Պատմութեան ոչ մէկ շրջանին այսքան արագ չէր եղած ընկերական կեանքի յեղաշրջումը։ Եթէ պահ մը դիտենք մարդ արարածի երկրագունդի վրայ անցած ճանապարհը, կը նկատենք թէ որքան երկար տեւած է որսորդ - հաւաքարար կենցաղէն հողագործութեան անցումը։ Զարմանքով կը տեսնենք թէ կրակի գիւտը ինչպիսի փոփոխութիւն բերաւ մեր առօրեային։ Ապա այդ գիւտէն մինչեւ շոգիի ուժի շահագործումը անցնող ժամանակը որքան կարճատեւ է համեմատելով անցեալի բազում դարերու հետ։
Իւրաքանչիւր նոր գիւտ իր հետ բերաւ մտածելու նոր դաշտեր եւ դուռը բացաւ յաջորդ մեծ գիւտերու։
Վաղուց գիտէինք տանիքի մը տակ պատսպարուելու եղանակը։ Երբ անբաւարար մնացին քարայրները, հարթ հողի վրայ կառուցեցինք ձեռակերտ քարայրներ։ Մտաբերեցինք պատերուն տեղադրել լուսամուտներ։ Բայց առաջին անգամ ե՞րբ անդրադարձանք նոյն տարածքին մէջ կառուցած տան վրայ երկրորդ, հետզհետէ երրորդ յարկ մը աւելցնելու միտքը։ Այդ միտքը այսօր կըներկայանայ երկնաքերներու ձեւաչափով։
Ամէն մէկ նորութիւն փոխեց մարդ արարածի նախ վարքը եւ ապա մտածելակերպը։ Արդի մարդու համար այս բոլորը կը պատահին կարծես ակնթարթի մէջ։ Կը փոխուին սովորութիւններ, անոնց հետ կը փոխուի ընկերային համակարգը, սկսելով ընտանիքի հասկացողութենէն։ Տակաւին մօտ անցեալին, հազիւ մէկ-երկու սերունդի յետահայեացքով կը նկատենք բազմանդամ ընտանիքի պատկերը։ Մարդ ու կնոջ միասնութիւնը կը բերէր բազմածնութիւն այնպիսի բնակարանի մէջ, ուր կ՚ապրէին նաեւ մեծ ծնողներ։
Այսօրուայ դրութեամբ պատկերացնելը իսկ անկարելի է, քանի որ նոյնիսկ մէկ կամ երկու երախաներով սահմանուած ընտանիքի բնակարանին մէջ անհրաժեշտութիւն կը համարուի ունենալ երկրորդ զուգարան։
Այս պայմաններու մէջ է, որ զարմանալով կը դիտեմ նահապետական կենցաղի ջատագովներու ելոյթները։ Վերջերս կը լսենք Հայաստան հիւրահամերգի հրաւիրուած ֆինլանտական երաժշտական խումբի դէմ բողոքի կոչերու մասին։ Իբրեւ թէ այդ խումբի անդամները կը սպառնան մեր սրբազան հողը պղծելու։
Նման ձաբռտուքը սահմանուած չէ Հայաստան աշխարհով։ Մանաւանդ երբեմնի Խորհրդային միութեան անդամ շատ մը երկիրներու մէջ կը հանդիպինք այս եղանակի յետադիմականութեան։ Ինչո՞վ կարելի է բացատրել այս ընթացքը, քանի որ ոչ համայնավար գաղափարախօսութիւնը եւ ոչալ այդ երկիրներու ուսման բարձր մակարդակը կը պատշաճի այս մերձեցման։ Անդին կը մնայ միայն կրօնի գործօնը, որ երկար տարիներու սահմանափակումէն ետք այժմ ազատ տարածք գտած է մարդկանց վրայ ազդելու համար։
Կը յիշեմ Լեհաստանի մէջ Լեխ Վալէսայի գլխաւորած բանուորներու երթը, ուր կը ծածանէին Մարիամ Աստուածածնի եւ Յովհաննէս Պօղոս ԺԲ-ի մեծահասակ նկարները։ Կը յիշեմ նաեւ թրքական առածը, ուր կ՚ըսուի. «Եռացող սանը կափարիչ չի պահեր»։
Ստիպուած ենք ճիշդ ընկալել ընթացող ժամանակը եւ անոր պարտադրած նոր մարտահրաւէրները։
pakrates@yahoo.com

