ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Ութը տարի է նոյն տեղն ենք

«Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութներորդ տարելիցին եւս հազարաւոր մարդիկ իրար զանգահարելով կ՚ազդարարէին տուեալ ժամուն Թաքսիմի հրապարակը մէկտեղուելով դէպի «Ակօս» քալելու մասին։ Նոյն օրը երեկոյեան 19.00-ին դարձեալ բազմահազարներ քալեցին դէպի Կալաթասարայի հրապարակ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Շրջուն  շիրմաքարեր

Կարապետ Պալեանի շիրմաքարին պատահական յայտնութիւնով յայտնի դարձաւ թէ շատ շատերու կողքին կորսուեր է նաեւ այս բազմավաստակ արուեստագէտի գերեզմանն ալ։ Մինչդեռ Պալեաններու ամենահմուտ ուսումնասիրողներէն Բարս Թուղլաճըի նշումներուն համաձայն Կարապետ Պալեան թաղուած էր Պէշիկթաշի Հայոց գերեզմանատան մէջ։ Թուղլաճը այս նկարը հրատարակելէն ետք կը նշէ որ տապանաքարերը կորած են։
ԱՌՕՐԵԱՅ Զէնքերը խաչաբախուեցին

Ամէն մի սպանութիւն առաջին հերթին ինքնասպանութիւն է, ինչպէս ամէն մի ինքնասպանութիւն առաջին հերթին սպանութիւն է։ Not afraid (մի' վախենար)
ԱՌՕՐԵԱՅ Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է

Ինչպէս նախորդ 7 տարիներուն, այս տարի ալ թերթիս հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութամեակին առթիւ կազմակերպուած են զանազան միջոցառումներ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ռմբակոծուած

Արմէնիըն Ուիքլիի հաղորդումին համաձայն, երբ արար աշխարհ զբաղուած էր Փարիզի մէջ գրչի դէմ յարձակումին, նոյն 9 Յունուարին, առաւօտեան ժամերգութենէ երկու ժամ առաջ ռմբակոծուեցաւ Հալէպի Կաթողիկէ Հայոց Սրբուհի Ռիթա Եկեղեցին։ Տաճարը ծանրօրէն վնասուեցաւ։ Եթէ պայթումը երկու ժամ ուշանար, բազմաթիւ զոհեր պիտի ըլլային։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ասորիներ իրաւունք կը պահանջեն Ալեքսանդրէտի մէջ

Փոքրամասնութիւններուն բռնագրաւուած կալուածները ետ առնելու համար տարուած իրաւական պայքարը կը շարունակուի։ Վերջերս Կաթողիկէ Ասորիներու Պատրիարքարանն ալ Հաթայի Իսքենտէրուն քաղաքի մէջ գրաւուած տարածքներու վերատիրանալու համար դատարան դիմեց։
ԱՌՕՐԵԱՅ Հալաճօղլու ալ լուր չունի

Եուսուֆ Հալլաճօղլու, նշելով որ իր 15 տարուայ նախագահութեան շրջանին նման դէպք մը չէ պատահած ու ըսաւ. «Պարտաքճըի պնդածին նման գործողութիւն մը անկարելի է։ Ես պետական արխիւներու մէջ ալ որպէս բարձրաստիճան պատասխանատու պաշտօն ստանձնած եմ։ Այդ փորձառութեան յենելով կ՚ըսեմ թէ Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառի ոեւէ նախագահ պետական արխիւներէն փաստաթուղթ մը վերցնելով ուրիշ տեղ մը չի կրնար պահել»։