ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Կամար

Կամարներ շինող հայու համար զարմանալի չէ, որ ան իր բնակավայրն ալ անուանած ըլլայ «կամար» բառով։ Այժմ եկէք պտոյտ մը կատարենք Հայկական լեռնաշխարհի վրայ, անցնինք քանի մը միակամար կամ եռակամար կամուրջ եւ այցելենք անունը «կամար» քանի մը հայկական բնակավայր. «ԿԱՄԱՐԱԿԱՊ», գիւղ, Ակն գաւառակի մէջ, Ակն քաղաքէն 2 քմ հարաւ-արեւելք, Եփրատի բարձրադիր աջ ափին։

Կամարներու երկիր է Հայաստանը. անոր գաւիթը կամարակապ, լուսամուտը կամարազարդ, գիւղը կամարաշէն, դահլիճը կամարածածկ, խորանը կամարաձեղուն, դարպասը կամարագեղ, Տաթեւի վանքը կամարաքիւ, Արարատը դիտելու լաւագոյն կէտը՝ 1500 մետր բարձրութեան վրայ, Երեւան-Գառնի ճանապարհի աջ կողմը, Ողջաբերդ գիւղի մօտ՝ «Չարենցի կամարը», կամ, բուն անունով «Արարատի կամարը», - ինչպէս որ կը նախընտրէք։ Իսկ երկրիս տիկինները, դուք արդէն գուշակեցիք՝ «յօնքերը կամար»։ Այս իրիկուն, յարգելի ընթերցող, երբ աշունը կը պարգեւէ շառագունած երկնակամար, որոշեցի «կամար» բառի գեղաքանդակ պատմութեան մէջ ճեմել ու հայկական կամարներու պատկերազարդ ժողոուածու մը կազմել։ Իսկ երբ յօդուածս հասնի իր աւարտին, կ’առաջարկեմ, որ մենք ականջ տանք կամար յօնքերեու նուիրուած երգի մը ու հիանանք «կամար» բառի հեզաճկուն տեսքին։

Գիւղս շինեցի կամարի մօտ

Կամարներ շինող հայու համար զարմանալի չէ, որ ան իր բնակավայրն ալ անուանած ըլլայ «կամար» բառով։ Այժմ եկէք պտոյտ մը կատարենք Հայկական լեռնաշխարհի վրայ, անցնինք քանի մը միակամար կամ եռակամար կամուրջ եւ այցելենք անունը «կամար» քանի մը հայկական բնակավայր. «ԿԱՄԱՐԱԿԱՊ», գիւղ, Ակն գաւառակի մէջ, Ակն քաղաքէն 2 քմ հարաւ-արեւելք, Եփրատի բարձրադիր աջ ափին։ Գիւղը ինչո՞ւ այդպէս կոչուեր է։ Ըստ աւանդութեան գիւղի տեղը նախապէս եղած է անտառ մը։ Անտառը հրդեհուած է։ Երկինք բարձրացած բոցը հսկայական կամար կազմած է։ Ապա, մօտակայ Վարդիշ գիւղի բնակիչները տեղափոխուած են հոն եւ հիմնած են նոր գիւղ, զայն կոչելով՝ «Կամարակապ»։ Գիւղի մօտ, Եփրատի բարձրադիր աջ ափին դուք կը գտնէք նաեւ «Կամարակապ» կոչուած ժայռախումբ մը եւ «Կամարակապ» ուխտավայրը։ «ԿԱՄԱՐԱԿ», (այժմ Gemerek) Սեբաստիոյ մարզի մէջ, Ալիս գետի ձախ կողմը խոշոր աւան։ Կամարակը 1500-ներու սկիզբին հիմնուած է Կիլիկիայէն եկած 20 տուն հայերու կողմէ։ Գիւղաքաղաքը կառուցուած է հին կամարակապ աղբիւրի մը մօտ։ Այդ պատճառով, ըստ մէկ ենթադրութեան, ան կոչուած է Կամարակ։ «ԿԱՄԱՐԱԿ», Խարբերդ նահանգի Չարսանճաք գաւառակի մէջ գիւղ։ Մէկ այլ «ԿԱՄԱՐԱԿ»՝ Տրապիզոնի մէջ գիւղ։

