ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Արեւմտահայերէնի հարցեր եւ Գրիգոր Պըլտեանի գրականութիւնը

Այս տարի Փարիզի մէջ համալսարանական տարեշրջանը սկսաւ երկու կարեւոր գիտաժողովներով։ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Հիմնարկը Սեպտեմբեր ամսուան մէջ չորս լման օր յատկացուց հայ գրականութեան ու արեւմտահայերէնի նիւթին։ Զանազան երկիրներէ եկած մասնակիցներ մեկնաբանեցին գլխաւոր հարցեր, նախատեսուած նիստերու ընթացքին։ Ասոնցմէ առաջինը ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի կողմէ կազմակերպուած յատուկ գիտաժողով մըն էր նուիրուած՝ սփիւռքահայ յայտնի գրողներէն Գրիգոր Պըլտեանի գործին, իր եօթանասունամեակի առիթով։ Իսկ երկրորդին նիւթն էր արեւմտահայերէնի պաշտպանումը, որ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Արեւեմտահայերէնի ծրագիրներու վարիչ Անի Կարմիրեան եւ ԻՆԱԼՔՕ-ի համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ։ Այս մէկը կը կայանար յատկապէս մանկավարժներով, դասախօսներով, ուսման համակարգի զանազան անդամներով ու վարիչներով։ Այս առիթով ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի վարիչ Անահիտ Տօնապետեանի հետ կատարեցինք հարցազրոյց մը որպէսզի տեղականանք այս չորս կարեւոր օրերուն անցուդարձներուն։
ԱՌՕՐԵԱՅ 2015-ի Նոպէլեան մրցանակակիրը Սվետլանա Ալեքսիեւիչն է

Դեկ­տեմբե­րի 10-ին Ստոք­հոլմում հան­դի­սաւոր արա­րողու­թեան պայ­մաննե­րում պե­լառուս գրող Սվետ­լա­նա Ալեք­սիեւի­չին կը յանձնուի Նո­պէլեան մրցա­նակ, որը շնոր­հե­ցին նրան 8 Հոկ­տեմբե­րին հե­տեւեալ ձե­ւակեր­պումով. նրա ար­ձա­կի բազ­մա­ձայն հնչե­ղու­թեան, ինչպէս նաեւ տա­ռապան­քի եւ արիու­թեան յա­ւեր­ժացման հա­մար։ Ռու­սա­լեզու տա­րածաշրջա­նի, այ­սինքն սո­վետա­կան, այ­սօր ար­դէն յետ­սո­վետա­կան երկրնե­րի հա­մար դա մեծ իրա­դար­ձութիւն է։ Մէկ մի­լիոն տո­լարից աւել է կազ­մում մրցա­նակը, եւ պարզ է, որ գրո­ղին հենց այնպէս չեն շնոր­հում այդ գու­մա­րը, սա­կայն նա­խան­ձը, չա­րու­թիւնն ու ան­հանդուրժո­ղակա­նու­թիւնը որ­պէս ար­ձա­գանգ վկա­յում են, որ այս տա­րածաշրջա­նում ոչինչ չի փո­խուել զան­գուածա­յին մտա­ծելա­կեր­պի մէջ. եթէ գրո­ղին Նո­պէլեան են շնոր­հել, ու­րեմն նա դա­ւաճան է։ Այժմ յի­շենք, թէ ինչպէս էր ար­ձա­գան­գում եր­կի­րը, որին առաջ­նորդում էր կո­մու­նիստա­կան կու­սակցու­թիւնը, այն գրող­նե­րի հան­դէպ, որոնց գնա­հատում էր «թշնա­մի» Արեւ­մուտքը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ես առոյգ եմ այդ հողերուն վրայ

74 ամեայ Ստեփան Պոտուեան լիոնաբնակ ֆրանսահայ մըն է։ Երիտասարդութեան տարիներէն ի վեր կը ճամբորդէ աշխարհի զանազան վայրերը։ Դէպի Թուրքիա իր առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէ 1968-ին, Կապատովկիա։ 1969-ին երկրորդ այցելութիւնը ուղղուած է Արեւմտեան Հայաստան։ Պատահաբար կը ծանօթանայ քիւրտ երիտասարդի մը, որուն հետ բարեկամութիւնը կը շարունակուի մինչեւ քանի մը տարի առաջ, երբ ան ոճիրի մը զոհ կ՚ըլլայ Փարիզի մէջ։ «Զաւակները իմ զաւկիս նման կը սիրեմ։ Երբ որ Թուրքիա գամ, անպայման կ՚այցելեմ իրենց ընտանիքը» կ՚ըսէ Պոտուեան։
ԱՌՕՐԵԱՅ Դեռ ի՞նչ փորձանք կայ մեր գլխուն

Նախորդ Շա­­բաթ առա­­ւօտ Ան­­գա­­­րայի Կա­­յարա­­նին առ­­ջեւ պայ­­թող ռումբերուն տե­­ղի տուած ցնցումնե­­րը մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կուին։ Թեր­­թիս հրա­­տարա­­կութեան պատ­­րաստուած պա­­հուն Ան­­գա­­­րայի Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառը զո­­հուած­­նե­­­րուն թի­­ւը կը յայ­­տա­­­րարէր 106։
ԱՌՕՐԵԱՅ Վերամուտը իր հոգերով

28 Սեպտեմբերը ուսման տարեշրջանի բացումն է Թուրքիոյ տարածքին։ Այդ օր 18 միլիոն աշակերտներ մուտք գործեցին դպրոցներէ ներս, ամբողջ ինը ամիսներ ինչ-ինչ դժուարութիւններ յաղթահարելու միտումով։