ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Հայկական նոր միութիւն Տէրսիմի մէջ

Իսթանպուլաբնակ Տէրսիմցի հայերու հիմնած հայրենակցական միութենէն ետք ներկայիս Տէրսիմ բնակող հայերն ալ կազմեցին իրենց անջատ միութիւնը՝ «Տէրսիմի Հայոց եւ Ալէվիներու Բարեկամութեան Միութիւն» կոչումով։ Օրինական հիմնադրութիւնը կատարած նախաձեռնարկ մարմինի անունով «Ակօս»ի խմբագրութիւն այցելող Սէրքան Սարիաթաշ յայտնեց, որ այժմ կը շարունակեն անդամագրութիւնը, որուն որոշ թիւի մը հասնելէն ետք պիտի կատարեն համագումար եւ պիտի ընտրեն վարչութիւնը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Յաջորդ հանդիպումները աւելի արդիւնաբեր ըլլան

Անցեալ 11 Փետրուար Չորեքշաբթի երեկոյ, Վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու աշխարհական ներկայացուցիչներուն ուղղուած հրաւէրին արձագանգները կը շարունակուին։ Վարչապետին ընթրիքի հրաւէրին ժամանեցին զանազան ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւններէ շուրջ 40 հրաւիրեալներ։ Հասարակութեան աւելի լայն շերտի մը հետ շփում ապահովելու համար բացի հոգաբարձութեանց կամ թաղականութեանց ներկայացուցիչներէ, հրաւիրուած էին նաեւ հայրենակցական միութիւններու, մամլոյ ծառայութիւններու եւ հարթակներու ներկայացուցիչներ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծումով կիրականանայ նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչումը

Ղարաբաղի պատերազմը աւարտած համարուեցաւ 1994 թուի Մայիսին Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններով։ Սակայն վերջերս թափ ստացած են Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծի վրայ զինեալ բախումները։ Զինադադարի քսանամեակի լրացած այս օրերուն երկրի ապագան, ներկայ խնդիրները եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները հասկնալու համար խօսեցանք Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ռուսաստանին սպասում է մեծ աղէտ

Ռուսերէնում «միռ» բառը նշանակում է եւ աշխարհ, եւ խաղաղութիւն. «միռու միռ» ռուսերէնով նշամակում է աշխարհին խաղաղութիւն, բայց Ռուսաստանը չգիտի ինչ բան է խաղաղ ապրելը եւ այդ պատճառով վտարւում է աշխարհի ընտանիքից։ Այսօր Փութինը պատրաստում է լայնածաւալ յարձակում Ուքրաինայի վրայ, եւ ԱՄՆ-ը ուզում է զէնքով օգնել Ուքրաինային։ Աշխարհը կանգնած է 3-րդ աշխարհամարտի առջեւ, բայց ոչ ոք չի ուզում պատերազմ, որը յետ է գցելու քաղաքակրթութիւնը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Պիթլիս վերագտաւ Սարոյեանը

Պատմաբան Արա Սարաֆեանի առաջարկով Սարոյեան ընտանիքին նախապէս բնակած փողոցը վերակոչուած էր «Ուիլեամ Սարոյեան փողոց»։ Իսկ այժմ Պիթլիսի քաղաքապետութիւնը որոշած է քաղաքի նորակառոյց գրադարանը եւս անուանակոչել աշխարհահռչակ գրագէտի անունով։
ԱՌՕՐԵԱՅ Հայ լոպիները կը ժխտեն Թուրք Վարչապետը

Վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Կիրակի օր ԱԳՓ կուսակցութեան Իսթանպուլեան համագումարին, երբ հերթական քննադատութիւնը կը կատարէր Ֆեթուլահ Կիւլէնի եւ անոր ԱՄՆ-ի մէջ տարած քաղաքական աշխատութիւններուն մասին, անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքահայոց լոպիական աշխատութիւններուն, պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական, յունական եւ հրեական լոպիները Կիւլէնի հետ համագործակցութեան մէջ են։ Տաւութօղլուի այս պնդումներուն մասին դիմեցինք, ԱՄՆ-ի հայկական ծանօթ կազմակերպութիւններէն, Հայ Իրաւապաշտպաններու միութեան վարչական Էտվին Մինասեանի, որ ժխտեց Վարչապետին այդ պնդումը, ըսելով որ հայ լոպիները աշխոյժ ջանք կը վատնեն Կիւլէնի դպրոցներու փակուելուն համար։
ԱՌՕՐԵԱՅ Երրորդ կողմը՝ Չանաքքալէի եւ Սարըգամըշի միջեւ

Ըստ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի յայտարարութեան, այս տարի Չանաքքալէի պատերազմի զոհերու յիշատակը պիտի ոգեկոչուի փոխանակ ցարդ նշուած 18 Մարտին, 23-25 Ապրիլ թուականներու միջեւ։ Անշուշտ որ այս որոշումը խորամանկ ռազմավարութիւն մըն է միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը շեղելու համար Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումէն, որ տեղի կ՚ունենայ Ապրիլ 24-ին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Նազարեան առանձինն չէր

2012-ի Դեկտեմբեր ամսուն Պոլսոյ Սամաթիա հայաշատ թաղի մէջ տարեց հայ կիներու ուղղեալ իրարայաջորդ յարձակումները խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած էին թրքահայ հասարակութենէ ներս։ 28 Դեկտեմբեր 2012-ին Մարիցա Քիւչիւք իր տան մէջ սպաննուած էր բիրտ յարձակումէ մը ետք։
ԱՌՕՐԵԱՅ Հրաժեշտ «Ակօս»ին

Հրաժեշտի գրութիւն մըն է այս։ Հիմնարկութենէն՝ այսինքն 1996-ի Ապրիլէն սկսեալ ընթերցող, 2006-էն ի վեր գրող, 2008-էն այս կողմ աշխատող եւ 2010-էն մինչեւ այսօր ալ որպէս գլխաւոր խմբագիր «Ակօս»ին մաս կը կազմեմ։ Եկած է հրաժեշտի պահը։ Էթիէն Մահճուպեանէ փոխառած պաշտօնս կը յանձնեմ Եդուարդ Տանձիկեանին ու կը վերադառնամ թերթին հասարակ ընթերցողի դիրքիս։
ԱՌՕՐԵԱՅ Տոհմագրի Նախարարութիւնը

Անգամ մը եւս դատական խնդրի կը վերածուի փոքրամասնութեան պատկանող դպրոցներու աշակերտներուն արձանագրութեան հարցը։ Արդարեւ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութիւնը մերժած է Իսթանպուլի հայ վարժարաններ յաճախող խումբ մը աշակերտի արձանագրութիւնը։