Կամարներու երկիր է Հայաստանը, ըսինք շաբաթ մը առաջ, ապա պտոյտ մը կատարեցինք մեր լեռնաշխարհի վրայ եւ կազմեցինք քար քարի վրայ շարուած կամարներու ժողոուածու մը։ Այդ օր մեր հիւրերն էին ճարտարապետներ, կամարաշէն վարպետներ եւ քանի մը մատենագիր այր, որոնք յօրիներ էին «հոգեւոր» կամարներ։ Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, մեր զրոյցին հիւր ըլլան աշուղներ եւ բանաստեղծներ, եւ մեզի բացատրեն, թէ ինչո՚ւ այրած են իրենց սիրտերը։ Միթէ «կամար» յօնքերող գեղուհի՞ մը անցաւ իրենց սիրտէն… Ուստի, կէս-գիշերային այս խաղաղ ժամուն, դո՚ւք, սէրը բանաստեղծութեան մէջ փնտռող տիկիններ եւ պարոններ, ձեզ կը հրաւիրեմ հայկական գրականութեան՝ բառ բառի վրայ շարուած, քնարական եւ հրապուրիչ «կամար»ներուն։
Եարի «ուները» կամար
Կը յիշէ՞ք, յարգելի ընթերցող, 5-րդ, 6-րդ, կամ 10-րդ դարուն մեր վանական հայրերը եկան խաչերով, նայեցան երկինք եւ ստեղծեցին «հոգեւոր» կամարներ, ինչպէս «Կամարաձեւ խորանն երկնից», «Կամարն երկնից համբարձան», «Եօթնաստեղեան երկնից կամարք»։ Ապա, 1500-ներուն, տաղասացներ եկան սազերով։ Անոնք նկատեցին իրենց ծիծաղող հողեղէն գեղեցկուհիին եւ հիացան անոր կամար յօնքերուն։ Ուշ-միջնադարուն «կամար» բառը դարձաւ՝ աշխարհիկ։ Մեր շրջիկ երգահանները, բոլորը սիրավառ տղաներ, ստեղծեցին քնարական եղանակներ։ Անոնցմէ մէկը Ղարիպ Մկրտիչն էր, որ իր եարի սիրուն դէմքը դիտեց եւ գրեց. «Երեսդ լուս կու տայ զէտ շէմս ու ղամար / Աչվնիդ թուխ է, ընքվնիդ՝ կամար»։ Սահակ Տիրացու տաղասացը առաւօտեան շաղի եւ ցօղի մէջ տեսաւ իր արեւադէմ, «նազլի» սիրուհիին. «Երեսներդ արեգակ կամ շամս ու ղամար, / Աչքերդ կանթեղ է, ուներդ կամար»։
Օտար կամարներու երգիչը
Նախ քնքոյշ, քնարական կամարներ յօրինող, ապա անոր տակ թախծող բանաստեղծ էր Վահան Տէրեանը։ Տէրեանի բանաստեղծութիւններու մէջ «կամար» բառի քով միշտ կայ տխրութիւն, կարօտ, աշուն, կամ՝ անձրեւ. «Ես ընկած էի օտար աշխարհում, / Անարեւ երկնի կամարների տակ»։ Տէրեանի «չքնաղ աղջիկ» կոչածն իսկ անհասելի է, օտար, երազ մը հեռաւոր. «Օտար երկնքի կամարների տակ / Երազիս տեսայ մի չքնաղ աղջիկ»… Միշտ աշուն, միշտ անձրեւ, պաղ, միապաղաղ. «ԱՇՈՒՆ ։ Դալուկ դաշտեր, մերկ անտառ / — Մահացողի տխո՜ւր կեանք… / Անձրեւ, քամի, սեւ կամար…»։
Եարիս հրեղէն կամարը
Ամէն բանաստեղծ չէ որ սիրոյ տխուր երգեր երգեց։ Ահա Նաղաշ Յովնաթանը։ 1680 թուականն է։ Եղանակը գարուն։ Նաղաշ Յովնաթանը կը նկատէ, թէ եարը ամէն առաւօտ դաշտէն ծաղիկներով կու գայ։ Նաղաշը, երգիչ, նկարիչ, բանաստեղծ, երաժիշտ մարդ, կ’առնէ իր քամանչան եւ կ’երգէ. «Ամէն առաւօտ կու գաս ծաղկներով, / Երեսդ նման է շամս ու ղամար ա. / Ծով աչքերդ լցած անգին քարերով, / Ունքերդ վրայ կապած՝ հրեղէն կամար ա»։ Նաղաշ Յովնաթանի համար գիշերային ժամերն էին անձկալի, երբ սիրուհին կը բացակայէր։ Տաղասացի մխիթարութիւնն էր լուսինը, որ նման էր իր եարին. «Լուսնի նման պայծառ երես բոլորած, / Ես մնացի կարօտ՝ համբուրից համար»։ Այդ խորհրդաւոր ժամուն Նաղաշը շարունակեց երգել.
