ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Բաղրամեան պողոտայի ցոյցերը վերսկսած

«Ո՚չ թա­լանին» նա­խաձեռ­նութեան ան­դամնե­րը կրկին ոտ­քի ելած են։ Բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու մաս­նա­կից­նե­րը դէմ ել­լե­լով էլեկտրա­կան ու­ժա­նիւ­թի թան­կացման դէմ Սեպ­տեմբե­րի 1-ին փոր­ձած են փա­կել Բաղ­րամեան պո­ղոտա­յի՝ նա­խագա­հական նստա­վայ­րի հան­դի­պակաց հա­տուա­ծը։
ԱՌՕՐԵԱՅ «Էրկիրի ձայնը կը լսեմ»

Օգոստոսի երկրորդ շաբթուն Հայաստան Աղվերանի մէջ Հելսինքեան Քաղաքացիական Անսամպլի Վանաձորի գրասենեակի նախձեռնութեամբ կայացաւ Եավաշ-Կամաց ամառնային դպրոցը։ Այս աշխատութեան երկու զեկոյցներով մասնակցած էր թերթիս աշխատակից Զաքարիա Միլտանօղլու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Միլտանօղլույի գրիչով Երեւանեան պատումներ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Լոռի. թանգարան՝ բաց երկնքի տակ

Միշտ հա­մոզուած եմ, որ մեր տա­րածաշրջա­նի բնու­թեան պէս ներ­դաշնակ ու գե­ղեցիկ ոչ մի տեղ չկայ։ Լո­ռուայ բնաշ­խարհը կ՚առանձնա­նայ իր իւ­րա­յատուկ կա­նա­չով ու վսեմ լեռ­նե­րով։ Շատ ան­գամներ տա­տիս ձեռ­քը բռնած ան­ցած եմ մեր հին փո­ղոցով, ու ան պատ­մած է աքա­սիանե­րու մա­սին, երբ անոր ծա­ղիկ­նե­րու բոյ­րը զգա­ցած ենք։ Յե­տոյ, շատ յե­տոյ, միայն ծա­նօթա­ցայ նաեւ մեր պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան, որով­հե­տեւ փոքր տա­րիքին առանձնա­պէս հե­տաքրքրուած չէի եկե­ղեցի­ներով ու յու­շարձան­նե­րով։
ԱՌՕՐԵԱՅ Անմահ բանաստեղծներու յիշատակին

Այս շաբաթ կը յիշատակենք Հայ ժողովուրդի երկու եղեռնամահ բանաստեղծներու՝ Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի 100-րդ տարելիցը։ Անոնք քալեցին հայ ազգյի գողգոթան, խաչուեցան անմեղ, իսկ մեզ թողուցին գրական հսկայ վաստակ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու քերթուածներ իբրեւ խունկ ու մոմ նահատակ բանաստեղծներու յիշատակին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Պեյրութի աղբի ցոյցը

Լի­բանա­նը ար­դէն մէկ տա­րիէ աւե­լի է, որ նա­խագահ չու­նի, իսկ կա­ռավա­րու­թիւնը ինքն իրեն եր­կա­րացու­ցած է կա­ռավար­ման իր ժա­մանա­կահա­տուա­ծը։ Շա­բաթ օրը, Օգոս­տո­սի 22-ին հա­զարա­ւոր լի­բանան­ցի­ներ հա­ւաքուած էին Ռիադ էլ Սոլ Պեյ­րութ՝ վար­չա­պետի նստա­վայ­րի մօտ, բո­ղոքե­լու կա­ռավա­րութեան ձա­խող­ման եւ շա­բաթ­նե­րով երկրի մէջ կու­տա­կուած աղ­բի ու չգոր­ծող աղ­բա­նոց­նե­րու դէմ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Յոյները զղջում կը պահանջեն

Թուրքիայէն գաղթելով Յունաստանի մէջ բնակութիւն հաս­տա­տած «Պոլ­սե­ցի Յոյ­ներ Տիեզե­րական Դաշ­նակցու­թիւն»ը 6-7 Սեպ­տեմբեր 1955-ի դէպ­քե­րու 60 ամեակին առ­թիւ պա­հանջներ յայտնեց Թուրքիոյ պե­տութեան։
ԱՌՕՐԵԱՅ Երկիրը դէպի քաօս կ՚երթայ

7 Յունիսի Խորհրդարանի ընտրութիւններու ար­դիւնքը հիաս­թա­փու­թիւն մը եղաւ նա­խագահ Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանի հա­մար, որ այդ օրէն ի վեր լա­րուա­ծու­թիւն կը գրգռէ երկրէն ներս։ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան տա­սը տո­կոսի ար­գելքը յաղ­թա­հարե­լուն ար­գելք ըլ­լա­լու մի­տու­մով ընտրու­թեան նա­խոր­դող օրե­րուն գոր­ծադրուած յար­ձա­կումնե­րը ի վեր­ջոյ 20 Յու­լի­սին Սու­րուչի մէջ 33 կեան­քեր խլե­լով մեկ­նա­կէտը հան­դի­սացան եր­կի­րը պա­տերազ­մի դաշ­տի վե­րածե­լու ծրագ­րին։ Թուրքիոյ մէջ հա­մատա­րած հա­մոզում մըն է որ այս բո­լորը կը կա­տարուին նա­խագա­հի ծրագ­րին հա­մաձայն։
ԱՌՕՐԵԱՅ Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը իր խնդիրներով

Նախորդ տարուայ համեմատ՝ այս տարի Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը փոքրիկ աճ մը կը ներկայացնէ։ 2014-ի երկրորդ եռամսեայի համեմատ՝ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը այս տարի աճած է 1,8%-ով։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային Վիճակագրութեան Ծառայութիւնը (ՀՀ ԱՎԾ)՝ 2015թ. երկրորդ եռամսեակին Հայաստան այցելած է 256.917 զբօսաշրջիկ։ Անոնց մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն հայրենիքէն դուրս բնակուող հայեր, որոնք ամրան ամիսները կ՚օգտագործեն հայրենի բնաշխարհ այցելելու ու տեսարժան վայրերուն ծանօթանալու համար։