, որովհետեւ հոն հասնելու համար պիտի անցնէինք մեր վարժարանէն՝ Շամլեան Թաթիկեանէն, ապա «Քառասուն Մանուկէն» եւ ամբողջ Մարաշ փողոցը կտրելէ ետք՝ պիտի հասնէինք լայն պողոտան, որ կը կապուէր կամուրջին: Մինչեւ հոն հասնելու համար արդէն քանի մը հոգի Մարաշի փողոցներուն մէջ տեսած պիտի ըլլար մեզի՝ չոր մրգեղէն ու պղպեղեղէն, թէյ, մեխակ ու կասիա եւ դեռ ինչեր ծախող Քաֆէ Կարոյէն կամ դէմի մսավաճառ Մանուէլէն մինչեւ քիչ մը անդին կարի ու խոհանոցի իրեր վաճառող Իբլիկճի Լեւոնը. եթէ մէկը չի տեսներ, միւսը անպայման կը բռնէր մեզ եւ լուրը սուրհանդակի արագութեամբ կը հասնէր մեր ծնողներուն: Թաղը տակն ու վրայ կ’ըլլար, դուռ-դրացի մեզ փնտռելու կ’ելլէին. ալ ո՛ւր կը համարձակիս երթալու:
Օր մը, ճարպիկ ընկերներէս մէկը՝ Ասատուրը առաջարկեց մեր թաղին մօտէն անցնող լայն պողոտայով երթալ մինչեւ կամուրջ՝ հոնկէ գետին ջուրը դիտելու եւ քանի մը հատ ալ քար նետելու, յետոյ պաղպաղակ ուտելու մօտերը գտնուող Նուպա սրճարանէն եւ առանց մէկու մը ուշադրութիւնը գրաւելու վերադառնալ թաղ:
Սակայն, այդ լայն պողոտան հասնելու համար պէտք էր անցնէինք սինեմա Ռոյալին քովէն, ապա հասնէինք Ապրոյեան գործարան, որմէ ետք կրնայինք ուղուիլ դէպի լայն պողոտան, որ մեզ պիտի հասցնէր կամուրջ: Բայց «Ապրոյեան» բազմաթիւ թաղեցիներ կ’աշխատէին. վտանգաւոր էր, կրնայինք բռնուիլ: Ուրիշ ելք մը պէտք էր գտնել…
Ազնիւը ուրիշ առաջարկ ունէր. կրնանք Արաքս փողոցով երթալ՝ մեր թաղին անկիւնի Մեսրոպեան վարժարանէն կ’անցնինք դէպի «Արաքս»: Ըստ Ազնիւին, «Արաքս» շատ խճողուած եւ առեւտրական փողոց մըն է, ուր ամէն մարդ իր գործով զբաղած կ’ըլլայ. աննշան կրնանք անցնիլ, կը հասնինք ֆալաֆէլ Արաքս, ապա կը թեքինք դէպի ձախ ու կը հասնինք կամուրջ: Խանդավառուեցանք: Բայց մէկ վայրկեան…փողոցին մէջտեղ Սարդարապատ ակումբը կայ ու հոն կրնանք տղոցմէ կամ պատասխանատուներէն մէկուն հանդիպիլ: Արենուշ ու սկաուտ էինք, կրնային ճանչնալ մեզ:Այս ալ յաջող «փլան» մը չէր…
Սկաուտ ենք, ուրեմն ռէլի փէյփըր պէտք էր խաղցած ըլլայինք: Պէտք էր լաւապէս ճանչցած ըլլայինք թաղամասերը: Նոր «փլան» պէտք էր: Այս անգամ գործը վստահուեցաւ ինծի:
Ես ալ կ’ուզէի ելլել շրջանէն դուրս, երկաթուղագիծը անցնիլ եւ չգոհանալ միայն մսավաճառ Պողպատին խանութը այցելելով եւ անդին չանցնելով, չգոհանալ միայն աշխարհագրութեան դասի պատկերներով, այլ տեսնել իսկականը, եւ ինչու ոչ….անցնիլ կամուրջին միւս կողմը:
Հասաւ սպասուած օրը եւ մենք մեր սովորականին պէս իջանք փողոց զիրար տեսնելու, չորս հոգի էինք: Ծրագիրս հետեւեալն էր. մեր թաղէն ուղղուիլ դէպի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի եւ ապա դէպի Ս. Աստուածածին: Ճամբան երկար բայց «ապահով» էր: Պիտի անցնէինք Կիլիկիա փողոցէն, ապա թեքէինք ձախ դէպի Զանգու եւ հոնկէ նորէն ձախ մինչեւ Պուրճ Համմուտի քաղաքապետարան ապա ուղիղ Նահրի կամուրջ: Բոլորը համաձայն գտնուեցան «փլանիս» եւ ճամբայ ինկանք: Նոյն ատեն զգուշ էինք, իրարու շատ մօտ չէինք քալեր, հապա եթէ ծանօթի մը հանդիպինք ու մեր «խմբային դաւադրութիւնը» երեւան ելլէր…
