ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Եւրոհայերը կը զօրակցին ՀՏՓ-ին

Երբ միայն երկու շաբաթներ մնացած են Թուրքիոյ քա­ղաքա­կանու­թեան հա­մար ճակա­տագ­րա­կան նշա­նակու­թիւն ներ­կա­յաց­նող խորհրդա­րանի ընտրու­թիւննե­րուն, քա­ղաքա­կան դաշ­տը լրջօ­րէն սրուած է։ Քա­նի մը օր առաջ տա­սը վայրկեանի հե­տեւու­թեամբ ռումբեր պայ­թե­ցան ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Մէր­սի­նի եւ Ատա­նայի կուսակցական կեդ­րոննե­րուն մէջ։ Ռումբե­րը զե­տեղուած էին թա­ղարի եւ փոստի մէջ, յանձնուած կու­սակցա­կան­նե­րուն։
ԱՌՕՐԵԱՅ Գերմանիոյ սփիւռքը իր յաջողութիւններով ու հոգսերով

Համաշ­խարհա­յին օդագ­նա­ցու­թեան մէջ շատ կա­րեւոր խաչ­մե­րուկ մըն է Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նը։ Ամէն օր աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րէ եկող բազ­մա­թիւ ինքնա­թիռ­ներ բիւ­րա­ւոր ու­ղե­ւոր­ներ կը բե­րեն հոս, որոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը միայն փո­խանցման հա­մար քա­նի մը ժա­մով կ՚այ­ցե­լէն օդա­կայա­նը, ապա կը շա­րու­նա­կեն իրենց ճամ­բորդու­թիւնը դէ­պի հե­ռաւոր այլ քա­ղաք­ներ։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նին մէջ կը հան­դի­պինք սո­վորա­կանէն աւե­լի մեծ տա­րողու­թեամբ ճամ­բորդա­տար ինքնա­թիռ­նե­րու։ Ի տար­բե­րու­թիւն մե­ծամաս­նութե­նէ, Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նը մե­զի հա­մար անցման կէտ մը չէ, այլ հա­սան­ման վայր։ Առան­ձին չենք Իս­թանպու­լէն եկող սա­ւառ­նա­կին մէջ։ Երա­ժիշտնե­րու խումբի մը հետ կը ճամ­բորդենք, որոնք հրա­ւիրուած են մեր ալ իբ­րեւ ատե­նախօս մաս­նակցե­լիք մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին ելոյթ ու­նե­նալու հա­մար։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ժողովուրդներու բարեկամ Սերովբեանին գնահատանք

Իս­թանպու­լի մէջ գոր­ծող Պաթ­մա­նի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւն, ՊԱ­ՏԷՐ-ը յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը նշեց Պաթ­մա­ն գա­ւառի «քա­ղաք» կո­չուե­լու 25 ամեակը։ Մի­ջոցառ­ման հրա­ւիրուած էին հա­րեւան քա­ղաք­նե­րու հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։Ապա միու­թեան ատե­նապե­տը յու­շա­նուէր­ներ յանձնեց մե­ծարեալ­նե­րուն։ Սար­գիս Սե­րով­բեանի յու­շա­նուէ­րը յանձնուեցաւ իր որ­դիին՝ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեանին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Մշակութային Ժառանգութիւն՝ եզրեր եւ հարցադրումներ

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի 2014-էն շա­րու­նա­կուող Մշա­կու­թա­յին Ժա­ռան­գութեան ծրա­գիրը այս շա­բաթ պի­տի իրա­կանաց­նէ իր առա­ջին աշ­խա­տանո­ցը, խո­րագ­րուած՝ «Մշա­կու­թա­յին Ժա­ռան­գութիւն՝ եզ­­րեր, հար­­ցադրումներ եւ Թուրքիայէն օրի­­նակ­­ներ»։ Աշ­­խա­­­տանո­­ցը կը ձգտի երեք հար­­ցադրումնե­­րու շուրջ ար­­ծարծումներ կա­­տարել։ Ի՞նչ է մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը տար­­բեր գի­­տական ճիւ­­ղե­­­րու համար։ Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը ի՞նչ հի­­մունքնե­­րու վրայ կա­­րելի է պահ­­պա­­­նել եւ սե­­փակա­­նաց­­նել։ Ի՞նչ է Թուրքիոյ տա­­րած­­քին մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն տա­­րողու­­թիւնը եւ ի՞նչ են մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Բռնակալին թաղումը

