Հրդեհի մը ատեն, ձեր անձնական ապահովութիւնը ձեռքբերելէ ետք, առաջին անգամ ի՞նչ կ'ուզէիք փրկել։ Հարցումին տրուելիք պատասխանները տարբեր են։ Բայց միթէ ձեր մտքին կու գա՞ն ձեռքի գործեր՝ ասեղնագործութիւններ, պարանոցներ կամ տանդելներ։
ԸԼԿԱԶ ԿԷՕՔԸՐՄԱՔԼԸ
igokirmakli@gmail.com
Հրդեհի մը ատեն, ձեր անձնական ապահովութիւնը ձեռքբերելէ ետք, առաջին անգամ ի՞նչ կ'ուզէիք փրկել։ Հարցումին տրուելիք պատասխանները տարբեր են։ Բայց միթէ ձեր մտքին կու գա՞ն ձեռքի գործեր՝ ասեղնագործութիւններ, պարանոցներ կամ տանդելներ։
Տեպորա Վալոմա իր ձեռքին ունեցած գործերը կը բնորոշէ «աչքերը կուրացնող կամ թանգարանային չեն» բայց անմիջապէս կը յաւելէ. «Եթէ տանը մէջ հրդեհ բռնկի, առաջ անոնք կ'ուզեմ փրկել։ Մեծ մայրս իր կեանքին ընդմէջէն ամէն իրիկուն լուռ կերպով ժանտիլ կը ծեռէր. կը ծռէր, լուռ կերպով կը գործէր։ Բաւական հանդարտ էր, բայց այս լուռ աշխատանքը չէր կրնար արհամարհուիլ ատոր արժէքին համար»։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը, այս ամառ ‘ յայտնաբերում, վերամիաւորում եւ արմատներուն ճամբորդութիւն' թեմաներով զրոյցներու շարքի մը սկսաւ։ Յունիս ամսուն ընտանեկան արմատները գտնելու համար Թուրքիա եկած Գարոլին Ռափքիէվիան եւ Անահիտ Նազարեանի հետ սկսած «Արմատներուն Ճամբորդութիւններ. Տեղի եւ Պատկանելութեան Մասին Մտածումներ» վերնագրով շարքը 13 Նոյեմբերին Անարատ Յղութիւն շէնքին մէջ կայացող Տեպորա Վալոմայի զրոյցով շարունակեցաւ։
Վալոմա, դարձեալ Այլին Վարդանեանի զրուցավարութեամբ իր պատմութիւնը պատմեց։
Սան Ֆրանսիսքոյի California College of the Arts-ին մէջ հիւսուածեղէնի բաժնի մէջ դասախօսութենէ ետք բազմամեայ միջգիտակարգային նախագիծ մը կը վարէ։ Մեծամասնութեամբ Թուրքիոյ գիւղերուն եւ Հայ սփիւռքին մէջ ապրող մայրական նախնիներու կողմէ գործուած 100 կտորէ կազմուած այս հաւաքածոն, ձեռքի գործերուն ինքնութեան յատկանշական բաղադրիչները ըլլալով կ՚ուսումնասիրէ։
Մեծ մայրը Եղիսաբէթ Աշօտեան Մակարեան, ցեղասպանութենէն փրկուելով իր ընտանիքին աւանդական ասեղնագործութիւնը շարունակեց։ Վալոմա, իր մօր ու մեծ մօր միջոցով այս ժառանգութիւնը ճանչցաւ եւ այդ ուղղութեամբ հետազօտութիւններ ըրաւ։
Անցեալը եւ արմատները ինչպէ՞ս կ՚ազդէ այսօրուան։ Պատասխանը իւրաքանչիւրին համար տարբեր է։ Բայց ցաւերով եւ չապրուած սուգերով լեցուն անցեալի մը հանդէպ գիտակցութեան բացակայումը մեծ թերութիւններ կը ստեղծէ։
Տեպորա Վալոմայի համար այս ժառանգութեան հետ աշխատելը «յիշողութեան նորոգում մըն էր»։ Կտրտուած տեղեկութիւններէն, շուքերով լեցուն յիշողութիւններէն ամբողջութիւն մը շինել եւ ասիկա շարունակուող թելով ընել։ Ընտանիքին մէջ դարերով պահպանուած բռնութեան, աքսորի եւ կորուստի պատմութիւնները լռութեամբ պահպանուեր էին, կիները գիշերները յիշատակները թելով կը գործէին. Տեպորան ալ այս անտեսանելի աշխատանքը յարգելը պարտականութիւն համարեց։

