Պարոք համերգ Պոյաճըգիւղի մէջ

Արդարեւ հանրածանօթ դաշնակահար Իքլիմ Թամքանի նուագին պիտի ընկերակցին նաեւ Թիւրքիւ Եավուզ, երգչուհի Սենեմ Տեմիրքճիօղլու, սրինգահար Զէյնեփ Եըլմազ եւ թաւջութակահար Էճէնազ Տուրմուշ։

Երգեհոնը այն բացառիկ նուագարանն է, որ յաջողած է կղերի յաւակնութիւնը ստանալու եկեղեցական երգեցողութիւններու ընկերակցելու համար։ Թէեւ այդ ալ բաւական դժուարին ընթացք մը եղած է երաժշտութիւնը ճոխացնել ջանացողներու դիմաց։ Ինչպէս քաղաքիս բոլոր եկեղեցիները, Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցին ալ ունեցած է պատմական երգեհոն մը, որ վերջերս հիմնական նորոգութեան ենթարկուելով ստացաւ իր ուժեղ հնչողութիւնը։

30 Նոյեմբեր կիրակի օր յատուկ համերգ մը կազմակերպուած է վերանորոգուած երգեհոնի ունկնդրութեան համար։ Այս ձեռնարկը միաժամանակ շնորհակալութեան արտայայտութիւն մըն է, բոլոր անոնց՝ որոնք սատարեցին այս վերանորոգման։



Սոյն համերգի ընթացքին երգեհոնին պիտի ընկերակցին նաեւ թաւջութակ եւ ֆլէյտա։

Արդարեւ հանրածանօթ դաշնակահար Իքլիմ Թամքանի նուագին պիտի ընկերակցին նաեւ Թիւրքիւ Եավուզ, երգչուհի Սենեմ Տեմիրքճիօղլու, սրինգահար Զէյնեփ Եըլմազ եւ թաւջութակահար Էճէնազ Տուրմուշ։

Յայտագիրը կը բաղկանայ Սեզար Ֆրանք, Եոհան Սեպաստիան Պահ, Ճորճ Ֆիլիփ Թելեման, Քամիլ Սեն Սան, Ճորճ Ֆրետերիք Հենտել, Հենրի Փուրսել, Անթոնիոյ Վիվալտի, Սիկֆրիտ Քարկ Էլերտ եւ Լույի Վիլերնի նման պարոք շրջանի երգահաններու ստեղծագործութիւններէ։

Այս շրջանի երգահաններու բարի սովորութիւնն էր իրենց յօրինումներու վերջաւորութեան աւելցնել «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ» ասացուածքը։

Սոյն ասացուածքի լատիներէն արտայայտութիւնն է Soli Deo Gloria, որ դարձած է նաեւ համերգի ընդհանուր խորագիրը։