2025 թ. «Օրօրա» մրցանակը շնորհուած է բժիշկ Ճամալ Էլթայէպին

«Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 2025 թ. «Օրօրա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը շնորհած է բժիշկ Ճամալ Էլթայէպին։

«Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 2025 թ. «Օրօրա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը շնորհած է բժիշկ Ճամալ Էլթայէպին։ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար մրցանակը կը շնորհուի անոնց, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը ուրիշները փրկելու համար։ Այս տարի «Օրօրան» կը մատուցուի Սուտանի «Ալ Նաո» հիւանդանոցի ղեկավար բժիշկ Էլթայէպին՝ հակամարտութեան գօտիին մարդկանց բուժօգնութիւն տրամադրելու գործին ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան եւ նուիրումի համար։

Սուտանի մէջ ընթացող կործանարար քաղաքացիական պատերազմի եւ երկրի առողջապահական համակարգի գրեթէ ամբողջական խաթարման պայմաններուն բժիշկ Էլթայէպը կը շարունակէ բաց պահել «Ալ Նաո» հիւանդանոցը՝ որպէս Խարթումի տարածքին գործող վերջին հիւանդանոցներէն մէկը։

«Մեծնալով՝ ես հասկցայ, թէ որքան փխրուն կրնայ ըլլալ կեանքը, եւ որքան մեծ նշանակութիւն կրնայ ունենալ մէկ մարդու հոգատարութիւնն ու գիտելիքը։ Ես կ՚ուզէի բժիշկ դառնալ, որպէսզի ծառայեմ մարդկանց ամենադժուարին պահերուն։ «Օրօրա» մրցանակը ամենուրէք կը ոգեշնչէ բժիշկներուն, ուսուցիչներուն, մարդասիրական գործիչներուն եւ սովորական մարդկանց շարունակելու իրենց գործը՝ իմանալով, որ իրենց ջանքերը կարեւոր են։ Սա կը յիշեցնէ այն մասին, որ մէկ մարդու խիզախութիւնը կարող է բերել փոփոխութիւն, իսկ կարեկցանքը՝ ապաքինում։ Նոյնիսկ ամենափոքր բարի գործը կարող է յոյս ներշնչել»։

2025 թուականի դափնեկիրը յայտարարուեցաւ 7 Նոյեմբերին կայացող «Օրօրա» մրցանակի շնորհման արարողութեան ժամանակ, որ տեղի ունեցաւ ապաստանի եւ կեանքը վերսկսելու խորհրդանիշ դարձած Էլիս կղզին՝ նշանաւորելով «Օրօրայի» գործունէութեան տասնամեակը։

Բժիշկ Էլթայէպը ընտրուած է առաջադրուած աւելի քան 800 թեկնածուներէն։ Որպէս 2025 թ. «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր՝ ան կը ստանայ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար պարգեւ իր աշխատանքը ընդլայնելու եւ տեղին գործող մերօրեայ հերոսներուն ու կազմակերպութիւններուն աջակցելու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ

Etiketler

Սու­տա­ն