ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Հապա աղը նեխի

Ժողովրդական ծանօթ ասացուածք է՝ «Միսը որ նեխի կ՚աղեն, հապա աղը նեխի՞»։ Ճարահատութեան կամ յուսալքութեան վերաբերեալ այս խօսքը հետզհետէ աւելի յաճախ կը մտաբերուի դիտելով օրուայ անցուդարձերը։

Նոյնպէս վերյիշուած խօսք մըն է. «Երկրի մը մակարդակը բնութագրելու համար պէտք է տեսնել թէ մարդիկ ինչպէս կը մեռնին»։

Գերմանաբնակ թուրք ընտանիքի Իսթանպուլեան արձակուրդը կատարեալ ողբերգութեան մը վերածուեցաւ այդ ընտանիքի բոլոր անդամներուն մահով։ Ցարդ չէ ճշդուած մահուան պատճառ դարձող գործօնը։ Առաջին հերթին կասկածները ուղղուած էին սնունդի թունաւորման։ Նկատի ունենալով որ անոնք համտեսած էին փողոցային ճաշատեսակներ, մեղադրանքի սլաքները մատնացոյց ըրին ուլականջը, քոքորէչը եւ այլ սնունդի տեսակներ, որոնք յատուկ են փողոցին։ Իրաւապահ մարմինները անյապաղ կերպով բերման ենթարկեցին եւ ապա ձերբակալեցին այդ սնունդները վաճառողները։

Ցնցիչ առաջին լրատւութեան յաջորդեցին նոր յայտնաբերումներ։ Պարզուեցաւ որ ընտանիքը երկու անգամ դիմած է հիւանդանոց, բայց բժիշկները չեն անդրադարձած խնդրի լրջութեան։ Սիրտխառնուկը եւ ուժասպառութիւնը կանխող դեղատոմսով մը զիրենք ետ ուղարկած են։

Լուրը լսելի դարձաւ, երբ մահացան մէկը 3, միւսը 6 տարեկան երկու երախաները։ Ապա վրայ հասաւ մօր մահուան գոյժը։ Այդ պահուն ընտանիքի հայրն ալ մահաքունի մէջ էր։

Հասարակութիւնը կը փորձէր այս մահերը ծածկող մշուշին մէջէն հասկնալ թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ եղած է։ Ո՞ր մէկ սնունդն է մեղաւորը։

Այդ թանձր մշուշի մէջէն յստակացաւ նոր դէպք մը։ Նոյն հիւրանոցը իջեւանած երկու զբօսաշրջիկներ եւս նման ախտանշաններով հիւանդանոց փոխադրուած էին։ Այս անգամ ուշադրութեան կիզակէտին էր հիւրանոցը։ Իմացանք թէ ճիշդ այդ օրերուն հիւրանոցը միջատներէ զերծելու համար յատուկ քիմիական նիւթեր սրսկուած է շէնքին մէջ։ Վրայ հասաւ նաեւ դատական բժշկութեան առաջին մեկնաբանութիւնը, որ կը հաստատէր սննդեղէնի անմեղութիւնը։

Աւելի նուազ ուշադրութեան արժանի եղաւ բժիշկներու թերացումը, որ միգուցէ կրնար կեանքեր փրկել։ Այդ նիւթով ալ շատեր յիշեցին նախագահ Էրտողանի երկիրը լքելով արտասահման հաստատուած բժիշկներու հասցէին արտասանած «Ուր որ ուզեն թող երթան» խօսքերը։

Հանրային կարծիքը ծանրաբեռնուած էր այս նիւթով, երբ լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին ոստիկանի մը վարձած ինքնաշարժէն գտնուած 16,3 քկ. Նարքոթիկ լուրով։ Ոստիկանի բջջային հեռախօսի քննարկումով տեսնուեցաւ անոր իր պաշտօնակցին ղրկած հետեւեալ գրառումը. «Իմ գրասեղանի ներքեւի դարակին մէջ ծրար մը կայ, զայն կը փոխանցես կնոջս»։ Ոստիկանները իսկոյն շարժման անցան եւ գտան այդ ծրարը, որուն մէջ դիզուած էր 318 հազար ԹԼ.։

Թուրքիոյ իշխանութիւնները տեղի-անտեղի կը սիրեն ճառել երկրի ժողովրդավարութեան, օրինականութեան մասին։

Վերեւ նշուած օրինակները կարելի է բազմացնել անցնող մէկ-երկու շաբաթներու ընթացքին պատահած այլ եւ այլ դէպքերով։

Ոչ թէ այս կամ այն համակարգը, այլ բովանդակ երկիրը կը տառապի փտախտէ, այլ խօսքով աղն ալ նեխած է։