27 Հոկտեմբեր 2025-ին Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի դահլիճին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին բացումը։ Ակադեմական այս նոր կառոյցը իրականացաւ Հրեշտակեան ընտանիքին կատարած նուիրատւութեան շնորհիւ։ Ամբիոնը պիտի գործէ Արեւելեան գրադարանին մէջ, պիտի կեդրոնանայ գլխաւորաբար հետազօտական աշխատանքներու վրայ, պիտի կազմակերպէ գիտական եւ մշակութային նիւթերու շուրջ համագումարներ, աշխատանոցներ, ցուցահանդէսներ, իր միջոցով պիտի կազմակերպուին հայագիտական նիւթերու դասաւանդում։27 Հոկտեմբեր 2025-ին Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի դահլիճին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին բացումը։
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արեւելեան գրադարանի տնօրէն եւ օրուան հանդիսավար Տոքթ. Ժոզէֆ Ռուսթոմ։ Ան ներկաներուն յիշեցուց, որ 1933-ին նոյն Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ գործած է Հայագիտական ամբիոն մը, որուն հիմնադիրը եղած է յիսուսեան միաբանութենէն՝ Հայր Ժան/Յովհաննէս Մըսըրեան։ Անոր օրով է նաեւ, որ Արեւելեան գրադարանին մէջ սկսած է կազմուիլ հայերէն եւ հայագիտական գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ մինչեւ օրս կը պահուի։ Ռոսթոմ նշեց նաեւ, որ վերջին տարիներուն, նոյն գրադարանը ձեռք ձգած է լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ Տիրան Աճէմեանի ծաղրանկարները։
Սէն Ժոզէֆ համալսարանի տնօրէն Հայր Սալիմ Տագգաշի ելոյթէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Փիթըր Հրեշտակեան, որ իր ընտանիքին անունով սրտի խօսքը յայտնեց եւ կենսագրական տեղեկութիւններ տուաւ հանգուցեալ հօր՝ Արա Հրեշտակեանի մասին, որու անունով ալ կը կոչուի նորակառոյց ամբիոնը։ ։
Ապա խօսքը տրուեցաւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի, որ ստանձնած է ամբիոնի վարիչի պաշտօնը։ Ան վերյիշեց Լիբանանի մէջ անցուցած մանկութեան եւ պատանեկութեան իր տարիները, երբ երազած էր յաճախել Սէն Ժովէֆ համալսարան։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Արա Հրեշտակեան ամբիոնի գործադիր տնօրէն Տոքթ. Վահէ Թաշճեան։ Ան բարեբախտութիւն համարեց նոր ամբիոնին հաստատումը Արեւելեան գրադարանին մէջ, ուր կարելի է ո՛չ միայն հոն գտնուող հայերէն գիրքերու հարուստ հաւաքածոյէն օգտուիլ, այլ նաեւ զանոնք հարստացնել նոր գիրքերով, ինչպէս նաեւ գրադարանին հետ գործակցաբար կազմել հայկական յիշողութեան նիւթերու (հին լուսանկար, ֆիլմ, վաւերաթուղթ, ձեռագիր յուշեր, եւայլն) արխիւ մը։ Թաշճեան անդրադարձաւ այս իմաստով 15 տարիէ ի վեր Յուշամատեան կայքէջի ընդհանուր տնօրէնի իր փորձառութեան վրայ, երբ աշխարհի չորս կողմերէն բազմաթիւ հայեր իրենց ընտանեկան նիւթերը թուայնացուած տարբերակով կը տրամադրեն Պերլին հաստատուած Յուշամատեան կազմակերպութեան։ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի շրջարկին մէջ, այսպիսի ընտանեկան նիւթեր կրնան այսուհետեւ ֆիզիքապէս հաւաքուիլ եւ արխիւացուիլ։

