ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Սինոռ

Ամէն մարդ պէտք է որ գիտ­նայ իր սի­նոռը։ Այն ժա­մանակ ո՚չ վէճ տե­ղի կ’ու­նե­նայ ո՛չ ալ՝ ան­հա­մաձայ­նութիւն։ Նոյն օրէն­քը, կը կար­ծեմ, նկա­տի պէտք է որ առ­նեն նաեւ սի­նոռա­կից եր­կիր­նե­­րը։ Այն ժա­մանակ անոնք կը մնան լաւ դրա­ցիներ ու եր­­կու ժո­ղովուրդնե­րը խա­ղաղու­­թեան մէջ կ’ապ­­րին։ Հա­մաձա՞յն էք… Պա­տաս­­խան չու­­նի՞ք… Կը նե­րէք, յար­­գե­­լի ըն­­թերցող, ես եմ մե­ղաւոր. Ես ձե­զի չներ­­կա­­յացու­­ցի «սի­նոռ» բա­ռը։ Ան պար­­զա­­պէս կը նշա­նակէ «սահ­­ման»։ Մին­­չեւ 12-րդ դար յու­­նա­­կան «սի­նոռ» բա­ռը մեր լե­զուի մէջ կա­րեւոր պաշ­­տօն կը կա­տարէր երբ Հա­յաս­­տա­­նը սահ­­մա­­նակից էր յոյ­­նե­­րու կայսրու­­թեան հետ։ Իսկ այ­­սօր, երբ Հա­յաս­­տա­­նը ու­­նի այլ դրա­ցիներ եւ անոնց հետ սահ­­ման զա­տելու, նշե­լու, պա­հելու, բա­նալու, գո­ցելու տագ­­նապ՝ յի­շեցի միջ­­նա­­դարեան «սի­նոռ» բա­ռը եւ որո­շեցի անոր եր­­կար ու բա­րակ պատ­­մութիւ­­նը գրի առ­­նել։

Հա­յաս­­տա­­նի առա­ջին սի­նոռը

Հա­յոց լե­զուի հա­մար 900-1100 թո­ւական­­նե­­րու բառ է «սի­նոռ», երբ հա­յերս սահ­­մա­­նակից էինք բիւ­­զանդա­ցինե­րու հետ։ 11-րդ դա­րուն, երբ Անին ին­­կաւ եւ չմնաց պե­տական սահ­­ման՝ ան­­հե­­տացաւ նաեւ «սի­նոռ» բա­ռը։ Ան բիւ­­զանդա­կան ժա­մանա­կաշրջա­նի σῠ́νορον (սի­նոռոն) բառն է, ժա­մանա­կակից յու­­նա­­րէն σύνορα (սի­նոռա)։ Մի­ջազ­­գա­­յին պատ­­մութեան մէջ «սի­նոռ» բա­ռը տա­րածուեցաւ այնքան ինչքան ըն­­դարձա­կուե­ցաւ Բիւ­­զանդա­կան կայսրու­­թիւնը. պուլկա­րերէն, մա­կեդո­ներէն, խրո­ւատե­րէն, ռու­­մի­­ներէն (Պալ­­քա­­նեան թե­րակղզիի հա­րաւը ապ­­րող ազգ) «սի­նու­­ռու», սեր­­բե­­րէն եւ հին գա­ւառա­կան թրքե­րէն «սի­նոռ», ար­­դի թրքե­րէն «սնըր» (sւnւr), հայ­­կա­­կան գա­ւառ­­նե­­րու մէջ, Կա­րին, Խար­­բերդ, Մուշ եւ Համ­­շէն՝ «սի­նոռ», Եւ­­դո­­կիա եւ Ամա­սիա՝ «սը­նըր»։ Մի­ջին հա­յերէ­նի մէջ բառս կը նշա­նակէր «սահ­­ման, սահ­­մա­­նանիշ», գա­ւառա­բար­­բառնե­րու մէջ մին­­չեւ 18-րդ դար՝ «ար­­տե­­րու մի­ջեւ չհեր­­կո­­ւած շերտ» (եր­­կու ար­­տե­­րու սահ­­մա­­նը)։ Սի­նոռ բա­ռը կը նշա­նակէր նաեւ «պայ­­ման, որո­շում»։ Դուք, յար­­գե­­լի ըն­­թերցող, հին հա­մաձայ­­նա­­գիրի մը ստո­րագ­­րութիւննե­րու քով եթէ հան­­դի­­պիք «Վկայքն սի­նոռին» ար­­տա­­յայ­­տութեան, այդ անուննե­րը պար­­զա­­պէս վկա­ներն են «որո­շու­­մի»։

