Յուսալով Տեմիրթաշի ազատութիւնը

Քրտական քա­ղաքա­կան շար­ժումի կա­րեւո­րագոյն դե­րակա­տար­նե­րէն Սե­լահատ­տին Տե­միր­թա­շի ազատ ար­ձա­կու­մը Թուրքիոյ քաղաքա­կան օրա­կար­գի գլխա­ւոր նիւ­թը դար­ձած է։

Քրտական քա­ղաքա­կան շար­ժումի կա­րեւո­րագոյն դե­րակա­տար­նե­րէն Սե­լահատ­տին Տե­միր­թա­շի ազատ ար­ձա­կու­մը Թուրքիոյ քաղաքա­կան օրա­կար­գի գլխա­ւոր նիւ­թը դար­ձած է։

Ինչպէս ծա­նօթ է Տե­միր­թաշ իրեն վե­րագ­րո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րով ինը տա­րի է որ բան­տարկո­ւած է Էտիր­նէի ար­գե­լանո­ցը։

Էտիր­նէ քա­ղաքը յատ­կա­պէս որո­շուած է այս բան­տարկու­թեան հա­մար, որ­պէսզի տան­ջանքի յա­ւելեալ եղա­նակ մը գոր­ծադրո­ւի զինք այ­ցե­լել ցան­կա­ցող ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն հա­մար։

Տե­միր­թա­շի փաս­տա­բան­նե­րը ար­դա­րու­թեան պայ­քա­րը փո­խան­ցած էին ԵՄԻԱ։ Այստեղ Եւ­րո­պայի Մի­ջազ­գա­յին Դա­տակազ­մը քննե­լով Տե­միր­թա­շի թղթած­րա­րը վճիռ կա­յացու­ցած էր քիւրտ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի ան­յա­պաղ ազատ ար­ձակման հա­մար։

Թուրքիոյ դա­տական հա­մակար­գը չէր գոր­ծադրած ԵՄԻԱ-ի այդ վճի­ռը եւ պաշ­տօ­նական ժամ­կէ­տի լրաց­ման վեր­ջին օրը դա­տարա­նին ներ­կա­յացու­ցած էր իր առար­կութիւ­նը։ ԵՄԻԱ-ի վե­հագոյն ժո­ղովը առար­կութեան թղթած­րա­րը ու­սումնա­սիրե­լէ ետք մեր­ժեց Թուրքիոյ դի­մու­մը եւ յա­մառե­ցաւ իր որո­շու­մին վրայ։

Այս զար­գա­ցու­մին յա­ջոր­դեց Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թեան պետ Տեվ­լեթ Պահ­չե­լիի այն ելոյ­թը՝ ըստ որու խե­րով պի­տի ըլ­լայ Տե­միրթա­շի բան­տէն դուրս գա­լը։

Ներ­կայ հանգրո­ւանին հան­րութիւ­նը տա­րուած է մտա­ծելու թէ ե՞րբ պի­տի կա­յանայ Սե­լոյի ազա­տու­թիւնը կամ ալ կա­ռավա­րու­թիւնը այս ան­գամ ի՞նչ մի­ջոց­ներ պի­տի հնա­րէ Տե­միր­թա­շի ազա­տու­թիւնը կան­խե­լու հա­մար։

Միւս կող­մէ Էօճա­լանի հետ շա­րու­նա­կուող խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցը եւս առնչո­ւած է այս խնդրին հետ։ Շա­տեր կ՚ակնկա­լեն թէ Տեմիր­թա­շի հետ նման մե­ղադ­րանքնե­րով բան­տարկո­ւած զա­նազան­ներն ալ կրնան օգ­տո­ւիլ սաստկու­թեան մթնո­լոր­տը փո­խելու միտող նոր քա­ղաքա­կանու­թեան մը հե­տեւան­քով։

Նման երե­ւոյթ ի զօ­րու է նաեւ Մար­տի­նի ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետ Ահ­մետ Թիւրքի օրի­նակով։ Ան եւս ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րով բեր­ման են­թարկո­ւած ու իր աթո­ռին ալ տե­ղապահ մը նշա­նակո­ւած էր։ Աւե­լի ուշ Ահ­մետ Թիւրք առող­ջութեան պատ­ճառնե­րով դուրս եկաւ բանտէն։

Վեր­ջերս աւար­տե­ցաւ իր դէմ կա­յացող դա­տավա­րու­թիւնը եւ Ահ­մետ Թիւրք ան­պարտ հռչա­կուե­ցաւ։

Սա­կայն ի դէմ փաս­տա­բան­նե­րու դի­մումնե­րուն ան տա­կաւին չէ կրցած վե­րադառ­նալ իր պաշ­տօ­նին։

Միւս կող­մէ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան եր­բեմնի պատ­գա­մաւոր Հիւ­տա Քա­յա եւս բան­տարկո­ւեցաւ ի դէմ յա­րու­ցո­ւած 1,5 տա­րուայ բանտարկու­թիւնը կրե­լու հա­մար։ Ան նոյն օրո­ւայ երե­կոյան ազատ ար­ձա­կուե­ցաւ շնոր­հիւ փաս­տա­բան­նե­րու առար­կութեան։

Եթէ փոր­ձենք անօ­րինու­թիւննե­րու շար­քը եր­կա­րել, կը մտա­բերենք «Թե­լէ 1» հե­ռուստա­կայա­նի հա­ղոր­դումնե­րու պա­տաս­խա­նատու Մեր­տան Եանար­տա­ղի անու­նը։ Ան ալ ամէն տե­սակ տրա­մաբա­նու­թե­նէ զուրկ լրտե­սու­թեան մե­ղադ­րանքով բան­տարկո­ւելէ զատ իր հիմ­նած հե­ռուստա­կայանն ալ յափշտա­կուե­ցաւ իրա­ւական հա­մակար­գի ձեռ­քով։

Լրա­հոսի ամէն մէկ հա­տուած հա­յելիի մը նման կը ցո­լաց­նէ երկրէ ներս տի­րող անո­րոշու­թիւննե­րու եւ շփո­թի մթնո­լոր­տը։ Բացատրութիւննե­րը կամ պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւննե­րը ան­բա­ւարար կը մնան երկրի ըն­թացքը ըն­կա­լելու հա­մար։ Հա­զիւ տողատա­կերու քննար­կումով կը գո­յանայ որոշ կար­ծիք, որ իր կար­գին շու­տով անի­մաստ կը դառ­նայ գոր­ծադրուած նոր զար­գա­ցու­մի մը պատճառաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