Մեր ժամանակներու փոքր Մհերը. Վազգէն Սարգսեան

«Արեւը, ճիշդ է, աշխարհի միակն է,
բայց մայր արեւէն իւրաքանչիւրս իր բաժինը ունի:
Այդ է պատճառը, որ ուրիշ տեղի
արեւը մեզ չի ջերմացներ...»
Վազգէն Սարգսեան

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ քիչ են այն կերպարները, որոնց անունը դարձած է ազգային ինքնագիտակցութեան խորհրդանիշ։ Վազգէն Սարգսեանը հէնց այդ բացառիկ դէմքերէն է մարդ, որու անունը այսօր ալ կը հնչէ որպէս պատասխանատւութեան, խիզախութեան եւ նուիրումի կոչ։

Գրողի եւ ռազմիկի
հակասութիւնը

Մինչ քաղաքականութիւն մտնելը՝ Վազգէն Սարգսեան գրող էր։ Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ նկատելի էր հողին ու մարդու ներքին ազնւութեան նուիրուած շունչը։ Սակայն կեանքի ընթացքին գրական խօսքը դարձաւ գործնական պայքար։ Ան իր գաղափարական հռետորութիւնը տեղափոխեց պետական դաշտ՝ գրիչը փոխարինելով իրական զէնքով։

Բանակի հայրը

Վազգէն Սարգսեանի կենսագրութիւնը անքակտելիօրէն կապուած է հայոց մերօրեայ բանակի ձեւաւորման հետ։ Անոր ղեկավարութեամբ եւ կամքով ծնուեցաւ այն համակարգը, որ դժուարին ու վճռորոշ տարիներուն դարձաւ պետականութեան ողնաշարը։ 1990-ականներու սկզբին, երբ Հայաստանը նոր-նոր կ՚ազատագրուէր խորհրդային անցեալէն, ան զգաց ժամանակի հրամայականը՝ պետականութիւն պահելու միակ միջոցը զօրաւոր բանակ ունենալն է։ Սարգսեանի զինուորական մտածողութիւնը հիմնուած էր ո՛չ թէ բռնութեան, այլ արժանապատւութեան գաղափարի վրայ։ Ան բանակը կը տեսնէր որպէս ժողովրդական դպրոց, որտեղ կը ձեւաւորուի քաղաքացիի ոգին, իսկ ծառայութիւնը՝ որպէս բարձրագոյն պատասխանատւութիւն հայրենիքի հանդէպ։

Քաղաքական առաջնորդը

Վազգէն Սարգսեանը քաղաքական ասպարէզ մտաւ ոչ թէ իշխանութեան, այլ ծառայութեան մղումով։ Ան կը հասկնար, որ անկախ Հայաստանը պէտք է ունենայ ոչ միայն բանակ, այլեւ վստահելի կառավարման համակարգ։ Վարչապետի պաշտօնին ան կ՚առանձնանար իր խիստ աշխատասիրութեամբ, պետական մտածողութեան եւ անզիջող վերաբերմունքով կոռուպցիայի հանդէպ։ Անոր յայտնի արտայայտութիւնը՝ «Ես իմ հայրենիքը կը սիրեմ այնպէս, ինչպէս կը սիրեն մօրը», դարձաւ պետականութեան պաշտպաններու համար վարքականոն։

Հոկտեմբերի 27-ի ստուերը

1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ի ողբերգութիւնը ոչ միայն հայէն խլեց Վազգէնին, այլեւ կտրեց Հայաստանի զարգացման բնական ընթացքը։ Այդ օրը խորհրդարանի մէջ արձակուած կրակոցները դարձան մի ամբողջ դարի ցաւի խորհրդանիշ։ Սակայն նոյնիսկ մահէն ետք Վազգէն Սարգսեան մնաց կենդանի գաղափար։ Անոր կերպարը վերածուեցաւ ազգային յիշողութեան խորհուրդ՝ յիշեցնելով, որ հայրենասիրութիւնը ոչ թէ կարգախօս է, այլ ապրելու ձեւ։

Վազգէնի ժառանգութիւնը.
Գաղափար եւ ոգի

Այսօր, երբ սերունդները կը փորձեն նորովի գնահատել Հայաստանի անկախութեան տարիները, Վազգէն Սարգսեանի կերպարը աւելի ու աւելի կ՚ամրանայ որպէս գաղափարական կայունութեան եւ ազգային արժանապատւութեան խորհրդանիշ։

