ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Դարադարձի յաղթական տօնակատարութիւն

Հար­ցում՝ «Ուրտե­ղացի՞ ես», պա­տաս­խան՝ «դեռ չեմ ամուսնա­ցած»։ Ժո­ղովուրդա­կան այս ծի­ծաղա­շարժ են­թադրու­թիւնը կ՚ար­դա­րաց­նեմ սրտանց իւ­րացնե­լով կնոջս ծննդա­վայ­րը։ Դեռ նշա­նուած էինք, երբ առա­ջին ան­գամ այ­ցե­լեցի Մու­սա Լե­րան լան­ջին Վա­քըֆ­լը գիւ­ղը։ «Վա­քըֆ­լը գիւղ» անուանու­մի հա­մես­տութեան ետին կար վիթ­խա­րի պատ­մութիւն մը։ Թէեւ հա­րեւան­ցիօրէն լսած էի այդ պատ­մութեան մա­սին, սա­կայն 1982 թուակա­նի այդ այ­ցե­լու­թիւնով թա­փան­ցե­ցի պատ­մութեան կեն­դա­նի վկա­ներու յու­շե­րուն։ Ծա­նօթա­ցայ Մու­սա Լե­րան քա­ռաս­նօ­րեայ հե­րոսա­կան դի­մադ­րութեան ակա­նատես եղած ծե­րու­նի­ներու հետ։ Այդ պա­տումնե­րը զար­մա­նալիօրէն կը հա­մապա­տաս­խա­նէին անուանի վի­պագիր Ֆրանց Վէր­ֆե­լի վա­ւերագ­րա­կան բնոյթ ու­նե­ցող «Մու­սա Լե­րան 40 Օրե­րը» վէ­պին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Տպաւորութիւններ մշակոյթներու օրրան Միտյաթէն

Ասորական աշխարհագրութեան մէջ «Թուրապտին» կոչուած շրջանի մէջ կը մտնեն Մարտին, Միտյաթ, Մծբին, Կէր­ճուշ, Հա­սան­քէյֆ, Քեր­պուրան, Իտիլ, Պաթ­ման քա­ղաք­նե­րը։ Ստու­գա­բանա­կան առու­մով Թու­րապտին կը նշա­նակէ «Աստուծոյ աղա­խին­նե­րու եր­կիր»։
ԱՌՕՐԵԱՅ Տիյարպէքիրի պետականապատկան եկեղեցիները

Հէվ­սէ­լի պար­տէզնե­րուն եւ Տի­յար­պէ­քիրի պա­րիսպնե­րուն Հա­մաշ­խարհա­յին Մշա­կոյ­թի Ժա­ռան­գի ցան­կե­րուն մէջ գրան­ցուելէն ետք, քա­ղաքի մշա­կու­թա­յին ժա­ռանգ հա­մարուելու ար­ժա­նի շի­նու­թիւննե­րը դար­ձեալ օրա­կար­գի վրայ են։ Տի­յար­պէ­քիրի պատ­մամշա­կու­թա­յին հարստու­թիւնը ցան­կագրե­լու աշ­խա­տու­թիւնը աւար­տած է։ Քա­ղաքի թան­գա­րանի տնօ­րէնու­թեան եւ քա­ղաքա­պետա­րանի միատեղ ջան­քե­րով գո­յացաւ տա­րած­աշրջա­նի մշա­կու­թա­յին քար­տէ­սը։ 2009-էն այս կողմ շա­րու­նա­կուող աշ­խա­տու­թեան հե­տեւան­քով ստու­գուած կո­թող­նե­րու թի­ւը 664 է։ Անոնց մէջ կան 11 եկե­ղեցի­ներ եւ մէկ հրէից աղօ­թատե­ղի։ Ցան­կագրու­թեան հե­տեւան­քով պար­զուեցաւ թէ ցան­կագրուած եկե­ղեցի­ներէն եօթը կը պատ­կա­նին պե­տու­թեան եւ անոնցմէ մէ­կը ամ­բողջո­վին ան­հե­տացած է։ Մնա­ցեալ վեց եկե­ղեցի­ներն ալ կը գոր­ծեն բո­լորո­վին այլ նպա­տակ­նե­րով։
ԱՌՕՐԵԱՅ Հայաստան-Իրան նոր ելեկտրագիծ