Ունքերդ կապել է կամար կրակով,
Աչքերդ վառել է պայծառ ճրագով,
Ափսոս, որ ծածկել ես բարակ լաչակով
Ես մնացի կարօտ՝ տեսնելոյ համար։
Կամարներէն լոյս կը ծագի
Օրեր եղան, «կամար» բառը տեսանք վշտալի քերթուածներու մէջ։ Եղան բանաստեղծներ, որոնք ողբացին կեանքէն անժամանակ հեռացած սիրելիի համար։ 1450 թուականին երբ Ամիդ քաղաքի (Տիգրանակերտ) մէջ համաճարակի մը զոհ գացին հազարաւոր մանուկներ, քաղաքի առաջնորդ Մկրտիչ Նաղաշը դառն կսկիծով գրեց «Ողբ ի վերայ մեռելոց» երկը եւ խոր յուզումով նկարագրեց այդ սիրունատես երեխաները. «Աղէկ մանուկ, աղուոր պատկեր, աչքն կանթեղ, ունքն կամար»։ Իսկ Պոլսոյ մէջ, գարնան իրիկուն մըն էր, 1907 թուականը, թոքախտէն տառապող 21-ամեայ Միսաք Մեծարենցը Կիրակմուտքի արարողութիւնը կը վայելէր։ Տաճարի մէջ իր հիւանդ թոքերուն համար բուժիչ էին իրիկուան լոյսը, թաւիշ մշուշը, ճօճուող բուրվառները, ջահերէն ցոլացող մեղեսիկի, զիւմրիւթի եւ թարշիշի երնագները… Միսաքի հոգին երբ կը ծծէր այդ հանդարտ պահը, տղան մնաց անթարթ, ուրախութիւն մը պատեց իրեն. «Կամարներէն… կը ծագին լոյս ու ծիծաղ»։
Լուվրի կամարներու տակ
1917 թուականին Շիքակօ քաղաքի մէջ տպուած է ան։ Գիրք մըն է փոքրադիր, 95 էջ։ Գինը՝ 50 սէնթ։ Խորագիրը «Կարկառուն կամարներ»։ Ըստ իր տիտղոսաթերթի, նուիրուած է «Փոթորկի ռահվիրան Սեբաստացի Ս. Մուրատի»։ Եւ դարձեալ ըստ իր տիտղոսաթերթի, այդ գործը «Յեղափոխական տրամա» մըն է, 6 արարով։ Զարմանալի է տեսնել, թէ «կամար» բառը մարդու համար գործածուած է։ Ապա, մտածեցի, արդեօ՞ք այլ գիրքերու վրայ տեղ գտած ըլլան այլ «կամար»ներ։ Գտայ երեք հատ գիրք։ Հետաքրքրական անուններ ունէին անոնք. «Մութ կամարների տակ», Թիֆլիս, 1923, «Հայկական կամարը գոթական ոճին մէջ», Վենետիկ, 1941, «Լուվրի կամարների տակ», Երեւան, 1974։ Վերջինը նուիրուած է Փարիզի մէջ կայացած «Հայկական արուեստը Ուրարտուից մինչեւ մեր օրերը» ցուցահանդէսին։ Իսկ այսօր, Լուվրի հայկական գանձերը եկած են Հայաստան։ Անոր անո՞ւնը։ Առանց կամարի՝ «Սրբազան երկխօսութիւն Լուվրից Հայաստանի պատմութեան թանգարան»։
