ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Կենսատու պատմութիւններ, խմորուած յուշեր

Գոհարիկ մեծմամայիս մասին ամէնէն վառ յուշերս իր մշտաշարժութիւնն ու կերակուր պատրաստելու բացառիկ ձիրքն են։ Ան կրնար տան մէջ գտնուած որեւէ ուտելիք քով-քովի դնել եւ համեղ ճաշ մը պատրաստել։ Մեծմայրս այնպիսի անձ մըն էր, որ իր կեանքը կ՚իմաստաւորէր անդադար ճաշ պատրաստելով եւ սիրելիներուն կերակրելով (երբեմն ստիպողաբար)։ Թերեւս այսպիսով ան գտած էր ընտանիքին պատմութիւնները (չ)պատմելու կերպը։ Ուրսուլա Քէյ Լը Կուէն քննական մօտեցում ցուցաբերեց գրականութեան մէջ հերոս հասկացութեան նկատմամբ՝ իր «Տոպրակ-պայուսակի տեսութիւնը ստեղծաբանութեան մէջ» փորձագրութեան մէջ։ Հերոսական պատումներու փոխարէն, որոնք յաճախ ժամանակի ընթացքին քանդիչ ուժի կը վերածուին, ան առաջարկեց տոպրակի գաղափարէ մեկնած փոխադրողի պատումներ։ Հերոսի մը զէնք կրողի կերպար մը ըլլալու փոխարէն, ան մեզի յիշեցուց, որ առաջին մշակութային գործիքը տոպրակ-պայուսակն էր, որ կ՚օգտագործուէր ոչ թէ սպաննելու, այլ կրելու եւ պահելու։ Այս տեսակէտը, որ կը վայելէ նեցուկը նաեւ մարդաբան Էլիզապէթ Ֆիշըրի, պատումի կեդրոնին կը դնէ գոյատեւումը, սնուցումն սնուցումն ու ձեւափոխումը ։

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Գոհարիկ մեծմօրս մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը պատկերացուցի առաւելաբար հիմնուելով Քընալը կղզիի վրայ անոր անցուցած կեանքի պատառիկներուն վրայ. կեանք մը, որուն մանրամասնութիւնները մութ են ինծի։ Իր «կղզեցի» ըլլալը, այսինքն՝ հոն ծնած-մեծցած ու հոնկէ հարս գացած ըլլալը, աւելի արժեւորեց կղզիին վրայ ընտանիքիս անցուցած ամառնային կեցութիւններու ճամբով ստեղծուած կղզիին հետ մեր կապը։ Այս այն պատմութիւն էր, որ կը սիրէի պատմել երիտասարդութեանս տարիներուն։ Տարիքիս յառաջացումով եւ տանս մէջ չխօսուած պատմութիւններու բովանդակութեան ամբողջացումներով, հաւանաբար քանի մը լրացումներ կատարուեցան մեծմօրս Կեսարացի ընտանիքին պատմութիւններուն, բայց բացթողումները խորքին մէջ մնացին նոյնը։ Մեծմայրս շատախօս, շրջապատին հետ դիւրաւ ընտելացող կին մըն էր, այնքան մը, որ երբեմն կրնար իր սահմանը անցնիլ, այլոց գործին խառնուիլ եւ հարցեր ստեղծել։ Ան բոլոր ծանօթներուն մասին պատմութիւններ ունէր պատմելիք, բայց երբ կարգը գար իր ընտանիքին, ոչ մէկ բան կը պատմէր։ Իսկ մենք՝ չէինք հարցներ։