Գրա­կան գի­նոռ­­ներ

«Սի­նոռ»բա­ռը իր պատ­­մութեան փառ­­քի էջե­րը ու­­նե­­ցաւ հայ­­կա­­կան ժո­ղովրդա­կան հէ­քիաթ­­նե­­րու եւ վէ­պերու մէջ։ Ես այս գի­շեր հայ­­կա­­կան բար­­բառնե­րու բոյ­­րը պա­րու­­նա­­կող այդ գիր­­քե­­րու մէջ պտոյտ մը կա­տարե­ցի, առանց ոեւէ մէ­կուն սի­նոռը հա­տելու ի հար­­կէ, քա­ղեցի ըն­­տիր խօս­­քեր եւ ձե­զի հա­մար կազ­­մե­­ցի բա­նաւոր սի­նոռ­­նե­­րու հե­տեւեալ ժո­ղոուա­ծուն. «Թա­գաւորն ասաց-. Էլ իմ սնըռ պա­հողը ո՞վ կ’ըլի», ժո­ղովրդա­կան հէ­քիաթ, «Հէ՜յ, ո՞ւր ես իմ սի­նոռը քան­­դում», Խա­չիկ Դաշ­­տենց, «Այս գե­տը եր­­կու գիւ­­ղե­­րու սի­նոռ է», Մալ­­խա­­սեան, «Կա­նանչ սի­նոռ նստինք, հաց ու­­տենք», ժո­ղովրդա­կան հէ­քիաթ, «Ան­­տա­­ռը սի­նոռ է, փայտ կտրել ար­­գե­­լուած է», Մալ­­խա­­սեան, «Թա­գաւոր կատ­­ղեց.- Վեվ (ո՞վ) է էտ ղո­չաղ մար­­դը, որ իմ սի­նոռի մէջ իրա հմար շի­նու­­թուն շի­նէ», ժո­ղովրդա­կան հէ­քիաթ։ Յար­­գե­­լի ըն­­թերցող, մեր մշե­ցի հայ­­րե­­նակից­­նե­­րը ու­­նե­­ցեր են նաեւ յայտնի ար­­տա­­յայ­­տութիւն մը. «Զոռ­­պին սի­նոռ չկայ», այ­­սինքն ու­­ժե­­ղը սահ­­ման չի ճանչնար, զօ­րաւո­րին ամէն ինչ հա­սանե­լի է։

Մե­զի եր­­կու սի­նոռի կը բե­րէ՞ք

Այ­­սօր, «սի­նոռ»բա­ռը մեր մայ­­րե­­նիէն կը բա­ցակա­յի։ Բայց, ին­­չո՞ւ կը բա­ցակա­յի նաեւ «սի­նոռի» կո­չուած ճա­շը, գի­տէք չէ՞, լա­զերու եւ աճա­ռացի­ներու նա­խաճա­շի յայտնի խմո­րեղէ­նը։ Ու­­րախ եմ, որ վի­րերու խա­չապու­­րին տեղ գտած է հա­յաս­­տա­­նեան խո­հանո­ցի մէջ, բայց, ին­­չո՞ւ զրկո­ւած ենք սի­նոռիէն։ Չ՞է որ մարդկա­յին ախոր­­ժա­­կը սահ­­մաններ չի ճանչնար։ Իսկ եթէ դուք մին­­չեւ այ­­սօր, յատ­­կա­­պէս ձմրան ցուրտ օրե­րուն, սի­նոռի ու­­տե­­լու բախ­­տա­­ւորու­­թիւնը չէք ու­­նե­­ցած, ես ձե­զի բա­ցատ­­րեմ, թէ ի՚նչ է ան։ Յոյսս ան է, որ բա­րեխիղճ խո­հարար մը հայ­­կա­­կան խո­հանո­ցը անոր հետ հարստաց­­նէ։ Սի­նոռին աճա­ռական նա­խաճա­շի գլուխ գոր­­ծոցն է։ Սի­նոռիի հիմ­­նա­­կան բա­ղադ­­րի­­չը անթթխմոր խմո­րի շատ թե­թեւ, բա­րակ շեր­­տեր են՝ «թի­թեղ­­ներ»։ Սի­նոռին լեռ­­նա­­յին կա­րագով եւ պա­նիրի կաթ­­նա­­շոռով փու­­րի մէջ կը դնեն, ապա վրան կ’աւելցնեն պա­նիր եւ այլ բա­ղադ­­րիչներ, ինչպէս՝ կա­սիա (դար­­չին), չա­միչ եւ ըն­­կոյզ։ Աճա­ռիոյ մէջ «պա­տուա­կան» է սի­նոռին, որով­­հե­­տեւ գիւ­­ղա­­կան հարսնիք­­նե­­րու «սուփրա» կո­չուած շքեղ սե­ղան­­նե­­րու վրայ ան յա­տուկ պա­տուի կ’ար­­ժա­­նանայ։