Ծառայ ըլնիմ կամարին
Դուք, յարգելի ընթերցող, կը հաւատա՞ք հրաշքներուն։ Կը հաւատա՞ք թէ դաշտի բոյսերէն հիւսուած խաչ մը կը թռչի եւ լոյս ալ կու տայ։ «Կարոս խաչն» է ան, հայկական միջնադարեան ընտիր վիպերգ մը։ Այդ գեղեցիկ երգը բաղկացած է շուրջ 200 տողերէ եւ ամէն տող կը վերջանայ «ին» յանգով։ Վիպերգին մէկ այլ քնարական հնչեղութիւն կու տայ իւրաքանչիւր տան աւարտին կրկնուող «Ծառայ կ’ըլնիմ Կարոս խաչին» տողը։ Այդ պատմութեան մէջ հօտաղները դաշտի մէջ կարոս բոյսէն խաչ մը կը պատրաստեն։ Խաչը հրաշագործ է։ Կը թռչի եւ գիշերները լոյս կու տայ։ Անոր զօրութեան կը հաւատան նաեւ գիւղի իշխանը եւ քահանան։ Խաչը կը բերեն եկեղեցի, ուր նոյնպէս լոյս կու տայ։ Ապա, ինչե՜ր, ինչե՜ր կը պատահին։ Քիւրտ պարոն մը կը լսէ այդ խաչի մասին, գողնալ կու տայ զայն… Պատմութիւնը կը պարունակէ այլազգի տիրողներու կողմէ հայկական սրբութիւններու եւ սրբաւայրերու կողոպտման ու աւերման բազմաթիւ դրուագներ։ Բայց մենք մնանք այդ խաչի շինած կամարի վրայ։
«Տէ՜ր, ողորմեա՚է ասացին,
Առան, տարան Կարոս խաչին,
Տարան, դրին սուրբ տաճարին,
Ցերեկ հով կ’անէր վեր աշխարհին,
Գիշեր լոյս կամար կապէր վեր տաճարին։
Ծառայ կ’ըլնիմ Կարոս խաչին»։
Հայկի հպարտ կամարները
Դուք, այժմ կը հարցնէք, թէ «կամար» բառը, որ զարդարեր է մեր երկիրը եւ լեզուն, արդեօք հիւսա՞ծ է հայրենասիրական տողիկներ։ Անկասկած։ Նայիրի Զարեանը իր «Հայերէն» բանաստեղծութեան մէջ զրուցեց մայրենիի հետ։ Մինչ Զարեանը կը գրէր գեղեցիկ քերթուածներ, հպարտ լեզուն ինչո՞ւ կը մնար լուռ. «Ինչու՞ չես խօսում հայերէն. / Ես երգ եմ հիւսում քեզ համար, / Յօնքերդ հպարտ ու կամար… / Հայքից են աչքերը քո բոց, / Յօնքերդ հպարտ ու կամար»։ Վազգէն Օվեանը խօսեցաւ իր հայրենի լեռներու հետ։ Բանաստեղծը խնդրանք մը ունէր պարզ.