Անոր թողած ժառանգութիւնը միայն բանակը չէ, այլ այն բարոյական գաղտնագիրը, որով պետութիւնը կրնայ դիմակայել ցանկացած փորձութեան՝ միանալով ժողովուրդի հոգեւոր արմատներուն։

Հարցազրոյց Վազգէն Սարգսեանի եղբօր՝ Հանրապետութիւն կուսակցութեան նախագահ, ՀՀ նախկին վարչապետ Արամ Սարգսեանի հետ։

Վազգէն Սարգսեանը յաճախ կ՚ընկալուի որպէս ժամանակից դուրս կանգնած ազգային հերոսական կերպարի մարմնաւորում։ Ո՞րն էր այդ ներքին ուժի աղբիւրը՝ բնոյթ, դաստիարակութիւն, ժամանակի պահանջը։

Ես կը կարծեմ՝ երեքն ալ ինչ որ չափով գործօն հանդիսացած են՝ թէ՛ բնոյթը, թէ՛ իր տեսակը եւ թէ՛ ժամանակը։ Ժամանակը թելադրած է, որ Վազգէնը գրող, հրապարակախօս ըլլալէ զատ, բաւականին լուրջ յաջողութիւններ ունէր, նախաձեռն նախ Արարատ՝ Երասխավան (մասնաւորապէս), մեր սահմաններու պաշտպանութիւնը, ապա՝ Սիւնիքի, յետոյ՝ ամբողջ Հայաստանի մէջ։ Այդ ստացուեցաւ ինքնաբերաբար, ուղղակի այլընտրանք չկար ալ, որ մտածէին Վազգէնը չէ՝ ո՞վ, որովհետեւ այդպէս էր, այդպէս ստացուեցաւ։ Չգիտեմ, երեւի՝ Աստուծոյ նախախնամութիւնն ալ կար այդ ամէնուն մէջ։

Ի՞նչ կը կարծէք՝ Վազգէն Սարգսեանի կերպարը երիտասարդներու համար սիմպոլիկ է, ներշնչո՞ղ է, թէ՞՝ ուսուցանող։

Ես կը կարծեմ, որ կան մարդիկ, որմնց համար եւ՛ սիմպոլիկ եւ՛ ներշնչող է, բայց ես անձամբ կը գերադասեմ Վազգէնի ուսուցանող կերպարը, որովհետեւ երախաներուն, ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդին դաստիարակելու երկու տարբերակ կայ՝ ցոյց կու տաս լաւ օրինակը, կ՚ըսես՝ որ նմանուի իրեն եւ ցոյց կու տաս վատ օրնակը ու կ՚ըսես՝ այսպէս պէտք չէ ըլլալ։ Ես լաւ օրինակը ցոյց տալու կողմնակից եմ եւ այդ առումով իմ երախաներու համար Վազգէնը այդ լաւ օրինակն է։ Տղաս իրեն կ՚ընդունի որպէս հերոս, որպէս իտէալ։ Վազգէնի մասով որեւէ թերութիւն լսելուս՝ կ՚ըմբոստանայ ու կը վիճէ։ Աղջիկներս այլ կերպ կ՚ընկալեն եւ կը հասկնան։ Իրենք կը սիրեն նախ որպէս հօրեղբօր, յետոյ նոր որպէս ազգային հերոս, հայ մարդու եւ այլն։

Բանակի հայրը՝ սպարապետը, գոհ կ՚ըլլա՞ր արդեօք այսօրուայ բանակի որակէն։

Ես կը կարծեմ, որ Վազգէնը երբեք ալ բանակի որակէն գոհ չէ եղած։ Իր ժամանակն ալ գոհ չէ եղած եւ այսօր ալ գոհ չէր ըլլար, որովհետեւ Վազգէնը եղածով բաւարարուողներէն չէր։ Իր առաւելութիւններէն մէկն ալ այդ էր, որ անընդհատ կը փորձէր հասցնել կատարելութեան։ Ինքը եթէ ինչ որ բան կը գրէր՝ իրմէ անողոք քննադատ չկար, հազար անգամ կ՚անցնէր իր գրածի վրայով, ամէն բառը կը կշռադատէր, կը փորձէր ըլլալ հակիրճ եւ խնայել ընթերցողի ժամանակը։ Մօտաւորապէս այս կարգի մարդ էր Վազգէնը։ Իսկ ընդհանրապէս՝ բանակները ժամանակի մէջ փոփոխութիւններ կ՚ուզեն եւ անոնք կախուած են թեխնիկայի զարգացման, մարդկութեան առաջընթացի հետ։ Ամէն ժամանակ իր բանակի պատկերացումը պիտի ունենայ. նետ ու աղեղի ժամանակները կը տարբերուին այսօրուայ բանակէն, այսօրուայ բանակն ալ կը տարբերուի վաղուայ բանակէն։