Երջանկութեան կամարը

Հրաշալիքներու երկիր Հայաստանի մէջ բնութիւնն ալ կառուցեր է ի՚ր ճաշակով ի՚ր կամարը։ Անունն է «Երազանքներու կամար»։ Ան կը գտնուի Ջերմուկ քաղաքի մէջ, «Ջրահարսի վարսեր» ջրվէժի քով։ Բնութեան գեղեցիկ ստեղծագործութիւն մըն է ան՝ երկրաբանական յուշարձան։ Տեղացիները զայն կը կոչեն նաեւ «Բախտի կամար»։ Յարգելի ընթերցող, երբ Ջերմուկ երթալու ըլլաք, անպայման անցէք այդ կամարի տակէն։ Քանզի, ըստ տեղական հաւատալիքի, այդ կամարը ունի հրաշագործ զօրութիւն։ Իւրաքանչիւր անձ որ անցնի անոր տակէն իր երազը անպայման կը կատարուի։

Ադամանդեայ կամար

5րդ դարէն սկսեալ մեր մատենագիր այրերը բառ բառի վրայ շարելով հոգեւոր «կամարներ» կերտեցին։ Այդ շինարարութիւնը սկսաւ Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեան օրերուն։ Սուրբ Գիրքի մէջ ես հիացիկ դիտեցի բազմաթիւ կամարներ, ապա պահ մը շունչ առի անոնց շուքի տակ։ Ահա քանի մը պատկերաւոր արտայայտութիւն. «Կամարաձեւ խորանն երկնից», «Լանջագեղ կամար», «Կամարք շուրջանակի», «Կամար ականակապ»։ Ապա, թերթեցի մեր հին մատեանները եւ յօրինեցի ժողոուածուիս յաջորդ պրակը…

Աստուածակամարի եօթը գոյները

Ահա, թէ «կամար» բառը 1836 թուականին ինչպէ՚ս սահմանուեցաւ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» երկը հատոր բառարանի մէջ. «Որ ինչ կազմեալ է կոր ձեւով իբրեւ զաղեղն, կամ գմբեթաձեւ, կամ խորանաձեւ, եւ գօտիաձեւ». Ապա, նկատեցի, թէ հին օրերուն, մեր գրիչները փոխանակ հողեղէն գեղեցհուիի մը կամարաձեւ յօնքը դիտելու՝ նայեր են վեր՝ դիտեր են երկինքը։ «Կամար» բառը, հին մատենագրութեան մէջ ունեցեր է հոգեւոր՝ «երկնային» իմաստ. «Ի կամարն երկնից համբարձան», «Ի կամար վերնայինն երկնի», «Եօթնաստեղեան երկնից կամարք»։ Կամարը եղեր է նաեւ «գօտի» եւ դարձեր է իշխանութեան նշան. «Կամար իշխանական», «Կամարն եպիսկոպոսութեան»։ 10-րդ, 12-րդ, 14-րդ դարերուն «կամար» բառը դարձեր է աւելի զարդարուն։ Յարգելի ընթերցող, այժմ կ’առաջարկեմ, որ մեր գրականութեան կամարազարդ դահլիճներու մէջ քալենք եւ դիտենք մեր բանաւոր կամարները. «Կամարազարդ խորան», «Կամարազարդ պսակեալ հրաշիւք», «Եթերանման կամարակապ», «Կամարակապ փողոց», «Լոյս կամարաձեւ»։ Իսկ երբ գարնան բերքաբեր անձրեւէն յետոյ հայը երկնակամարի վրայ տեսաւ ծիածան՝ զայն կոչեց «Կամարաձեւ կրակ»։ Միջնադարու հայը ծիածանի համար նաեւ յօրինեց բանաստեղծական թուացող նկարագրութիւն մը. «Գոյնս զանազանս, եւ ըստ երկնային գնդին երեւի ʼի տեսիլ կամարաձեւ. զոր եւ մարդիկք աստուածակամար կարդացին»։

