Զանազան հաստատութիւններու պատերուն հանդիպած եմ. «Քննադատութիւնները ուղղեցէք մեզի, իսկ գնահատանքները ուրիշներուն» յորդորը։
Ընդ հակառակը որդեգրած էր հայ մամուլի կամաւոր սրբագրիչ Արմենակ Եղիայեան։
Ան իր քննադատութիւնները կը հրապարակէր բաւական լայն շրջանակ մը կազմած իր հետեւորդներուն։
Արդար ընդվզում մը կը տիրէր այդ քննադատութիւններու մէջ, քանի որ հազուադէպ կը պատահէին իր ցուցմունքները նկատի ունենալու երեւոյթները։ Երբ կը տեսնէր այդ բարեփոխումը, ոգեւորութեամբ կը շնորհաւորէր տուեալ թերթի խմբագրակազմը։
Հիմնականին իր քննադատութիւնները ուղղուած կ՚ըլլային «Ազդակ»ի քաղաքական էջերուն։ Սակայն ներառեալ «Ակօս»ի հայերէն էջերը աշխարհասփիւռ արեւմտահայերէն մամուլը իր բաժինը կը ստանար Եղիայեանի քննադատութիւններէն։
Մտքիս կառչած է մեր սիրելի աւագ գրչեղբօր Ռոպէր Հաիիէճեանի ուղղեալ «Օղլում Ռոպէր քանի՞ անգամ պիտի ըսեմ…» յանդիմանական տողերով քննադատութիւնը 90-ամեայ Հատտէճեանի հանդէպ։
Արմենակ Եղիայեանի քննադատութիւնները լեզուական բոլոր երանգները կը ներառէին։ Ուղղագրական տառասխալները, ոճաբանութիւնը, կէտադրութեան կանոններու խախտումները չէին վրիպեր անոր ուշադրութենէն։ Կ՚առարկէր հայերէնի խոտոր թարգմանութիւններու դէմ։ Օրինակներով կը պարզէր իր միտքը, պնդելով թէ այդ ոճը ռուսերէնի կամ այլ լեզուի մը ազդեցութիւնով մուտք գործած է հայ հեղինակի գրառումին։ Կը թելադրէր հայեցի լեզուամտածողականութեան պահանջած ոճը։
Որքան ալ սուր ըլլար իր քննադատութիւնները, պարոն Եղիայեան չէր խնայէր նաեւ գնահատականները։ Պարտինք խոստովանիլ թէ մեզ՝ «Ակօս»ի հայերէն էջերու անձնակազմի համար միշտ ուսուցողական եղան իր ցուցմունքները։ Պատահեցան օրինակներ, երբ համաձայն չեղանք իր ցուցմունքին, շարունակեցինք նոյն եղանակով։ Չզլացանք նաեւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնել իր ցուցմունքներուն կամ սրբագրութիւններուն համար։ Պատասխանը միշտ խրախուսող կ՚ըլլար։ Արմենակ Եղիայեան կը քաջալերէր մեր աշխատանքը, յայտնելով իր համոզումը, ըստ որու «Ակօս»ի հայերէն էջերը իր հետեւածներուն մէջ նուազագոյն սխալով կը ներկայանան ընթերցողին։ Ան նաեւ կը գնահատէր մեր միտքերը, որ կ՚արծարծուին «Մենք ու Մերոնք» սիւնակին վրայ։
Էր ժամանակ, երբ տպագիր մամուլը լեզուական կատարելութեան խորհրդանիշը կը համարուէր։ «Եթէ թերթը այդպէս գրած է, ուրեմն ճիշդը այդ է» համոզումը համատարած էր ընթերցասէր հասարակութեան մօտ։ Այդ համոզումը գոյացնողը ոչ միայն սիւնակագիրները կամ խմբագիրները, այլ անոնց գործը սրբագրող, լեզուի կանոններուն գիտակ մարդկանց աշխատանքն էր։
Գաղտնիք չէ որ մամուլ հասկացողութիւնը կը բոլորէ բաւականին փոթորկոտ շրջան մը։ Ներկայ պայմաններու մէջ յատկապէս տպագիր մամուլը ճգնաժամի օրեր կ՚ապրի։ Հասարակութեան մէջ վերացած է թերթ կարդալու սովորութիւնը։ Ան իր տեղը զիջած է բջջային հեռախօսներու էգրանին, ուր լրահոսը կը փոխանցուի մեծ սահմանափակումով եւ շատեր կը գոհանան միայն խորագիրներու ընթերցումով։
Նման ճգնաժամի պայմաններուն նիւթական խնայողութեան զոհ գացին նաեւ սրբագրիչները։ Այդ բացակայութեան հետեւանքները կը տեսնենք սխալ սիւնակի վրայ տեղ գտած խորագիրներով, կիսատ մնացած գրութիւններով եւ այլ զանազան բացթողումներով։
Կարելի է այս տողերը կարդացողները մտաբերեն ծանօթ ասացուածքը. «Ջուրը ջաղացքը տարեր է, դուն ջախջախը կը փնտռես»։
86-ամեայ Արմենակ Եղիայեան հայ մամուլի համար հսկայ կաղնի մըն էր, որ տապալեցաւ։ Մեզի իբրեւ յիշատակ մնաց իր այնքան քաղցր «Փրկենք արեւմտահայերէնը» կամ «Կիրակնօրեայ ընթերցումներ» խորագրեալ գրառումները։
Խունկ ու աղօթք իր յիշատակին
**
Կենսագրութիւն
Արմենակ Եղիայեան ծնած է 1939-ին, Պուրճ Համուտ, Լիբանան։