Գոհարիկ մեծմամայիս մասին ամէնէն վառ յուշերս իր մշտաշարժութիւնն ու կերակուր պատրաստելու բացառիկ ձիրքն են։ Ան կրնար տան մէջ գտնուած որեւէ ուտելիք քով-քովի դնել եւ համեղ ճաշ մը պատրաստել։ Մեծմայրս այնպիսի անձ մըն էր, որ իր կեանքը կ՚իմաստաւորէր անդադար ճաշ պատրաստելով եւ սիրելիներուն կերակրելով (երբեմն ստիպողաբար)։ Թերեւս այսպիսով ան գտած էր ընտանիքին պատմութիւնները (չ)պատմելու կերպը։ Անոր լաւագոյն հիւնէրներէն մէկը թթուաշ եւ պտղանոյշ պատրաստելն էր։ Վստահ եմ, որ մեզմէ շատեր կը յիշեն տարբեր չափի եւ ձեւի գունաւոր շիշերը՝ մեր մեծմամաներուն տան պահարանին մէջ շարուած, իրենց հերթին սպասումով։ Այս շիշերուն ետին գտնուող աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը ես ուշ հասկցայ՝ երբ որոշեցի թթուաշ եւ մրգանոյշ պատրաստել համաճարակի ժամանակաշրջանին։ Մեծմօրս ձայնը ականջիս եւ անոր հմուտ, գիրուկ ձեռքերը աչքերուս առջեւ՝ պատրաստեցի առաջին թթուաշի պահածոս։ Երբեմն մարդս երկար ժամանակի կը կարօտի հասկնալու համար երէցները։ Պատրաստածս լոկ ուտելիք չէր։ Թթուաշի պատրաստութեամբ ես կեանքի կը բերէի դարաշրջանի մը, լռութեան մը, յիշողութեան մը մէջ թաղուած պատմութիւնները։ Յանկարծ հասկցայ՝ մեր մեծմայրերը այդ պահածոյ շիշերուն մէջ կը պահէին իրենց չըսած բոլոր բաները. անոնք բաղադրատոմսեր կը ձգէին մեզի՝ բառերու փոխարէն. ճաշասեղաններուն վրայ կը հրամցնէին չգրուած պատմութիւններ. բացակայութիւնը կը ձեւափոխէին մրգանոյշով, անձկութիւնը՝ աղով։ 

1986 թուականին, Ուրսուլա Քէյ Լը Կուէն քննական մօտեցում ցուցաբերեց գրականութեան մէջ հերոս հասկացութեան նկատմամբ՝ իր «Տոպրակ-պայուսակի տեսութիւնը ստեղծաբանութեան մէջ» (The Carrier Bag Theory of Fiction) փորձագրութեան մէջ։ Հերոսական պատումներու փոխարէն, որոնք յաճախ ժամանակի ընթացքին քանդիչ ուժի կը վերածուին, ան առաջարկեց տոպրակի գաղափարէ մեկնած փոխադրողի պատումներ։ Հերոսի մը զէնք կրողի կերպար մը ըլլալու փոխարէն, ան մեզի յիշեցուց, որ առաջին մշակութային գործիքը տոպրակ-պայուսակն էր, որ կ՚օգտագործուէր ոչ թէ սպաննելու, այլ կրելու եւ պահելու։ Այս տեսակէտը, որ կը վայելէ նեցուկը նաեւ մարդաբան Էլիզապէթ Ֆիշըրի, պատումի կեդրոնին կը դնէ գոյատեւումը, սնուցումն ու ձեւափոխումը ։ 

Ի տարբերութիւն այն պատումներուն, որոնք Լը Կուէն «մարդասպանութեան պատմութիւններ» կ՚անուանէ եւ որոնք ուղիղ կերպով կը պատմուին ու կ՚աւարտին ճգնաժամի մը լուծումով եւ մէկու մը սպաննութեամբ, ան կ՚առաջարկէ կեանք պարունակող, պայքարի փոխարէն խնամք ցուցաբերող եւ աւարտի փոխարէն ձեւակերպութեան տանող պատումներ։ Այս պատմութիւնները չեն պատմուիր, այլ կը փոխանցուին, լռիկ-մնջիկ կը փոխանցուին շիշերու եւ տոպրակներու միջոցով՝ ձեւաւորուած երէցներու ձեռքերով, երբեմն պտղանոյշի, երբեմն ալ թթուաշի շիշերու մէջ յայտնուող։ Շիշը, Լը Կուէինի տոպրակին նման, պատմութիւն կը կրէ։