Սի-օ-Սէն ունի 33 կամար

Հայոց մայրենին, ինչպէս Իսֆահան քաղաքի Սի-օ-Սէ կամուրջը, բազմակամար է, կամ բազմաթռիչք, - ինչպէս ճարտարապետները կը սիրեն անուանել։ Մինչ Իսֆահանը հայկական Նոր Ջուղային կապող Սի-օ-Սէն հպարտանայ իր 33 կամարով, արդեօ՞ք հայոց լեզուն նոյնպէս կրնայ հպարտանալ, որ ճարտարապետական կամարի առ նուազն 33 տեսակի համար յատուկ անուն մը ունի։ Փորձենք. կանթաձեւ, սլաքաձեւ, աղեղնաձեւ, երեքնուկաձեւ, հովհարաձեւ, նշտարաձեւ, նիսաշրջանաձեւ, շրջուած, մանգաղաձեւ, ձուաձեւ, սեպաձեւ, պայտաձեւ, խուլ. եղաւ 13. միակեդրոն, երկը կեդրոն, միաժապաւէն, միաթռիչք, եռաթռիչք, եռատերեւ, եռաթեւ, թաղակիր, գմբեթակիր, շեղ. եղաւ 23. ցածրանիստ, ցածրանիստ սլաքաւոր, բարձրանիստ, բարձրանիստ սլաքաւոր, բարձրակոր, բեռնաթափիչ, կեղծ. 30։ Դեռ չհաշուեցի՝ կախ ընկածը, սողունը, տափակը, միջանկեալը, լրիւը, եւ այլն։ Իսկ կայ բառ մը, որ հպարտ նստած է մեր բառարաններու մէջ, սակայն ան կը բացակայի Հայաստանի քաղաքներէն. յաղթակամարն է ան՝ նշանաւոր իրադարձութեան, ռազմական յաղթանակի պատուին կանգնեցուած դարպասը, ինչպէս Հռոմի մէջ Տիտուս կայսրի կառուցածը՝ Arco di Tito, եւ Փարիզի յաղթանակի կամարը՝ l՛Arc de Triomphe։ Իսկ մենք այժմ երթանք եւ հպարտանանք Չարենցի Կամարով։

Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ

1957 թուականն է. Խորհրդային Հայաստան. Երեւան-Գառնի մայրուղի։ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը, հանրապետութեան թափնեկիր ճարտարապետը, անցնելով այդ մայրուղիէն, Ողջաբերդ գիւղի մօտակայ բլրակէն կը նկատէ Արարատի հրաշալի տեսարանը։ Ճարտարապետը կ’իջնէ ինքնաշարժէն, կը բարձրանայ բլուր եւ տեղւոյն վրայ կ’որոշէ կամար մը կառուցել։ Կամարը կ’անուանէ «Արարատի կամար» եւ անոր ճակատի վրայ կը փորագրէ Եղիշէ Չարենցի սքանչելի տողերը. «ԱՇԽԱՐՀ ԱՆՑԻՐ ԱՐԱՐԱՏԻ ՆՄԱՆ ՃԵՐՄԱԿ ԳԱԳԱԹ ՉԿԱՅ, ԻՆՉՊԷՍ ԱՆՀԱՍ ՓԱՌՔԻ ՃԱՄԲԱՅ ԵՍ ԻՄ ՄԱՍԻՍ ՍԱՐՆ ԵՄ ՍԻՐՈՒՄ»։ Ահա հայու միակ Յաղթանակի Կամարը, կամ Փառքի Կամարը։ Իսկ եթէ դուք, յարգելի ընթերցող, ուզէք գիտնալ, թէ Չարենցի տողերը ինչո՞ւ թէ՚ այս յօդուածի մէջ եւ թէ՝ այդ կամարի վրայ գլխագիր են, պատճառը այն է, որ բանաստեղծը ակնարկելով մեսրոպեան նշանագիրերուն, կ’ըսէ. «Չե՜մ մոռանայ աղօթք դարձած երկաթագիր գրքերը մեր»։ Երկաթագիրը հայկական անդրանիկ գրատեսակն է, ստեղծուած է որպէս գլխագիր։

Երգ յօնքերը կամար աղջկան

Քանի մը ժամ առաջ, յարգելի ընթերցող, երկնակամարը շիկացած էր, իսկ այժմ նոյն կամարի վրայ բարձրացաւ լիալուսինը։ Գիշերային այս խաղաղ ժամուն, կ’առաջարկեմ, որ աւարտենք քարէ կամարներու պատմութիւնը եւ անձկութեամբ ակնկալենք գրական կամարներու հէքիաթը։ Յաջորդ յօդուածի մէջ, յարգելի ընթերցող, կը մտածեմ աշուղներ եւ բանաստեղծներ հրաւիրել ու հեշտօրէն տարուիլ անոնց քնարական երգերով։ Իսկ այսօր, որպէս հրաժեշտի մեղեդի մենք ունկնդրենք «հասակը սօսի», «աչքերը նուշ», «դէմքը լուսին» Նուպարի երգը. (Նուպար. արեւելահայ աւանդութեան մէջ իգական անուն)

Նուբարի բոյը չինար է,

Աչքերը նուշ ու խումար է,

Երեք օրուայ լուսնի նման,

Ունքերը կեռ ու կամար է։