Յու­լիս ամ­սուան ըն­թացքին ստո­րագ­րուած Իրան-Մի­ջազ­գա­յին վե­ցեակ պայ­մա­նագի­րը, բա­ցի ատո­մական իր պա­րու­նա­կու­թե­նէն, մեծ ազ­դե­ցու­թիւններ կը շա­րու­նա­կէ ու­նե­նալ տա­րածաշրջա­նի եւ մի­ջազ­գա­յին հար­դակնե­րու վրայ։ Ըստ մէկ­նա­բան­նե­րու, Իրա­նի հետ նոր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը պի­տի ու­նե­նան Սու­րիական պա­տերազ­մէն մին­չեւ Ռու­սա­կան-Ամե­րիկեան յա­րաբե­րու­թիւններ, եւ Եւ­րո­պական ու­ժա­նիւ­թա­յին տարածք։
ԱՌՕՐԵԱՅ Յանուն Հայու եւ Քրիստոնեայի համերաշխութեան

Կան իրողութիւններ, որոնք յանուն պատշաճութեան չեն խօսուիր։ Բանիմաց մարդը գիտէ թէ բոլոր ծիսակատարութիւնները, ներառեալ մկրտութիւնը բեմադրութիւններ են, որոնց ակունքները կ՚երկարին քրիստոնէութենէ շատ աւելի վաղ ժամանակներու։ Գիտէ, բայց կը խուսափի հաւատացեալի մը արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ, չի գործածեր «բեմադրութիւն», «թատրոն» կամ «շօվ» բառերը։ Ան չի գործածէր բայց եկեղեցւոյ անունով խօսող վարդապետը անվարան կը յայտարարէ թէ մկրտութիւնը շօվ չէ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Մուրատ Նազարեանէ ուշագրաւ հրապարակումներ

Մուրատ Նազարեան առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ եւ բացատրութիւններ տուաւ ոճիրի օրուան մասին։ Ինչպէս ընթերցողները պիտի յիշեն Սամաթիոյ մէջ տա­րեց հայ կի­ներու դէմ իրա­րայա­ջորդ յար­ձա­կու­մներ կա­տարուած էին, որոնցմէ մէ­կը հա­սած էր ոճ­րա­գոր­ծութեան եւ տա­րաբախտ Մա­րիցա Քիւ­չիւք սպա­նուած էր։ Մի­ջոց մը ետք ոս­տի­կանու­թիւնը յայտնա­բերած էր մե­ղադ­րեալ մը՝ Մու­րատ Նա­զարեան, որ շփոթ պա­տաս­խաննե­րով խնդի­րը վե­րածած էր ան­լուծե­լիու­թեան։ Մար­դու իրա­ւունքնե­րու գոր­ծիչ իրա­ւապաշտպան Էրէն Քէս­քին կա­մաւոր կեր­պով ստանձնած էր Մու­րատ Նա­զարեանի պաշտպա­նու­թիւնը, միշտ հա­ւատա­լով որ ան կը շա­հագոր­ծուի ու­րիշ յան­ցա­գոր­ծե­րու կող­մէ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Համահայկականը՝ միշտ գերազանցելով նախորդը

Համահայկական վեցերորդ խաղերու հանդիսաւոր բացումը կա­տարուեցաւ 2 Օգոս­տոս Կի­րակի երե­կոյեան, Երե­ւանի Վազ­գէն Սար­գի­սեանի անուան մար­զա­դաշ­տին մէջ։ Ինչպէս նա­խորդ թի­ւերու մէջ նշած էինք, Հա­մահայ­կա­կան խա­ղերու մաս­նա­կից­նե­րու թի­ւը այս տա­րի ար­ձա­նագ­րած է ամե­նաբարձր կէ­տը, 171 քաղաքնե­րէ 6.352 մաս­նա­կից­նե­րով։ Այս ընդհա­նու­րի մէջ Թուրքիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րէ մաս­նակցող­նե­րու թիւն ալ կը մօ­տենար 900-ի։
ԱՌՕՐԵԱՅ «Հայերուն տեղը քիւրտերը առած են»

Պատմաբան եւ լրագրող Վիգէն Չըթըրեան հեղինակած է նոր գիրք մը, որը նիւթ կ՚առնէ հարիւր տարուան համաշխարհային քաղաքականութիւնը, ակադէմական հետազօտութիւնները, Քրտական հարցը, թուրք եւ հայ հասարակութիւնները։ «Բաց Վէրքեր։ Հայեր, Թուրքեր եւ դար մը ցեղասպանութիւն» հատորը կը կեդրոնանայ յետ-ցեղասպանութիւն ժամանակաշրջանին, եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան կը վերաբերի որպէս կարեւոր անկիւնադարձ մը։