Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ, նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ վերջերս կատարած յանձնարարութեան համաձայն, 4 Նոյեմբերին, հացահատիկով բեռնուած առաջին գնացքը ուղղուեցաւ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան: Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.»ին՝ փոխադրուածը ռուսական ցորեն է:
«4 Նոյեմբերին, Ռուսիայէն Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի միջոցով մաքսազերծուեցան հացահատիկի 15 վակոններ` ընդհանուր 1048 թոն եւ 800 քիլոկրամ ծանրութեամբ, որոնք ուղարկուեցան Հայաստանի Դալարիկ կայարանը», կ՛ըսուի այս մասին հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ՝ շաբաթներ առաջ, Ալիեւ Ղազախստանի մէջ յայտարարած էր, թէ Պաքու հայկական բեռներու տարանցման արգելքը կը վերցնէ:
Հայկական կողմէ առայժմ այս տեղեկութիւնը չեն մեկնաբաներ:

