Այն ժողովուրդները, որ երկար տարիներ ապրած են գերտէրութեան կամ կայսրութեան մը լուծին տակ, տարիներու հոլովոյթով կորսնցուցած են նաեւ ինքնիշխանութեան, ինքնորոշման սեփական կամքը գործածելու կարողութիւնը։ Այս երեւոյթը հետզհետէ պատճառ դարձած է ինքնավստահութեան կորուստի։
Պատմական փորձը նման պատկեր մը պարզեց նաեւ հայ ժողովուրդի աշխարհընկալման, կամ քաղաքական մտայնութեան մէջ։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Օսմանեան Կայսրութիւնը, արեւելքի մէջ՝ Պարսկաստան եւ Ռուսիա հայերու հպատակած երկիրներ եղան։ Հայու բնազդին յարմար թուեցաւ համակերպիլ իշխանութիւններու պարտադրած սահմանումներուն եւ աւելին՝ արկածախնդրութիւն համարել։
Այս ընդհանուր երեւոյթի ցոլացումներն են Թուրքիոյ մէջ պոլսահայութիւնը, ԱՄՆ-ի մէջ ամերիկահայութիւնը, Եւրոպայի երկիրներու հայ համայնքները։ Եթէ որոշ չափով բացառութիւն պիտի կազմէ Լիբանանը, այդ մէկը կարելի է բացատրել երկրի պետականութեան խարխուլութեան հետ։
Ցաւալի է տեսնել թէ այս ընդհանուր սովորոյթը արմատացած է նաեւ ներհամայնքային համակարգի մէջ եւս։
Համայնքային կեանքի մէջ եկեղեցին եւ առհասարակ իշխող տարրերը մտահոգութեամբ կը դիտեն իրենց հասարակութեան խիզախ ու պահանջատէր անհատները կամ կազմակերպութիւնները։ Անոնք կ՚ուզեն համակերպող կառոյց մը։ Ոչ իբրեւ անհատ Հրանդ Տինք, ոչ իբրեւ կազմակերպութիւն Նոր Զարթօնք շարժումը ընդունելի չեն իրենց համար։ Սիրած են իշխանութիւնը պատրուակելով իրենց կամքը պարտադրել։ Տեղի-անտեղի կը սիրեն գործածել «Պետութիւնը համաձայն չէ», «կառավարութիւնը դժգոհ է» կամ նոյնիսկ «Պարոնը անհանգիստ է այս որոշումէն»ի նման նախադասութիւններով դիւրաւ կը խոչընդոտեն տեղապահի ընտրութիւնը Պատրիարքի թեկնածութեան անբաղձալի անունի մը չեղարկումը եւ ինչպէս այս օրերուն օրակարգի նիւթ կը դառնայ, համայնքային հինգ հաստատութիւններու ընտրութեան եղանակի փոփոխութեան դէմ առարկութիւնը կ՚արգիլեն։
Յիշենք վերջին համայնքային ընտրութիւններու նախորդող օրերուն անցուդարձները։
Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը պարտադրած էր բոլոր ընտրութիւնները կատարել երեք ընտրատարածքի ձեւաչափով։ Այդ որոշումին դէմ առարկողներուն իշխանամէտ շրջանակները կը պատասխանէին հետեւեալ կերպով՝ «Եթէ առարկենք, այս առիթն ալ կրնանք կորսնցնել»։
Ճիշդ ալ հոս կը ծագի կարեւոր հարցադրումը։ Իրաւունքներ մի՛ պահանջէք, որպէսզի չզրկուիք ներկայ միջոցներէն։ Այս վախն ու սարսափը շահագործելով ժողովուրդը ստրկութեան առաջնորդող գաղափարախօսութիւնը եթէ վերջակէտ մը չունենայ պիտի շարունակենք տուժել մինչեւ վերջ։
Ժամանակը հասած է, որ հայ ժողովուրդը Հայաստան կամ սփիւռք թոթափէ հզօրին ապաւինելու մտադրութիւնը եւ պայքարի արդար իրաւունքին տիրանալու համար։
Երբեմն յաջողութեան տանող բառը շատ կարճ է, միայն երկու տառով «Ո՛չ» ըսելու կարողութիւնն է այդ՝ որուն խիստ կարիքը ունինք։
pakrates@yahoo.com