Վազգէն Սարգսեանը շատերուն կը ոգեշնչէր։ Իսկ ո՞վ կամ ի՞նչն կը ոգեշնչէր անոր։

Շատ բարդ խնդիր է։ Համար մէկ կրնամ ըսել՝ հայրենիք։ Վազգէնը կ՚ուզէր, որ մենք ցեղասպանուածի, մազապուրծ եղածի հոգեբանութենէն դուրս գանք եւ աշխարհին ներկայանանք որպէս յաղթող ժողովուրդ։ Կը ցանկանար նաեւ, որ մեր ժողովուրդն ունենայ պատմութիւն, որով մեր երիտասարդները կը հպարտանան։ Վազգէնը նման պատմութիւն կերտել կ՚ուզէր։ Այս ամէն ինչը կրկնակի իմաստ ունի՝ հայրենասիրութիւնը եւ նախկինին տեղի ունեցած անարդարութեան դէմ պայքարը։

Այսպիսի միտք կայ՝ Վազգէնը շատերու վախն էր ու երախաներու հետ ֆուտպոլ խաղացողը։ Ի՞նչը անոր կը դարձնէր այդքան ազդեցիկ՝ ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ մարդկային հարթութեան մէջ։

Գիտէ՞ք՝ անհասկնալի մի բան կար՝ ծերերն ու երախաները Վազգէնին շատ-շատ կը սիրէին եւ անոր հետ կը կիսուէին։ Ինչ-որ բանէն վստահութիւն ունէին Վազգէնի հանդէպ։ Անբացատրելի էր՝ ես չեմ կրնար մեկնաբանել, թէ ինչու էին երախաները առաջին հերթին անոր կը պատմեն իրենց ցանկութիւններու մասին։ Որ ըսեմ Վազգէնը ինչ-որ առումով երես կու տար կամ ուզածները կ՚ընէր՝ չէ, բայց ան հետերը կը խաղար, ծերերու հետ ալ կը զրուցէր։ Կը սիրէր լսել։ Ինչ կը վերաբերի վախնալուն՝ Վազգէնէն վախեցած են միայն այն մարդիկ, ովքեր Վազգէնին չեն ճանչցած կամ ճանչցած են հեռուէն, տեսած են, որ անընդհատ ինչ-որ բան կը պահանջէ, ինչ որ բան կը պարտադրէ, ինչ որ խնդիր կը փորձէ լուծել եւ եթէ չի ստացուիր՝ ուժով կ՚ընէր։ Հաւանաբար այդ առումով մարդիկ երեւի վախցած ու զգուշացած են։

Երբեւէ կը բացայայտուի՞ Հոկտեմբերի 27-ը դէ իւրէ

Ես կը կարծեմ, որ երբեւէ բառը այդ առումով բանալի բառն է եւ վստահ եմ, որ երբեւէ կը բացայայտուի, բայց անոր համար կրկին գլխաւոր խնդիրը ոչ թէ քաղաքական կամքն է գործող իշխանութիւններու, այլ աշխարհաքաղաքական իրավիճակները եւ անոնց փոփոխութիւնները։ Որովհետեւ Հոկտեմբերի 27-ի համատեքստին կայ նաեւ արտաքին քաղաքական վարկած։ Այդ անհնարին է ստուգել տարբեր դրդապատճառներով՝ նախ հարեւաններու հետ ունեցած մեր այսօրուայ փոխ յարաբերութիւններով եւ այն տենդենցով, ինչը կը դնենք խնդիրներ հարթելու համար, նաեւ ռազմավարական գործընկերոջ՝ Ռուսաստանի հետ փոխ յարաբերութիւններով, քանի որ այնտեղի իշխանութիւնները այդ առումով այնքան ալ դեմոկրատ չեն եւ հակուած չեն թոյլ տալու, որպէսզի նախկին ազգային անվտանգութեան իրենց արխիւներու հետ որեւէ մէկը գործ ունենայ։ Կը կարծեմ, որ կու գան ժամանակներ, երբ ժողովրդավարութիւնը կը դառնայ երկրի կառավարման ամենակարեւոր գործօնը եւ աշխարհի բոլոր ազգերը անոր կը հասկնան։ Այդ ժամանակ բոլոր երկրներու արխիւները կը բացուին, որմէ ետք պատասխան կ՚ունենաք՝ ընդհանրապէս արտաքին քաղաքական հետք եղած է, թէ՝ չէ եղած, ներքին մասնակիցներ եղած են, թէ՝ ոչ։