Մեր լեռ­­նաշխար­­հի հին սի­նոռ­­նե­­րը

1618 թո­ւակա­նին Կար­­նոյ մէջ ծնած եւ են­­թադրա­բար նոյն քա­ղաքի մէջ մա­հացած պատ­­միչ, ժա­մանա­կագիր եւ աշ­­խարհա­գիր մըն էր Յա­կոբ Կար­­նե­­ցին։ Անոր աշ­­խա­­տասի­րու­­թիւննե­րու շնոր­­հիւ մենք ու­­նինք «սի­նոռ»բա­ռի ըն­­տիր գոր­­ծա­­ծու­­թիւններ։ Կար­­նե­­ցիի «Տե­ղագիր Վե­րին Հա­յոց» եր­­կը (հրա­տարա­կուած, ֆրան­­սե­­րէնի թարգմա­նուած) պատ­­մա­­կան, աշ­­խարհագ­­րա­­կան եւ ազ­­գագրա­կան կա­րեւոր տե­ղեկու­­թիւններ կը պա­րու­­նա­­կէ յա­ճախ հե­լենիս­­տա­­կան ազ­­դե­­ցու­­թեան տակ մնա­ցած Փոքր Հայ­­քի քա­ղաք­­նե­­րու եւ անոր գա­ւառ­­նե­­րու վե­րաբե­րեալ։ Ահա այդ գիր­­քէն պա­տառիկ­­ներ, ուր ամէն գիւ­­ղի եւ աւա­նի տա­րածու­­թիւննե­րը յստա­կօրէն սահ­­մա­­նուած են. ԿՈՒ­­ՄՈՒՇԽԱ­ՆԱ.- Վա­յելուջ եւ մրգա­ւէտ վայրք, եւ բնա­կիչք սո­րա Հայք եւ Հո­ռոմք բա­զում, եւ կայ եկե­ղեցիք հրա­շալիք Հա­յոց եւ Հօռ­­մոց… Ու­­նի ձորս այս սի­նոռ մին­­չեւ Տրա­պիզօն։ ՄԱ­ՆԱԶ­­ԿԵՐՏ.- Քաղցր եր­­կիր եւ բնա­կարան Հա­յոց եւ Մա­րաց եւ ու­­նի սի­նոռ մինչ ի Ար­­ճէշ, Խլաթ է Արծկէ։ ԲԻՆ­­ԳՕԼ .- Զա­նազան եւ ան­­թիւ ակունս ջրոց բղխե­լոց սառն եւ բա­րեհամ, որ այժմ Բին­­գօլ ասի, որ գետն Արազ ի սո­րա լե­րանցն ելա­նէ եւ գնա­ցեալ իջա­նէ ի մէջ դաշ­­տին Բա­սենոյ եւ ու­­նի սի­նոռ մին­­չեւ Բա­սեն, Արզրում եւ Կե­ղի։ ՎԱՐ­­ԴՕ.- Գա­ւառ մի փոք­­րիկ, եւ ու­­նի գիւղք եւ աւանք բա­զում գե­ղեց­­կա­­շէնք Հա­յոց եւ Քրդաց, իւղ եւ մեղր բա­զում եւ ամե­նայն բա­րու­­թեամբ լի. եւ ու­­նի սի­նոռ մինչ ի վանս Գլա­կա սուրբ Կա­րապե­տին։