Խմորումը (fermentation) ոչ միայն պահածոյ պատրաստելու մեթոտ է, այլ նաեւ դիմադրութեան, բուժելու եւ ձեւափոխման վարժութիւն է։ Թթուաշ կամ պտղանոյշ պատրաստելը գոյատեւման ռազմավարութիւն եղած է պատերազմ տեսած, տեղահանութիւն եւ չքաւորութիւն ապրած կիներու համար։ Այս պատրաստութիւններու ընթացքին բաղադրատոմսերուն հետ կը փոխանցուին նաեւ ներգիտակցութիւն, համբերատարութիւն, կշիռ եւ հոգատարութիւն։ Ինչպէս Սանտոր Էլիքս Քաց կը նշէ՝ «fervere» բառի լատիներէն ստուգաբանութիւնը կը պարունակէ եռալ, յորդիլ եւ բարձրանալ իմաստները։ Մակերեսին տակ բաւական փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ մանրէներու եւ սունկերու անտեսանելի աշխատանք մը, միաժամանակ՝ յիշողութեան աշխատանք, որ ներսէն կը գործէ։ Այս ձեւով շիշերը կը վերածուին ժամանակի հունտի պատեանի։ Իրենց մէջ զետեղուած ամէն բան կը փոխէ իր ինքնութիւնը։ Կը թթուի, կը քաղցրանայ եւ կը ձեւաւորուի։ Եւ մի՛շտ կը կերպարանափոխուի։ Այնպէս ինչպէս մարդու պատմութիւնները կը ձեւաւորուին ցաւէն, բայց չեն կրնար նուազեցուիլ մէկ ինքնութեան։ Անոր համար թթուաշ պատրաստելը գոյատեւման ձեւ մըն է։ Ոչ միայն ֆիզիքական գոյատեւման, այլեւ յուզական, մշակութային, նոյնիսկ՝ բարոյական։ 

Բնաւ պիտի չկարենամ գիտնալ Գոհարիկ մեծմամայիս ականատես եղած ցաւերը։ Ապրած օրերը, իր մէջ իր լռեցուցածները, իր մէջ թաղածները, պատմել չուզածները՝ մեծ մասը մնացած է անբացայայտ։ Այս բոլորին հանդերձ, օր մը, յանկարծակի կերպով, այս բոլոր անյայտ պատմութիւններու ծանրութիւնը յայտնուեցաւ իմ մարմինիս մէջ։ Կարծես անոր կեանքը, այն իմաստութիւնը, որ զարգացուցած է դժուար ատեններուն՝ իր ընտանիքը կերակրելու, միասին պահելու, կեանքը մէկ կերակուրի մէջ տեղաւորելու, դուրս ժայթքեցաւ մէջէս, տեղէ մը, որ անուն չունի։ Ինչպէս Թալին Սուճեան այս սիւնակին մէջ նախապէս գրած էր՝ մեր մեծմամաներուն մեծամասնութիւնը ապրած է «պատմութեան հրեշտակներու» նման՝ վկաներ, որոնք ականատես եղած են աղէտին, բայց չեն կրցած պատմել։ Թերեւս ալ բաղադրատոմսերն ու ձեռքի գործերը փոխարինեցին իրենց պատմել չկրցած պատմութիւնները։ Իբրեւ ցաւի լուռ պատասխան՝ խմորելով, ձեւափոխելով, բուժման վերածել փորձելով։ Այս պատճառով, թէեւ ես չեմ գիտեր մեծմամայիս պատմութիւնը, այսուհանդերձ ես կը հանդիպիմ անոր։ Իւրաքանչիւր դժուար պարագայի մէջ ես կը տեսնեմ անոր դէմքը, ոչ նիւթապէս՝ այլ մարմինիս ներսէն արձագանգելով։ Անոր ցաւին արձագանգէն բաժին մը տակաւին մէջս կ՚ապրի։ Երբեմն բուժումը խօսուած բան չէ, այլ՝ կրկնուած։  Նոյնիսկ լուռ պահած մեր բաները օր մը պիտի դուրս ժայթքին ներսէն։ Այնպէս ինչպէս հոգեխոցը ժառանգաբար փոխանցիկ է, նոյնպէս ալ դիմադրութիւնը կրնայ ժառանգաբար փոխանցիկ ըլլալ։

Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան