Առաջին ցուցադրութիւնը 2022-ին կատարած ֆիլմը երեք տարի յետոյ վերջապէս պոլսեցի հանդիսատեսին ներկայացաւ։ Երգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլուի նախաձեռնութեամբ եւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ աջակցութեամբ կազմակերպուած ցուցադրութիւնները. հինգշաբթիէն սկսեալ եռեք օրեր շարունակուեցան։
Թուրքիաբնակ հայեր ըլլալով մեծ սրահներու մէջ, բազմամարդ կերպով հայոց վերաբերեալ, հայերէնով կամ Հայաստանի մասին շարժանկար մը դիտելու հնարաւորութիւն գրեթէ բնաւ չունինք։ Այսպիսի ցուցադրութիւններ երբեմն քաղաքական պատճառներով, երբեմն ալ թեքնիքական կամ տնտեսական անկարելիութիւններու պատճառով չեն կրնար կազմակերպուիլ։
Սակայն մերթ ընդ մերթ քանի մը բացառութիւններու շնորհիւ կրնանք այս փորձառութիւնը ապրիլ։ Անցեալին Ֆաթիհ Աքընի ստորագրութեամբ «The Cut/Կտրուածքը» եւ Թերրի Ճորճի բեմադրութեամբ «The Promise/Խոստումը» ֆիլմերը, շարժանկարի սրահի մէջ դիտելու առիթը ունեցած էինք։ Անցեալ շաբաթավերջին ալ այս տեսակի բացառութիւն մը տեղի ունեցաւ Մայքըլ Ա. Կուրճեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնը Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ նորոգուած Նարեկեան Սրահին մէջ բազում հանդիսատեսներու հետ դիտելու առիթը գոյացաւ։
Առաջին ցուցադրութիւնը 2022-ին կատարած ֆիլմը երեք տարի յետոյ վերջապէս պոլսեցի հանդիսատեսին ներկայացաւ։ Երգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլուի նախաձեռնութեամբ եւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ աջակցութեամբ կազմակերպուած ցուցադրութիւնները. հինգշաբթիէն սկսեալ եռեք օրեր շարունակուեցան։ Առաջին երկու դիտումները հանրային հանդիսականութեան համար բաց էին ուղուած էին հասարակ հանդիսատեսին, մինչ վերջին ցուցադրութիւնը յատկապէս համայնքի երիտասարդներու համար կազմակերպուած էր։ Այս առումով ֆիլմի ցուցադրութիւնը միայն արուեստի ձեռնարկ մը չէր, այլ նաեւ համայնքային հաւաքոյթ մը, որ երիտասարդներուն իրենց ինքնութեան վերաբերող պատկերները շարժասրահի պաստառի վրայ տեսնելու հազուադէպ պահերէն մէկն էր։
Ամերիկացի հայ մը Խորհրդային Հայաստանի բանտին մէջ
Կուրճեանի բեմագրած, բեմադրած եւ գլխաւոր դերը մարմնաւորած «Ամերիկացի» ֆիլմը՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք Խորհրդային Հայաստան գաղթած եւ ինքզինք Խորհրդային Հայաստանի բանտը գտած Ամերիկացի հայու մը պատմութիւնն է։ Շարժանկարը գաղթ, պատկանելիութիւն, օտարութիւն եւ յոյսի նման թեմաներու շուրջ կը հիւսուի։ Կուրճեանը հանդիսատեսը կը հրաւիրէ Խորհրդային շրջանի գաղափարախօսական ճնշումին եւ անհատական ազատութեան փնտռտուքին միջեւ լարուածութիւնը դիտելու։
Ես, ընդհանրապէս կը նախընտրեմ առաջ շարժանկարը դիտել, նախքան անոր մասին կարդամ, որպէսզի կանխեմ յուսախաբութեան հաւանականութիւնը։
Այսպէսով երբ պաստառին առջեւ առանձ ակնկալութեան նստած կ՚ըլլամ թէ՛ անակնկալներու բաց եմ, թէ՛ ալ ինչպէս այս օրինակին մէջ չափազանց լաւ շարժանկար մը կրնամ գտնել։ «Ամերիկացի» թէ՛ շարժանկարչութեան տեսակէտէն, թէ՛ ալ իր պատմութեան մշակման առումով զօրաւոր արտադրութիւն մըն է։