Սի­նոռ­­ցի հայ­­րե­­նակից­­ներ

Յա­կոբ Կար­­նե­­ցիի օրե­րէն մին­­չեւ այ­­սօր երկրիս սահ­­մաննե­րը փո­խուե­ցան։ Բայց, ի՜նչ հրաշք, եր­­կու գիւղ, լեռ­­նե­­րու մէջ թագ­­նո­­ւած եր­­կու բնա­կավայ­­րեր իրենց անու­­նը պա­հեցին. Սի­նոռ։ Առա­ջինը Փոքր Հայ­­քի Սի­նոռ գիւղն է, որ կը գտնո­ւէր Սե­բաս­­տիոյ Շա­պին Գա­րահի­սար գա­ւառի մէջ Գայլ գե­տի (յուն.՝ Լիւ­­քոս) ակունքնե­րու վրայ։ Իսկ պատ­­մա­­կանօ­րէն աւե­լի յայտնի Սի­նոռը կը գտնո­ւէր Էրզրում (Կա­րին, յուն.՝ Θεοδοσιούπολη, Թէոդո­սու­­պո­­լիս) գա­ւառի Բա­բերդ գա­ւառա­կի մէջ։ Հոն է, որ Պան­­տո­­սի Միհրդատ Զ թա­գաւո­րը Հա­յաս­­տա­­նէ վե­րադար­­ձին կանգնե­ցուց աշ­­տա­­րակ մը։ Յի­շեց­­նեմ, թէ Միհրդատ Զ. Թա­գաւո­րի փե­սան էր «հե­լենա­սէր» Մեծն Տիգ­­րա­­նը։ 1920-ական թո­ւական­­նե­­րուն սի­նոռ գիւ­­ղին անու­­նը ար­­ձա­­նագ­­րուած էր որ­­պէս Sünür։ 1959 թո­ւակա­նին թիւ 7267 օրէն­­քով ան վե­րանո­ւանո­ւեցաւ՝ Çayւryolu։

Խօս­­քի ազա­տու­­թիւնը սի­նոռ ու­­նի

Յու­­նա­­կան լե­զուն իր «սի­նոռոս» բա­ռով չորս հատ բա­ղադ­­րեալ բառ ու­­նի։ Անոնք (թարգմա­նաբար) «սահ­­մա­­նազուրկ», «ան­­սահման», «սահ­­մա­­նակից» եւ «սահ­­մա­­նապահ» կը նշա­նակեն։ Իսկ աշ­­խարհա­բար հա­յերէ­նը եթէ «սահ­­ման» բա­ռի փո­խարէն որո­շած ըլ­­լար անոր յու­­նա­­կան հո­մանի­շը գոր­­ծա­­ծել՝ ահա, թէ ինչ բա­ռեր պի­տի ու­­նե­­նայինք. սի­նոռա­պահ, սի­նոռա­կից, սի­նոռա­զուրկ, ան­­սի­­նոռ, սի­նոռա­պատ, կրկնա­սինոռ...։ Առա­ւելա­բար, հա­յոց սի­նոռա­զօր­­քը պի­տի պաշտպա­նէր սահ­­մաննե­րը, կա­ռավա­րու­­թիւնը նիւ­­թա­­կան աջակ­­ցութիւն պի­տի տրա­մադ­­րէր սի­նոռաբ­­նակ հո­ղագոր­­ծե­­րու հա­մար, կա­ռավա­րու­­թիւնը ներդրումներ պի­տի կա­տարէր սի­նոռա­մերձ հա­մայնքնե­րու զար­­գացման հա­մար, հայ­­րե­­նի մա­մու­­լի մէջ լոյս պի­տի տես­­նէին սի­նոռա­զատ­­ման եւ սի­նոռա­բաժան­­ման լու­­րեր, մո­լորած եւ դրա­ցի եր­­կի­­րի սի­նոռա­գիծը ակա­մայ ան­­ցած հո­վիւը պի­տի վե­րադար­­ձո­­ւէր անվնաս, խա­ղաղու­­թեան պայ­­մաննե­րու տակ պի­տի ու­­րա­­խանա­յինք, որ վեր­­ջին օրե­րուն սի­նոռա­խախ­­տումներ չեն ար­­ձա­­նագ­­րո­­ւած։ Նոյն ժա­մանակ թեր­­թե­­րու մէջ պի­տի հան­­դի­­պէինք զգա­յացունց վեր­­նա­­գիր­­նե­­րու. «Սի­նոռա­զատ­­ման աշ­­խա­­տանքնե­րը ըն­­դա­­նում են Սիւ­­նի­­քի մար­­զում», «Նոր սի­նոռա­քար Տա­ւու­­շի սի­նոռա­մերձ գիւ­­ղե­­րու մէջ», «Հայ-թրքա­կան սի­նոռը 2026 թո­ւակա­նին բա­ցուե­լու է»։ Իսկ Երե­ւանի մէջ դա­տաւոր մը պի­տի վճռէր. «Խօս­­քի ազա­տու­­թիւնը սի­նոռ ու­­նի, երբ այն սպառ­­նում է պե­տու­­թեանը»։

