Պոլսահայ համայնքի հասարակական կազմակերպութիւնները կը դասաւորուին երկու տարբեր եղանակով։ Ունինք ազգային հաստատութիւններ, որոնց սեփականութիւնը կը պատկանի բոլոր ազգակիցներուն եւ ունինք թաղային հաստատութիւններ, որոնք սեփականութիւնն են տուեալ թաղի բնակչութեան։ Առաջին խմբակին մաս կը կազմեն Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցը, Գալֆայեան եւ Գարակէօզեան որբանոցները եւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքը։ Իսկ մնացեալները ունին թաղային բնոյթ եւ կը ղեկավարուին թաղական խորհուրդներու ձեռամբ։
Իշխող կառավարութեան կամայական որոշումով համայնքային հաստատութիւնները դուրս մնացին իրենց ազգային սահմանումէն եւ դասուեցան թաղական հաստատութիւններու կողքին։
Ափսոս որ այս կարեւոր զարգացումը արժանի քննարկումը չունեցաւ ոչ Պատրիարքարանի, ոչ տուեալ հաստատութիւններու, ոչ ալ մամուլի եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մօտ։
Սոյն բացթողումը վերացնելու միտումով Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպած է նախաձեռնութիւն մը, որ ձօնուած է նիւթի արծարծման։
Արդարեւ 22 Նոյեմբեր շաբաթ երեկոյ ժամը 17.00-ին Պէյօղլու «Աթլաս Սինեմա»ի մէջ կազմակերպուած է նիւթը ուսումնասիրող գիրքի մը շնորհանդէսը, թատերական, երաժշտական եւ պարային ելոյթներով ճոխացած։
Կ՚ակնկալուի թէ տուեալ կազմակերպութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ լուրջ նշանակութիւն ներկայացնող խնդրին լայնածաւալ քննարկման։