Սկսելով գոյնի երանգապնակէն մինչեւ լոյսի օգտագործումը շատ մը մանրամասնութիւններ կ՚արտացոլէ տիպարին ներքին ճնշուածութիւնը եւ յոյսին կառչելու ջանքը։ Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւող ֆիլմը, սովորական շահութաբեր արտադրութեան փոխարէն՝ փառատօնի ֆիլմի մը մթնոլորտը ունի. պատմութիւնը կը կազմէ դանդաղօրէն եւ իր հանդիսատեսն ալ այս թափին մէջ կ՚ընդգրկէ։
Հաւաքական յիշողութեան պահ մը
Անցեալին դիտած երկու ֆիլմերը («The Cut» եւ «The Promise») ուղղակիօրէն Հայոց ցեղասպանութիւնը իրենց կեդրոնը առած էին։ Սակայն «Ամերիկացի»ն միայն սկիզբի բաժնին կարճօրէն կ՚ակնարկէ 1915-ին. յետոյ մեզ կը տանի Խորհրդային Հայաստանի խրթին օրերուն։ Սակայն այդ քանի մը վայրկեան տեւող տեսարանը նոյնիսկ բաւական էր որ շարժանկարը Պոլսոյ մէջ գրաքննութեան ենթարկուի։ Այնուամենայնիւ այս յօդուածին մէջ պիտի փորձեմ քննադատութենէ հեռու մնալ, որովհետեւ այսպիսի շարժանկարներու՝ մանաւանդ երիտասարդներու մասնակցութեամբ այս քաղաքին մէջ ցուցադրուիլը իսկապէս շատ արժէքաւոր է։ Արդարեւ 250 հոգինոց Նարեկեան սրահին մեծ մասը լեցուեցաւ, մօտաւորապէս 200 երիտասարդներ ուշադրութեամբ դիտեց ֆիլմը։ Ասիկա հազուադէպ տեսարան մըն էր։ Հանդիսատեսներու մեծամասնութիւնը ոչ թէ միայն ֆիլմը դիտելով շարժանկարչական փորձառութիւն մը ապրեցան, այլ նաեւ հաւաքական յիշողութեան պահ մըն ալ ունեցան։
Շարժանկարին վերադառնալով. թէեւ Կուրճեան կ՚ըսէ «Չեմ կարծեր որ լաւ դերասան մը եմ», իր դերասանութեամբ հանդիսականութենէն լիակատար գնահատական ստացաւ։ Իր դերասանութիւնը՝ տիպարին թէ՛ ֆիզիկական, թէ՛ ալ հոգեկան տագնապը չափազանց բնական օրէն կը փոխանցէ։ Սակայն ինք ալ Ամերիկացի մը ըլլալով Կուրճեանը Խորհրդային բանտին մէջ անցնող շարժանկարին մէջ մերթ ընդ մերթ կաղապարատիպ գաղափարներու կը դիմէ։ Իհարկէ ո՛չ մէկ բանտի պայման լաւ չէ եւ Խորհրդային շրջանը ալ յատկապէս շատ արդար քննադատութիւններու կ՚արժանանայ։ Սակայն բեմադրիչը «Այս նիւթին մասին ինձմէ աւելի տեղեկացուած անձերու կարծիքներուն վստահեցայ» ըսելով, այսինքն իրականին մէջ խորունկ հետազօտութիւն չ՚ըրած ըլլալը շարժանկարին պատմական խորութեան տեսակէտէն քիչ մը մակերեսային կը ձգէ։ Այսպիսի նուրբ նիւթի մը պատմական կապակցութեան աւելի մանրամասն հետազօտուիլը շարժանկարը կրնար աւելի բարելաւել։
Կրկին պիտի ցուցադրուի
Երեք տարբեր նիստով Պոլսոյ մէջ շարժանկար սիրողներու հետ հանդիպած «Ամերիկացի»ն՝ բարձր հետաքրքրութեան պատճառով մօտ ժամանակին կրկին պիտի ցուցադրուի։ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը այս ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր առած է արդէն։ Նաեւ ցուցադրութեան իրիկունը երիտասարդ հանդիստեսներուն հետ հարցարան մը բաժնուեցաւ, հարցնելով թէ ապագային ինչպիսի՞ ձեռնարկներ կ՚ուզէին տեսնել։ Այս ալ ցոյց կու տայ որ թաղականութիւնը ապագայ շրջանին մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպուելու մտադիր է։ Մանաւանդ երիտասարդներու մասնակցութիւնը, կը վերյիշեցնէ թէ հասարակական յիշողութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու նիւթին մէջ մշակոյթի եւ արուեստի ձեռնարկներ ինչպիսի՜ կարեւոր դեր կ՚ունենան։
Վերջապէս պէտք է շնորհակալ ըլլալ թէ՛ թաղականութեան, եւ թէ Սիպիլ Փեքթորոսօղլուի այս ֆիլմը դիտելու հնարաւորութիւնը ստեղծելուն համար։ Որովհետեւ «Ամերիկացի»ի նման ֆիլմերը ո՛չ միայն անցեալը կը յիշեցնէր, այլ նաեւ մեզի կրկին մտածել կու տան թէ ո՞վ ենք, ուրկէ՞ կու գանք եւ ո՞ր պատմութիւնները կրնանք բաժնել։

