Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական աթոռի հոգեւորականաց դասը պիտի ունենայ երկու նոր անդամներ, յանձինս Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներ՝ Տրց. Բրշ. Սեւան Սրկ. Տէյիրմէնճեան եւ Տրց. Բրշ. Մուրատ Սրկ. Սարգիսեանի քահանայ ձեռնադրութեամբ։Սեւան Տէյիրմէնճեանի քահանայ ձեռնադրութեամբ պոլսհայութիւնը անգամ մը եւս պիտի ունենայ ուսուցչական ասպարէզէն եկող հոգեւորական մը։ Այս պատկերը մտածել կու տայ, համայնքի հաշւոյն շահի եւ կորուստի վերաբերեալ միտքեր։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ, 21 Նոյեմբեր 2025, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, Ս. Աստուածածնի Երից Ամաց Ընծայման տօնին Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ պիտի կատարէ տիրացուներու ձեռնադրութիւնը։
Իսկ Տիրացուներու կոչման արարողութիւնը պիտի կատարուի 20 Նոյեմբեր 2025, Հինգշաբթի, ժամը՝ 17.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ երեկոյեան ժամերգութեան, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։
Սեւան Տէյիրմէնճեանի քահանայ ձեռնադրութեամբ պոլսհայութիւնը անգամ մը եւս պիտի ունենայ ուսուցչական ասպարէզէն եկող հոգեւորական մը։ Այս պատկերը մտածել կու տայ, համայնքի հաշւոյն շահի եւ կորուստի վերաբերեալ միտքեր։
Նշենք որ Սեւան Տէյիրմէնճեան Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ ուսում ստացած հազուադէպ հայերէնի ուսուցիչներէն էր եւ համայնքը մեծ ակնկալութիւններ ունէր իր վաստակէն եւ շնորհէն։ Անհիմն չէին այդ ակնկալութիւնները, քանի որ ան կերտեց սիրուած եւ յաջողած ուսուցիչի մը կերպարը իր աշակերտներուն մօտ։ Մինչեւ օրս մեզի անծանօթ մնացած դրդումներով վարժարանի վարչութիւնը զինք զրկեց այդքան սիրով ու նուիրումով կատարած պաշտօնէն։
Այս պահուն կը մնայ մխիթարուիլ, որ իր նման լաւ պատրաստուած եւ մտաւորական ձիրքերով օժտուած մէկը լուրջ նպաստ պիտի բերէ այս նոր պաշտօնին մէջ եւս։
Արդարեւ յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն կը մաղթենք մեր գրչեղբօր։
Քահանայական նոր ձեռնադրութիւններ