Գիր­­քեր

Թէեւ ան­­սահման են եղած հայ հե­ղինա­կի մտքի սի­նոռ­­նե­­րը, զար­­մա­­նալին ան է, որ «սի­նոռ»բա­ռով գիրք չենք ու­­նե­­ցած։ Այս գի­շեր ես, ան­­սի­­նոռ գթու­­թեամբ որո­շեցի այդ բա­ցը գո­ցել եւ մտքիս մէջ յղա­նալ այնպի­սի խոր­­գիրներ, որոնք պա­տիւ պի­տի բե­րէին թէ հայ­­կա­­կան գրատ­­պութեան եւ թէ «սի­նոռ»բա­ռին։ Ահա քա­նի մը առա­ջարկ. «Բաց եղան սի­նոռ­­նե­­րը - բա­նաս­­տեղծու­­թիւններ», «Սի­նոռի փշա­թելե­րը - յե­ղափո­խակա­նի մը յի­շատակ­­նե­­րը», «Սի­նոռէն ան­­դին - գա­ւառա­կան պատ­­մո­­ւածքներ», «Աղաւ­­նին եւ սի­նոռը - թա­տերա­խաղ եր­­կու արար», «Հա­ւատ­­քի սի­նոռը - քա­րոզ­­ներ եւ բա­րոյա­կան դա­սեր», «Հա­յաս­­տա­­նի սի­նոռ­­նե­­րը ըստ Անա­նիա Շի­րակա­ցիի Աշ­­խարհա­ցոյ­­ցի - պա­տի քար­­տէզ մի­ջին կար­­գի դպրոց­­նե­­րու հա­մար», «Հա­յաս­­տա­­նի պատ­­մա­­կան սի­նոռա­քարե­րը - պատ­­կե­­րազարդ ալ­­պոմ», «ՀՀ Սի­նոռադ­­րութիւ­­նը»…։

«Սի­նոռ քա­շէծի դօս­­տե­­րուս առաճ»

Հայ­­կա­­կան եր­­գա­­րան­­նե­­րու, տա­ղարան­­նե­­րու, ձայ­­նա­­դարան­­նե­­րու մէջ շատ փնտռե­ցի «սի­նոռ»բա­ռը։ Ելայ Կա­րին, իչայ Խար­­բերդ, գա­ցի Մուշ, հա­սայ Ղարս… Աշ­­խա­­տանքս մնաց ապար­­դիւն։ Բայց, որ­­պէս սրտի մխի­թարանք ես գտայ ըն­­տիր մե­ղեդի մը։ Յու­­նա­­խօս Պոն­­տո­­սի Համ­­շէն քա­ղաքի քաղցրահնչիւն բար­­բա­­ռով գրուած «Չխե­լօքա­ցայ» բա­նաս­­տեղծու­­թիւնն էր ան, հե­ղինա­կը՝ Ռո­զա Խաս­­տեան։ Յու­­զիչ էին անոր խօս­­քե­­րը, խո­հական եւ իմաս­­տա­­սիրա­կան. ահա բնա­գիրը.

Դուշմօն­­նուս հէ­դը դօս­­տուտին արի,

սի­նոռ քա­շէծի դօս­­տե­­րուս առաճ,

Խէ­լըխաս մաշտկած խէլք սօր­­վէ­­ծու­­ծի,

Հայ­­վըննուն խէլ­­կի խը­րադը առաձ։

Ահա բա­նաս­­տեղծու­­թեան տող-առ-տող թարգմա­նու­­թիւնը. «Թշնա­մինե­րուս հետ բա­րեկա­մու­­թիւն ըրի / Սահ­­ման քա­շեցի բա­րեկամ­­նե­­րուս առաջ, / Իմաս­­տուն մար­­դոց խել­­քը սո­րուե­ցայ, / Բայց, յի­մար­­նե­­րու խել­­քի խրա­տը ըն­­դունե­ցի»։

Եարս եկաւ մեր պաղ­­չա­­յի սի­նոռը

Հա­սանք մեր զրոյ­­ցին սահ­­մա­­նը։ Որ­­պէս հրա­ժեշտ, որո­շեցի «սի­նոռ»բա­ռին բա­րիք մը ընել եւ անոր շնոր­­հել քա­նի մը երգ։ Յոյսս ան է, որ բա­րեգութ եր­­գա­­հան մը ականջ տայ այս խօս­­քե­­րուն եւ յօ­րինէ նոր եր­­գեր՝ հին բա­ռով. Ահա քա­նի մը առա­ջարկ. «Մեր տուն ձեր տուն սի­նոռ, սի­նոռ», «Սէրս չու­նի սի­նոռ», «Եր­ջանկու­թիւն ան­սի­տօռ», եւ հրա­ժեշ­տի «յօ­րինուած» եր­գը մը.

Եարըս եկաւ մեր պաղ­չա­յի սի­նոռը

Ձեռ­քը ծա­ղիկ, ծո­ցը խըն­ձոր, ալ, ալ,

Վար­սերն ոս­կի թե­լի նման ոլո­րած,

Դէմքն է արեւ, յօն­քը կա­մար, ալ, ալ։