Եթէ չըլլար Հոկտեմբերի 27-ը եւ շարունակուէր Վազգէն Սարգսեանի ղեկավարումը՝ այսօր ինչպիսի՞ն կ՚ըլլար Հայաստանը ըստ ձեզ։ Արդեօք նոյնը՞ կ՚ըլլար։

Կը կարծեմ, որ ոչ՝ նոյնը չէր ըլլար, որովհետեւ Վազգէնը երեք խնդիր կը փորձէր լուծել՝ բանակէն քաղաքական դաշտ մտնելով։ Առաջինը՝ ժողովրդավարութեան խնդիրն էր։ Վազգէնը այնքան փոթենցիալ ունէր, որ միայնակ ալ կրնար յաղթել, բայց ինքը երկու ամիս շարունակ խնդրեց ու համոզեց Կարէն Տեմիրճեանին՝ միանայ իրեն, որպէսզի ժողովուրդի սէրը վայելող եւ կառուցման գաղափարը կրող առաջնորդները համաժողովրդական աջակցութիւն ունենան եւ ընտրութիւնները ըլլան ժողովրդավար, չըլլան պարտադրանք։ Երկրորդ՝ Վազգէնը կը փորձէր Հայաստանի ունեցած բնական ռեսուրսները՝ այդ թուին նաեւ մարդկային ռեսուրսը, ամբողջութեամբ օգտագործել։ Անոր համար այցելեց թէ՛ Արփա-Սեւան, թէ՛ Քաջարանի հանքավայր, թէ՛ Կապանի հանքավայր, անգամ մտաւ տեղի հորատ անցքերը, որտեղ մարդիկ կ՚աշխատէին։ Եւ երրորդ՝ Վազգէնը կը փորձէր պայքարել կաշառակերութեան դէմ։ Փաստօրէն, ԱՄՆ-էն վերադառնալէ ետք անմիջապէս այդ գործին մղուեցաւ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ Վազգէնը կը համարէր, որ այս երեք խնդիրները լուծելով՝ Հայաստանի տնտեսութիւնը կրնայ Ատրպէյճանի ունեցած տնտեսութանէն այդքան հետ չմնալ եւ կրնայ իր բանակին սպասարկել այնքանով, ինչքանով Ատրպէյճանը կը սպասարկէ։ Եւ ան կը համարէր, որ եւս երեսուն տարի եթէ մենք կարողանանք ստատուս քվոն պահել՝ աշխարհը կը համակերպուի այն վիճակի հետ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ անկախ եւ անոր անկախութեան հարցը դուրս կու գայ բանակցային հիմնական գործընթացներէն։ Իսկ մնացած տարածքներու առումով արդէն կը սկսուի բանակցային գործընթաց, որտեղ մենք աւելի լաւ դիրքերուն կ՚ըլլանք, քան տուեալ պահուն ունէինք։

Եթէ ունենայիք հնարաւորութիւն նամակ գրելու Վազգէնին՝ ինչի՞ մասին կ՚ըլլար նամակը։

Երեւի ներողութիւն կը խնդրէի այսօրուայ համար։

Որպէս վերջաբան…

Վազգէնը մեր ժամանակներու Փոքր Մհերն է։ Երբ կը քայլէր՝ մինչեւ ծունկերը կը խրուէր հողի մէջ։ Ինչպէս Մհերին չէր դիմանար հողը, այնպէս ալ Վազգէնին չդիմացաւ։ Գնաց ու Մհերի պէս խռոված փակուեց Ագռավաքարի մէջ՝ մեր անյաղթ ցաւի խորքին։

Բայց դեռ կը ծնուին վազգէններ…

Կը ծնուին, որովհետեւ այս հողը երբեք չի մարեր իր հսկաներու սերմը։

(Մանուէլ Ղազարեան, Վազգէն Սարգսեանի ընկերը)

Etiketler

Հայաստան


Yazar Hakkında

Մարի Յովհաննիսեան