Լոյսդ տուր ինձ՝ չխարխափեմ,
Տու՚ր սէրդ ինձ՝ սիրով արբեմ,
Տու՚ր ամպերը քո լեռների՝
Անձրեւ դառնամ,
Ծիածանի կամար կապեմ։
Իսկ նոր ժամանակներուն Ներսէս Վանականն էր (Տ. Ներսէս արք. Պոզապալեան), 1996 թուականին, որ «կամար» բառը գործածեց հազուագիւտ հոգեւոր բանաստեղծութեան մը մէջ։ Ներսէս Վանականը խնդրեց, որ սուրբ մեռոնը իջնէ, համայն հայոց բաշխուի եւ մեզ օժտէ երկնային բիւր շնորհներով. «Մեռոն մասունք հաղորդութեան… / Օժտի՜ր մեզ բիւր շնորհներով երկնային…, / Աղաւնակերպ եւ զերթ լեզու հրեղէն, / Երկնի կամար բարձունքներից շողակաթ / Իջի՜ր, հոգի՜ իմաստութեան, գիտութեան»։
Սիրաբանութիւն կամարի տակ
Դուք, յարգելի ընթերցող, կ’ուզէ՞ք «կամար» բառը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ, վառ ու լուսաւոր փառքով լսել. Ականջ տուէք հայկական սիրային երգերուն։ Ճարտարապետներու շինած քարեղէն կամարներէն, վարդապետներու յօրինած ոգեղէն կամարներէն աւելի՝ հայկական գեղջկական երգերու մէջ դուք կը վայելէք «կամար» բառը։ Հայ շինականի յօրինած այդ երգերու մէջ դուք կը գտնէք յարգանք եւ հիացում հայուհիի հանդէպ։ Այդ երգերու մէջ դուք կը բարձրանաք ու կ’իջնէք կամար յօնքերէն, որոնք կը վառեն մարդու սիրտը։ Ձեզի համար, տիկնայք եւ պարոնայք, համադրեցի աշխարհիկ երգերու ժողոուածու մը։ Ահա հարսանեկան երգ մը. «Ունքդ կամար, աչքդ նուշ է», համբարձման երգ. «Բոյը չինար, մէջքին քամար, / Աչքերը ծով, ունքը կամար, / Տիրնա՜-նինէ՜, / Զուռնի ձէնը գեղով մին է», համբարձման վիճակի երգ. «Մանի ասեմ ու շարեմ, / Ջան ծաղիկ, ջան, ջան, / Արեւը կամար-կամար, / Ջան, ծաղիկ, ջան», վարդավառի երգ. «Արեւը կամար կապել է, / Ջա՜ն, Վարդավառ», սիրային երգերու շարան. «Արեւն ելաւ կամար, կամար», «Կամար ունքդ գովեցիր», «Երկնից կամար ունքերդ, / Ինձի վառեց քո սէրդ», «Մեռնեմ ունքի կամարին», «Մի՚ լար, մի՚ լար, / Մեռնեմ կամար ունքերիդ», «Ձեր տունը կամար-կամար», «Ամպել ա կամար-կամար», վերջապէս ՝ իգական կամարի նուիրուած ամենէն գեղեցիկ խօսքերէն մէկը. «Իբրեւ զաչս գեղեցիկ յօնիւք կամարակերպ թխագոյն զարդարեալ»։
Եասամանի ծառի տակ
Եւ, ահա իր աւարտին կը հասնի «կամար» բառի գեղակամար, կամարակապ եւ բազմակամար պատմութիւնը։ Եթէ դուք, յարգելի ընթերցող, այս շաբաթ հանդիպիք կամար յօնքերով գեղուհիի մը, ձեր աչքը պահ մը պահեցէք անոր վրայ, գացէ՚ք, նստեցէք եասամանի ծառի մը տակ եւ յիշեցէք այս յօդուածը։ Իսկ այժմ իրարու հրաժեշտ տանք երգով մը, որ գրուած է եասամանի ծառի տակ նստած սիրասուն զոյգերու համար.
Եասամանի ծառի տակ
Եկ նստենք սիրով,
Քնքոյշ երգեր երգիր ինձ
Քաղցր խօսքերով։
Ջահել հոգուս համար դու
Կապիր բախտի կամար դու,
Եղիր երկինք ինձ աստղոտ՝
Շողոտ, շաղոտ։