ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Դէպի Թոմարզա երթ ու դարձ

Բնաւ մտե­­րիմ չեմ եղած մեծ հօրս, Իս­­մա­­­յիլին հետ։ Ինք մա­­հացած էր, երբ տա­­կաւին միջ­­նա­­­կարգ վար­­ժա­­­րան կը յա­­ճախէի։ Ինք իս­­կա­­­կան իս­­լամ մըն էր Մեր­­սի­­­նէն եւ խիստ հայր մը։ Ան­­կեղծօ­­րէն, չէի սի­­րեր զինք մեծ­­նա­­­լու ըն­­թացքիս, քա­­նի որ կա­­րեկ­­ցութեան եւ զո­­ւար­­ճութեան պա­­կաս կը տես­­նէի իր մէջ։ Հայրս տա­­րիներ ետք ին­­ծի պատ­­մեց ամէն ինչ որ գի­­տէր մեծ հօրս մա­­սին, յատ­­կա­­­պէս որ ծնած էր Թո­­մար­­զա­­­յի մէջ, Կե­­սարիոյ մօտ, եւ երբ իր մայ­­րը վերստին ամուսնա­­ցած է, հե­­ռացած է Թո­­մար­­զա­­­յի իր տու­­նէն եւ եկած Մեր­­սին, երբ տա­­կաւին երա­­խայ էր։ Հայրս չէր թաքցներ իր կաս­­կա­­­ծը թէ Իս­­մա­­­յիլը հայ է ար­­մատնե­­րով –իր կեան­­քին պատ­­մութիւ­­նը պար­­զա­­­պէս տրա­­մաբա­­նական չէր։ Չեմ հե­­տեւած Իս­­մա­­­յիլի կեան­­քի պատ­­մութեան, լաւ յի­­շատակ­­ներ չու­­նիմ իր­­մէ, եւ նա­­խընտրած եմ հե­­տաքրքրու­­թիւնս եւ զգա­­ցական ներդրումս կեդ­­րո­­­նաց­­նել ըն­­տա­­­նիքիս աւե­­լի մտեր­­միկ մա­­սերուն վրայ։ Չէի գի­­տեր որ Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան նա­­խ
ԱՌՕՐԵԱՅ Կեսարիոյ մշակութային ժառանգութիւնը

Հրանդ Տինք հիմ­նարկի Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան նա­խագի­ծը կը շա­րու­նա­կուի 2014-ի սկիզ­բէն ի վեր։ Այս տա­րի նո­րոգո­ւած ծրա­գիրով մը իր գոր­ծունէու­թիւնը շա­րու­նա­կող նա­խագի­ծը, Յու­նիս ամ­սո­ւան ըն­թացքին կա­տարած է այց մը Կե­սարիոյ նա­հանգ, որուն նպա­տակն էր տեղ­ւոյն վրայ սեր­տել, տե­ղագ­րել ու լու­սանկա­րել յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Երկիրը երկիր է դառնում

Պատմական օրեր ապրեց Հայաստանը այս վերջին եր­կու շա­բաթուայ ըն­թացքում։ Յու­լի­սի 6-ին իր աւար­տին հա­սաւ կա­րեւոր մի փուլ, կա­պուած ժո­ղովուրդ-իշ­խա­նու­թիւն հա­կամար­տութեանը, որը տե­ղի ու­նե­ցաւ Բաղ­րա­մեան պո­ղոտա­յի վրայ։ Չա­փազանց լա­րուած, նոյ­նիսկ տագ­նա­պալի օրեր էին՝ ար­թուն պա­հելով շարժման աք­տի­վիստնե­րին եւ ան­քուն՝ իրենց մի­լիոն­նե­րի հա­մար իշ­խա­նու­թեան գլուխն ան­ցած յան­ցա­ւոր ոհ­մա­կին։ Սա­կայն տագ­նա­պը ու­ղեկցւում էր ինքնա­հիաց­մունքով։ Մի բուռ հայ է մնա­ցել օրէցօր հա­յաթա­փուող Հա­յաս­տա­նում։
ԱՌՕՐԵԱՅ Իֆթարը աւանդական, հարցերը հրատապ

Երկրի քրիս­տո­նեայ եւ հրեայ հա­մայնքնե­րը վեր­ջին տա­րինե­րուն սո­վորու­թեան վե­րածած են Ռա­մազան ամ­սուան առ­թիւ իֆ­թա­րի հիւ­րա­սիրու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պել։ Քա­ղաքիս հայ, յոյն, հայ կա­թողի­կէ, հրեայ, ասո­րի, քաղ­դէացի, պուլղար եւ վրա­ցի հա­մայնքնե­րու այս տա­րուան այդ աւան­դութիւ­նը կա­յացաւ հրեայ հա­մայնքի տան­տէ­րու­թեամբ, Պա­լատի Օր-Ահա­յիմ Հրէից հի­ւան­դա­նոցի պար­տէ­զին մէջ։ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Խոր­հուրդին մօտ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ՝ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նի ջան­քե­րով այս տա­րի աւե­լի մեծ մաս­նակցու­թիւն մը կա­յացաւ իֆ­թա­րի ընթրի­քին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Յեղափոխական հրատարակութեան հազարերորդ յաղթական համարը

