Էօզ­կիւր Էօզէլ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը այցելեց

Էօզ­կիւր Էօզէլ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը այցելեց եւ Տինք ընտանիքին հետ հանդիպեցաւ

Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան նախագահ Էօզ­կիւր Էօզէլ, երեսփոխան Սէզկին Թանրըքուլու, կուսակցութեան Պոլսոյ բաժինի նախագահ Էօզկիւր Չէլիք, կուսակցութեան փող նախագահ Կէօքչէ Կէօքչէն եւ կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Պարան Սէյհան 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը այցելեցին։ Էօզէլի Հրանդ Տինքի կինը Ռաքէլ Տինք, եւ զաւակները Արատ եւ Տելալ Տինք հիւրասիրեցին։

Էօզէլը պտըտեցաւ 23,5 Հրանդ Տինքի անուան Յիշողութեան Վայրը, որ եղած է «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին գրասենեակը, զրուցեց Տինք ընտանիքին եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի հետ Հրանդ Տինքի հին գրասենեակը, որ նոյն կերպով պահպանուած եւ յիշողութեան վայր դարձած է։

Էօզէլը այցելութեան ատեն նշեց որ պակաս մնացած է քրտական ազատագրական շարժումի եւ թրքական կառավարութեան միջեւ սկսած «Առանց Ահաբեկչութեան Թուրքիա» ընթացքին ժողովրդավարական կողմը։ Էօզէլ յայտնեց թէ կը զօրակցին նոր Թուրքիա - Հայաստան յարաբերութեան գործընթացին։

Էօզէլ այցելութեան վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար Տինք ընտանիքին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