Անվտանգ անցանք առաջին եկեղեցին: Երբ Կիլիկիա թաղ հասանք, պատկերը փոխուեցաւ: Նախապէս Կիրակի օրով մը ծնողքիս հետ անցած էի հոնկէ. հանդարտ էր չորսդին: Մեր արկածախնդրութեան օրը ուրիշ էր. «համանուագով» մը պատուած էր շրջապատը: Արդար աշխատանքի հայկական համանուագն էր ան. խանութներէ, գետնայարկ բնակարաններու պատուհաններէն կը լսուէր թաք-թաք, թաք-թաք, թիք-թիք, թաք-թաք-թաք: Հայ կօշկակարներու «համանուագն» էր ան: Հմայուած այս նուագով, սկսանք ներսերը դիտել եւ երգել…թէ ի՞նչ…
Ժամանակը անցաւ ու առանց զգալու հասանք Ս. Աստուածածին եկեղեցիին թաղը: Մեր չար բախտէն, փողոցը փակ էր յուղարկաւորներու խուռներամ բազմութեան մը պատճառով: Անմիջապէս նոր ճամբայ մը պէտք էր գտնել մինչ ժամանակը կը սահէր: Ստիպուած որոշեցինք անցնիլ Ամանոս թաղ: Կարելի էր հոնկէ թեքիլ ձախ եւ հասնիլ դարձեալ լայն պողոտան: Վերջապէս անփորձանք հասանք լայն պողոտայ:
Աջ եւ ձախ գեղեցիկ լոյսերով զարդարուած խանութներ կային, կարծես կախարդական աշխարհի մը մէջ կը գտնուէինք, ուր ցուցափեղկերուն վրայ հայերէն գրուած էր ամէն ինչ: Հայ ոսկերչատուներ ալ կային: Անկարելի էր կանգ չառնել եւ չզմայլիլ հայու տաղանդով աշխատցուած այդ ոսկեղէն ձեռագործներուն: Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն, ուրախ եւ բոլորովին ազատ, մոռցած մեր ճամբայ ելլելու նպատակն ու երազը՝ կուշտ ու կուռ դիտեցինք: Յանկարծ սկսաւ մթնիլ, իսկ մենք կարծես քունէ սթափած մանուկներ՝ անդրադարձանք թէ ժամանակը անզգալօրէն սահած էր: Գիշերը կը մօտենար, երկար ժամանակ է հեռացած էինք մեր թաղէն եւ շատ հաւանական էր որ մեր ծնողները սկսած էին փնտռել մեզ:
Մեծ հեւքով ուղուեցանք դէպի կամուրջ. բարձրացանք զառիվերը՝ դիտելու գետը. մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ձեռքին ամուր բռնած էր փոքր քար մը, որ ամբողջ ճամբան պահած էր ափին մէջ: Մութին մէջ, հազիւ կրցանք տեսնել գետը, նետեցինք քարերը, բայց չտեսանք անոնք ուր գացին, հազիւ լսուեցաւ անոնց արձագանգը…իսկ պաղպաղակը մնաց խանութպանին:
Տուն վերադարձի ճամբան շատ կարճ էր, սակայն մեր ստացած պատիժը երկար՝ օրեր մեզ պահեց մեր տուներուն մէջ: Այդ օրերը բաւրար էին նոր նոր երազներ հիւսելու:
Պէտք էր մեր յաջորդ արկածախնդրութիւնը կատարէինք երկաթուղագիծին միւս կողմը, ուր կարեւոր թիւ մը մեր դասընկերներէն կ’ապրէր Արագած եւ Նոր Սիս թաղերուն մէջ:
Այսօր ո՛չ երկաթուղագիծը կայ, ո՛չ ալ գետին ջուրը..
Բոլորը ցամքեցան ու անհետացան մեր թաղի պատանեկան անմեղ երազներուն հետ:
(Տարբերակ21)

