Կը շարունակուի իսրայէլեան բռնութիւնը

Ապու Սա­ֆիյէ իբ­րեւ տնօ­րէն եւ ման­կա­բոյժ կը պաշ­տօ­նավա­րէր Կազզա­յի հիւսիսային հատուածի Քե­մալ Ատ­վան հի­ւան­դա­նոցի մէջ։

Միջազ­գա­յին ներ­ման կազ­մա­կեր­պութիւ­նը ահա­զանգ կը հնչեց­նէ բժիշկ Հուսսամ Ապու Սա­ֆիյէի ազատ ար­ձակման հա­մար։

Ապու Սա­ֆիյէ իբ­րեւ տնօ­րէն եւ ման­կա­բոյժ կը պաշ­տօ­նավա­րէր Կազզա­յի հիւսիսային հատուածի Քե­մալ Ատ­վան հի­ւան­դա­նոցի մէջ։ Ան ձեր­բա­կալո­ւած է 27 Դեկ­տեմբե­րին եւ մին­չեւ օրս կը մնայ ճա­ղերու ետին։ Վեր­ջերս զինք այ­ցե­լող փաստա­բանի մը վկա­յու­թեամբ Ապու Սաֆիյէ բռնու­թեան են­թարկո­ւած է, զգալիօրէն նի­հարած։

Տոք­թոր Ապու Սա­ֆիյէ եր­կար տա­րիներ մեծ ջանք վատ­նած էր հի­ւան­դա­նոցը գործող դիրքի մէջ պա­հելու հա­մար։ Այդ ըն­թացքին Իսրա­յէլեան օդա­յին յարձակումի մը հե­տեւան­քով կորսնցուց նաեւ իր հա­րազատ որ­դին։

Դի­տորդներ կը վկա­յեն թէ իս­րա­յէլեան բան­տե­րու մէջ բան­տարկեալ­նե­րը սննդեղէնի եւ հիկենիկ մի­ջոց­նե­րու հա­սանե­լիու­թեան լուրջ դժո­ւարու­թիւն կ՚ապ­րին։

Մի­ջազ­գա­յին ներ­ման կազ­մա­կեր­պութիւ­նը ստո­րագ­րութիւն հա­ւաքե­լու ար­շաւ մը կազմակերպած է բժիշկ Հուսսամ Ապու Սա­ֆիյէի ազատ ար­ձակման համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