Հանրապե­տական Թուրքիոյ պատ­մութեան 1980-ական թուական­նե­րուն իր դրոշ­մը դրած չա­րագործ բռնա­կալ Քե­նան Էվ­րէն 9 Մա­յիսի գիշերուայ ժա­մերուն 98 տա­րեկա­նին կնքեց իր մահ­կա­նացուն։ Էվ­րէն մի­ջոցէ մը ի վեր կը խնա­մուէր զի­նուո­րական «ԿԱ­ԹԱ» հի­ւան­դա­նոցի մէջ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Կոչ՝ դիմադրողները գօտեպնդալու համար

Նախորդ Չորեքշաբթի օր լուրը ռումբի մը նման ինկած էր «Ակօս»ի խմբագրատունը։ Քանդիչ սարքեր սկսած էին փլել Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րի, այլ խօս­քով Գամփ Ար­մե­նի շէն­քե­րը։ Առա­ջին լու­րե­րուն յա­ջոր­դե­ցին դրա­կան զար­գա­ցումներ։ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Թուզլա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծիչնե­րը փլուզման լու­րը լսե­լով փու­թա­ցած էին ճամ­բար։ Շու­տով անոնց միացան ՃՀՓ կու­սակցու­թեան ան­դամները։
ԱՌՕՐԵԱՅ Անմոռուկը կը ծաղկի Թուրքիոյ տարածքին

Ապրիլ 24-ի ձօ­նուած մի­ջոցա­ռումնե­րը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուին բո­վան­դակ երկրի տա­րած­քին։ Թեր­թիս նա­խորդ թի­ւի էջե­րուն վրայ կա­րելի եղած չա­փով ար­ձա­գան­գած էինք կա­տարո­ւած նա­խաձեռ­նութիւննե­րուն։ Բնա­կանա­բար զա­նազան հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ առա­ջին հեր­թին նպա­տակադ­րած էին ոգե­կոչումներ կա­տարել օրը օրին։ Բայց յատ­կա­պէս մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ խա­չաձե­ւումնե­րէ խու­սա­փելու մի­տու­մով շա­տեր իրենց կազ­մա­կեր­պած մի­ջոցա­ռու­մը յե­տաձ­գե­ցին յա­ջոր­դող օրե­րուն։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ահազանգ, հասէ՛ք կը փլեն Քամփ Արմենը

Թրքահայոց պատկա­նող եւ պե­տու­թեան կող­մէ գրա­ւուած կա­լուած­նե­րու մէջ ամե­նախորհրդան­շա­կան օրի­նակը կը կազ­մէ Քամփ Ար­մեն անու­նով ծա­նօթ Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րը։ 6 Մա­յիս Չո­րեք­շաբթի առա­ւօտ քան­դիչ մե­քենա­ներ ճամ­բար մտնե­լով սկսան փլել ճամ­բա­րի եր­կա­րամեայ տնօ­րէն Հրանդ Կիւ­զէ­լեանի սե­նեակը, որպէս տղոց եւ աղջկանց ննջա­րան գոր­ծա­ծուող հինգ սե­նեակ­ներ եւ մա­տու­ռը։ Երբ լու­րը լսո­ւեցաւ, կայ­ծակնա­յին արա­գու­թեամբ վայր փու­թա­ցին ՀՏՓ եւ ՃՀՓ կու­սակցու­թիւննե­րու շրջա­նային վար­չութիւննե­րը, երես­փո­խանու­թեան թեկ­նա­ծու Կա­րօ Փայ­լան եւ Նոր Զար­թօնքի երի­տասարդ գոր­ծիչներ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ո՞ւր է մեր քաղաքը

Մեր քաղաքները երկնաքերներով չեն յատկանշուիր։ Մեր քաղաքները ոլոր մոլոր պողոտաները չեն, ոչ իսկ քաղաքային պարտէզները, թաղամասերը կամ նաւահանգիստները։ Շուկաները չեն մեր քաղաքները, եւ կամ տուները։ Մեր քաղաքներուն մէջ մարդիկ չեն հեծիր սրընթաց գնացքներուն, կառքերուն, հանրակառքերուն։ Մայթեր ալ չկան հոն, հետիոտն անցորդներն ալ չկան։ Թատրոն եւ սինեմա ալ չկայ մեր քաղաքներուն մէջ։ Ազդանշաններ չկան, ազդատախտակներ չկան։ Եկեղեցի ու դպրոց ալ չկայ։ Գերեզմանատուն իսկ անկարելի է գտնել։ Մեր քաղաքներուն մէջ հրապարակներ չկան, եւ հրապարակներուն մէջտեղը կանգնեցուած արձաններ ու աշտարակներ չկան։