Օր չանցնիր որ անօրինութիւններու յայտնաբերումներ հրապարակուին լրահոսի միջոցաւ։
Տակաւին յիշողութիւններու մէջ թարմ է ֆութպոլի մրցավարներու մասնակցութեամբ գործադրուող գրաւի զեղծարարութիւնը։ Այդ յանցագործութեան հետեւանքով ընդհատուեցաւ Թուրքիոյ Ֆութպոլի երկրորդ եւ երրորդ լիկայի մրցումները։ Նման գայթակղութիւններու հետեւանքով գոյացած շուկան կը հասնի զգլխեցուցիչ թուանշաններու։ Այդքան մեծ գումարները օրինականացնելն ալ նոր կեղծիքներու դուռը կը բանայ։
Այս ծիրէն ներս Իսթանպուլի Դատախազութիւնը մեկնարկեց նոր գործողութիւն մը, որու ծիրէն ներս Փակ Շուկայի մէջ գործող 76 անձեր բերման ենթարկուեցան։
«Անատոլու Աժանս» լրատու գործակալութեան հաղորդումով յատկապէս լումայափոխութեան ասպարէզէ անձերու ուղղեալ այս չորրորդ գործողութիւնն է։ Տնտեսական Յանցանքներու Հետազօտման Հաստատութեան (ՄԱՍԱՔ)-ի կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը կը բացայայտէ ապօրէն բախտախաղէ գոյացած գումարներուն լուացման ծառայող զարտուղի եւ կեղծ ընկերութիւնները, որոնք տարադրամի փոխանակումներով, կարծեցեալ դրամներու միջոցաւ կը մաքրեն սեւ սակարանի գումարները։ Այսպէսով ապօրէն միջոցներով ձեռք բերուած եկամուտը օրինականութիւն կը ստանայ։
Այս գործողութեան սահմաններէ ներս 31 ինքնաշարժ եւ 74 անշարժ գոյք առգրաւուած է, որոնց նիւթական արժէքը կը հասնի 385 միլիոն ԹԼ.-ի։