Ի դէմ Թրամփի՝ Մամտանի յաղթական

Նիւ Եոր­քի քա­ղաքա­պետի պաշ­տօ­նը նո­ւաճած է իս­լա­մադա­ւան գաղ­թա­կան մը ըլ­լա­լով ծա­նօթ Զոհ­րան Մամ­տա­նի։ Ան եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր նա­խագահ Թրամ­փի հա­լածանքնե­րուն են­թարկուած էր իր մահ­մե­տական, հնդիկ եւ հա­րաւա­յին ափ­րի­կեցի ծա­գու­մին պատ­ճա­ռաւ։ Ար­դա­րեւ Թրամփ զինք կը թի­րախա­ւորէր խենդ կո­մու­նիստ կո­չելով։

Միւս կող­մէ 34 ամեայ Մամ­տա­նի ԱՄՆ-ի մե­ծագոյն նա­հան­գի՝ Նիւ Եոր­քի քա­ղաքա­պետու­թեան պաշ­տօ­նին կո­չուած ամենաերիտասարդ ան­ձը եղաւ։ Ան յա­ջողե­ցաւ գոր­ծա­ծուած ձայ­նե­րու 50,4-ը ստա­նալ։ Այժմ կը սպա­սուի թէ Թրամփ այս պար­տութե­նէ ետք ինչպի­սի՞ պատ­ժա­միջոց­նե­րու պի­տի դի­մէ, քա­նի որ ան նա­խապէս յայ­տա­րարած էր թէ Մամ­տա­նիի ընտրու­թեան պա­րագա­յին պի­տի չե­ղարկէ երկրի այս մե­ծագոյն նա­հան­գի տրա­մադ­րո­ւած յատ­կա­ցումները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