Ուքրանիոյ մէջ յայտնաբերուած է 414-ամեայ ջրհոր մը

Այս անգամ լուրը կը հասնի Ուքրանիոյ Թերնոպիլ շրջանի Եազլովեց գիւղէն, ուր յայտնաբերուած է հայ վարպետներու կերտած 414-ամեայ եզակի եւ հազուագիւտ ջրաբաշխական կառոյց մը։

Յայտնի իրողութիւն է բնիկ ու տեղացի հաւաքականութիւններու ջուրի հետ ունեցած շփումը եւ այդ շփումէն զարգացած աւանդութիւնները։ Վերջին տարիներուն զանազան առիթներ գոյացան այդ աւանդութիւնը վերյիշելու համար։ Այս պահուն կը մտաբերենք «Հայֆիլմ»ի արտադրած «Հեգնար աղբիւր» գեղարուեստական ֆիլմը, ուր մեծ վարպետութեամբ կ՚անդրադառնար սոյն աւանդին։

Ապա վրայ հասաւ Հրանդ Տինքի իրաւապաշտպան Ֆէթհիյէ Չէթինի ծննդավայր Հապապ գիւղի հայաշէն աղբիւրներու Հրանդ Տինք Հիմնարկի միջոցներով վերանորոգումը։

Այս անգամ լուրը կը հասնի Ուքրանիոյ Թերնոպիլ շրջանի Եազլովեց գիւղէն, ուր յայտնաբերուած է հայ վարպետներու կերտած 414-ամեայ եզակի եւ հազուագիւտ ջրաբաշխական կառոյց մը։ Այս կառոյցը կը հանդիսանայ հայկական ժառանգութեան ուշագրաւ նմոյշ մը եւ տարածաշրջանի հայկական ճարտարագիտութեան ամենահին ու ամենազարգացած օրինակներէն մէկը։

Ուքրանիոյ Հայոց միութիւնը կը յայտարարէ, թէ հետազօտողներ պատահաբար գիւղին մառաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են հայ վարպետներու ձեռքով 1611-ին կառուցուած հայկական ջրհոր մը եւ հաստատած, որ ան բարդ ճարտարագիտութեամբ ջրաբաշխական համակարգ մըն է։

Կառոյցը մնացած է գրեթէ անյայտ աւելի քան չորս դար, քանի որ անոր մեծ մասը կը գտնուի գետնին տակը։ Դուրսէն ան կ՚երեւի որպէս թուճէ (fonte) խողովակով պարզ քարապատ աղբիւր մը, սակայն հետազօտողները բացայայտած են, որ այս համեստ արտաքինին տակ կը գտնուի ջրաբաշխական բարդ համակարգ մը, որ հզօր բնական աղբիւրէ մը ջուրը կ՚ուղղէ դէպի ստորերկրեայ ջրամբար մը, նախքան անոր դուրս հոսիլը։ Աղբիւրին պատին վրայ պահպանուած է լատիներէն եւ հայերէն արձանագրութիւններով քանդակուած քարէ սալիկ մը։ Արձանագրութիւնը կ՚ըսէ. «Հայ Յակոբը շինեց զայս 1611-ին՝ հասարակութեան բարօրութեան համար։ Այս խաչը եւ կառուցուած աղբիւրը Յակոբի եւ իր եղբօր՝ Ստեփանի գործն են։ Աբրահամ քարտաշը իր արհեստը նուիրումով կատարեց»։

Սալիկին վերեւի մասին մէջ պատկերուած է թեւերը տարածած արծիւ մը, որուն տակ կը կանգնի բարդ եւ անսովոր ծաղկային զարդանախշերով խաչ մը՝ հայկական միջնադարեան քարտաշութեան կնիքը հանդիսացող։

Պատմաբաններն ու հետազօտողները կը հաւատան, որ Եազլովեցի հայ արհեստաւորները կրնան նաեւ իրենց ներդրումն ունեցած ըլլալ այլ տեղական յուշարձաններու մէջ, ներառեալ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եկեղեցւոյ քանդակուած զարդարանքները եւ հին բերդին դարպասները, ինչ որ կը վկայէ տարածաշրջանին մէջ հայ համայնքի երկարամեայ ներկայութեան ու անոր անդամներու վարպետութեան մասին։