Ատամնաբոյժ, կրթական մշակ, լեզուաբան, հայերէնի դասատու Արմենակ Եղիայեան յաճախած է տեղւոյն Աբգարեան ազգային վարժարանը, ապա Համազգայինի ճեմարանը, որ աւարտած է 1958-ին: Նոյն տարին նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին, որուն ծառայած է 7 տարի՝ ուսուցելով հայերէն, ֆրանսերէն, ուսողութիւն եւ այլն: Ուսուցչութեան կողքին հետեւած է Ֆրանսական Գրականութեան համալսարանի դասընթացքներուն՝ ստանալով «Propédeu«tique եւ Certificat supérieur de littérature française» վկայականները: Վերջին տարին կը հետեւի նաեւ լեզուաբանութեան դասընթացքներուն, սակայն քննութեան չներկայանար, որովհետեւ կը լքէ ուսուցչութիւնն ու գրականութիւնը եւ կը մտնէ Ֆրանսական բժշկական համալսարանի Ատամնաբուժական բաժանմունքը, որ կ'աւարտէ 1970-ին: Անկէ ի վեր անընդմէջ կը ծառայէ այդ ասպարէզին:
Ազատ ասպարէզի կողքին տոքթ. Արմենակ Եղիայեան մաս կազմած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան՝ 1983-1998, միաժամանակ Ազգային ուսումնական խորհուրդին՝ 1983-1994:
Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան կամաւոր հայերէն դասաւանդած է՝ 1991-94:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան երկար տարիներ մաս կազմած է «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին՝ Կիլիկեան աթոռի ծիրէն ներս: Այս վերջինի պատուէրով ալ պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով, որ տակաւին անտիպ է:
Լիազօրուելով Ազգային ուսումնական խորհուրդէն եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութենէն՝ 1991-95-ին, Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան բոլորովին կամաւոր՝ պատրաստած է նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքը՝ 5 հատոր ընթերցարան, 5 հատոր քերականութիւն, 10 հատոր ուղեցոյց: Ասոնք այնուհետեւ 20 տարի անընդմէջ կիրարկուեցան Լիբանանի գրեթէ բոլոր նախակրթարաններուն մէջ, նաեւ՝ Յունաստան, Մարսէյ, Քանատա, Նիու Ճըրսի՝ Յովնանեան վարժարան, Աւստրալիա, Քուէյթ, Իրաք, Եգիպտոս եւ այլն: Ներկայիս անոնք կ’ուսուցուին միայն Նիու Ճըրսիի եւ Լիբանանի Հայ աւետարանական կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ այլուր փոխարինուած ըլլալով նոր շարքով մը:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան հեղինակած է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները»[1] աշխատութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 2005-ին Կիլիկեան աթոռին կողմէ՝ Կիւլպենկեան ֆոնտի մատենաշարով, յատուկ պատուէրով արեւմտահայերէնի թարգմանած էր Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ հրատարակուեցաւ Համազգայինի հրատարակչականին կողմէ 2500 տպաքնակով եւ վերահրատարակուեցաւ 2017-ին՝ 3500 օրինակով:
Վերջին հինգ տարիները Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան կ’աշխատէր «Ուղեցոյց»-ին վրայ, որուն մէջ համատեղած է, տասնամեակներու իր պրպտումները։ Այն բոլոր կուտակուած հարցերը, որոնք կը ծառանան արեւմտահայերէնի ճամբով արդի հայ գրողին, խմբագիրին, ուսուցիչին, քարտուղարին ու մտաւորականին եւ ընդհանրապէս ամէն արեւմտահայու առջեւ եւ որոնք իրենց լուծումը չեն գտներ դպրոցական մակարդակին կամ այլ ձեռնարկներու ճամբով։ Այս տեսակ մը համարժէքը կը համարուի «Oxford style-guide»-ի եւ «Chicago style-guide»-ի:
Բժ. Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքն է այս Ուղեցոյցը։ Ան իր բարձր որակով ու լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով։ Ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր յառաջաբանին մէջ, ան կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին»։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Նայիրի հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ գործածել առցանց՝ http://www.nayiri.com/imagedBook.jsp?id=100000 Archived 2022-09-01 at the Wayback Machine.
Հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին, գլխաւորաբար Լիբանանի «Ազդակ»-ին:
Ան մահացած է 12 Նոյեմբերին Լիբանանի մէջ։