ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Տոլարը եւ ազգային արժոյթները

Ամանոր է, որն ամենամեծ տօնն է հայաստանցիների համար ի տարբերութիւն սփիւռքահայերի, որոնց ամենասիրուած տօնը Զատիկն է։ Հետաքրքիր է, որ Սուրբ Ծնունդին հայաստանցիները նոյնպէս Զատիկ են ասում։ Բացատրում ես, որ մարդ նախ պիտի ծնուի, խաչի վրայ հոգին աւանդի, յետոյ նոր յարութիւն առնի, հայաստանցիները հասկանում են, բայց աւելացնում են «դէ սա փոքր Զատիկ է»։
ԱՌՕՐԵԱՅ Փոխան բարեմաղթանքի

Բոլորեցինք տարի մը եւս։ Պատմութեան կը թողունք մեր թուարկութեան երրորդ հազարամեակի 14-րդ տարեթիւը։ Այս տարի եւս ականատես եղանք պատահարներու, որոնք նախորդ տարիներէն ալ ծանօթ էին մեզի։ Բայց բազմաթիւ նիւթեր ալ մնացին աննախադէպ։ Բնականաբար մեր սեփական կեանքի պատմութեան մէջ շատ աւելի յաճախակի են աննախադէպները։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ո՞վ է ան անհեթեթը

Մուրատ Պարտաքճը անունը ծանօթ է շատերուն, իբրեւ սիրողական պատմաբան։ Ան սրտցաւօրէն յայտնեց թէ Օսմանեան արխիւները այնքան ալ վստահելի դիրքի մէջ չեն եւ փոխանցեց շահեկան տեղեկութիւն մը։ Ըստ Պարտաքճըի Թուրք Պատմութեան կաճառի պատասխանատուներէն մին վերցուցած է 1915-ի տարագրութեան որոշումէ ետք կատարուած աքսորի արձանագրութիւնները։ «Այս գործը ոչ թէ պաշտօնական հրամանով մը, այլ այդ անձի անհեթեթութեամբ կատարուեցաւ»։
ԱՌՕՐԵԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հասան Ճէմալ Թուրքիոյ մէջ կանխավճիռները կործանող եւ այս պատճառաւ ալ հալածանքներու ենթարկուող լրագրող ու մտաւորական մըն է։ Իբրեւ Հրանդ Տինք Հիմնարկ՝ պատիւ կը զգանք անուանի մտաւորականի խօսքը Հայաստանի ժողովուրդին լսելի դարձնելով։
ԱՌՕՐԵԱՅ Զաքարիա Միլտանօղլուի 19 քաղաքները

Միլտանօղլու 15 Դեկտեմբեր Երկուշաբթի երեկոյ «Ճէզայիր» շէնքի մէջ բանախօսութիւնով մը ներկայացաւ հանրութեան։ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած բանախօսութիւնը կը կրէր՝ «19 Քաղաք, 15 Հետքեր» խորագիրը։ Այսպէս ան խօսեցաւ Կեսարիոյ, Վանայ, Մշոյ, Տիյարպէքիրի, Տրապիզոնի, Կուտինայի, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Տարտանելի եւ այլ քաղաքներու հայկական մշակութային ժառանգի մասին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ոճրագործ մը կը փնտռուի

Ոճրագործ Օկիւն Սամասթ դատարան ներկայացաւ ոչ թէ ամբաստանեալի, այլ վկայի դիրքին մէջ հրապարակեց կարգ մը անուններ, որոնք եւս պիտի հաստատեն ոճիրի կազմակերպուածութիւնը, առանց ցոլացնելու այդ կազմակերպութեան խորքի ծալքերը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Մերոնք Ֆէրկիսընն են

Մեզմէ շատեր կրնան լսած ըլլալ ԱՄՆ-ի Միսուրի նահանգը, բայց արդեօք քանի հոգի նախապէս լսած էր այդ նահանգին Ֆէրկիսըն քաղաքին անունը, որ վերջին երեք օրերու ընթացքին կը զբաղեցնէ համաշխարհային բոլոր լրատուամիջոցները։