Չենք վարանած «յեղափոխական» կոչումը օգտագործելէ, քանի որ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինք իրաւ յեղափոխական էր։ «Ակօս» անցնող 999 թիւերով ծառայեց Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Պոլսահայոց բարեփոխումներուն։ Յարատեւ պայքար մըն է որ կը շարունակուի աւանդապաշտ յետադիմականութեան դէմ, եւ այդ պայքարը ցարդ արդարացաւ ընկերական կեանքի զարգացումներով։ Երեւոյթ մը՝ որ ուղեցոյց կ՚ըլլայ ապագայի համար ալ։ Յայտարարութիւն մըն է այս, որ կու գայ «Ակօս»ի մերօրեայ խմբագիրներէն, յանուն հաւատարմութեան Հրանդ Տինքի, Սարգիս Սերովբեանի եւ նմաններու աւանդին հանդէպ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Վերջ գտաւ ցեղային գաղտնագիրի գործադրութիւնը

Ակօ­սի 1000-րդ հա­մարին զու­գա­դիպող բա­րեփո­խումնե­րէն մէկն է դպրոց­նե­րու ար­ձա­նագրման ըն­թացքին գոր­ծադրուած ցե­ղային գաղտնա­գիրի վե­րացու­մը։ Կրթու­թեան նա­խարար Նա­պի Ավ­ճը­յի ստո­րագ­րութեամբ հրա­տարա­կուած շրջա­բերա­կանը վերջ տուաւ քրիս­տո­նեանե­րու դպրոց­նե­րէ ներս խտրա­կանու­թիւն տա­ծող ցե­ղային գաղտնա­գիրի գոր­ծադրու­թեան։ Այսուհետեւ ար­ձա­նագ­րութեան լիազօ­րու­թիւնը յանձնուած է դպրոց­նե­րու տնօ­րէնու­թեան։ Բա­ցի այդ, թրքե­րէնով դա­սաւան­դուած առար­կա­ներու ու­սուցիչ­նե­րուն պաշ­տօ­նավար­ման տե­ւողու­թիւնն ալ պի­տի ճշդուի տնօ­րէնու­թեան կող­մէ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Սելինա Տողանի հարցումները

Եր­կար տա­րինե­րու բա­ցակա­յու­թե­նէ ետք երեք հայ պատ­գա­մաւոր­նե­րու Թուրքիոյ խորհրդա­րանի ան­դա­մակ­ցութիւ­նը որոշ հե­տաքրքրու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած է զա­նազան շրջա­նակ­նե­րէ ներս։ Եթէ ոմանք ոգե­ւորուած են այս նոր զար­գա­ցու­մէն, ոմանք ալ որոշ վե­րապա­հու­թեամբ կը հե­տեւին հա­յազ­գի երես­փո­խան­նե­րուն գոր­ծունէու­թեան։ Առ այժմ նա­խագա­հի մը ընտրու­թիւնով զբա­ղած խորհրդա­րանի օրա­կար­գին հար­ցում մը ներ­կա­յացուց ՃՀՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սե­լինա Տո­ղան։ Յե­նելով սահ­մա­նադ­րութեան 98-րդ. եւ խորհրդա­րանի ներ­քին կա­նոնագ­րութեան 96 եւ 99-րդ. յօ­դուած­նե­րուն, վար­չա­պետին դի­մեց հե­տեւեալ հար­ցումնե­րով։
ԱՌՕՐԵԱՅ Լաւագոյնները՝ Բաղրամեան պողոտայի վրայ

Նախորդ թի­ւի մէջ՝ պատ­մե­լով կի­լիկիացի-սի­րիացի Աբ­րա­համ Գիւրջեանի ըն­տա­նիքի մա­սին, հօր մա­հով վեր­ջա­կէտ չդրե­ցինք, քան­զի ըն­տա­նիքի բեռն ըն­կաւ Լու­սի­նէ Գիւրջեանի մօր ու­սե­րին, որը մնաց իր 6 ան­չա­փահաս երա­խանե­րի հետ ան­ծա­նօթ եւ տագ­նա­պալի մի­ջավայ­րում գո­յատեւ­ման պայ­քա­րի մէջ։ Ստա­լինեան ահա­բեկ­չութիւ­նը չէր նա­հան­ջում, մարդկանց տան դրան մօտ կանգ էր առ­նում սեւ մե­քենան եւ տա­նում ան­յայտ ուղղու­թեամբ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Եղբայրական դրախտ՝ Քամփ Արմէն

21 Յունիս Կիրակի օր այցելեցի Թուզլայի «Քամփ Արմէն» ճամբարը։ Ճամբու ընթացքին ես ինծի կը հարցնէի «արդեօք ուրիշներ ալ կ՚ըլլա՞ն, թէ ոչ առանձին պիտի մնամ»։