ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Եւորպական Խորհրդարանը կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը

Չո­րեք­շաբթի 15 Ապ­րի­լին, ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւր ամեակին տա­սը օր մնա­ցած, Եւ­րո­պական Խորհրդա­րանը ըն­դունեց բա­նաձեւ մը, ըստ որուն կը հաս­տա­տէ իր 1987-ի ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչնա­լու որո­շու­մը, եւ կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ շա­հագոր­ծել հա­րիւր ամեակի առի­թը, ճանչնա­լու հա­մար ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, եւ այդպի­սով ճամ­բայ բա­նալու Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նաց­ման։
ԱՌՕՐԵԱՅ Տպաւորութիւններ երազային Պէյրութէն

Լիբա­նանի մայ­րա­քաղա­քը հայ իրա­կանու­թեան, յատ­կա­պէս գրա­կան ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն մէջ, Պոլ­սոյ հետ կը բաժ­նէ «երա­զային» մակ­դի­րը։ Թե­րեւս որոշ գրող­ներ Փա­րիզի նկատ­մամբ ալ նոյն մեր­ձե­ցու­մը ու­նե­նային։ Բայց գո­նէ մեր ըն­կա­լու­մին մէջ միշտ կար այդ «երա­զային Պէյ­րութ» կո­չու­մը։ Եւ ահա «Մի­ջին Արե­ւել­քի Օդա­յին Գի­ծերու» ինքնա­թիռը 9 Ապ­րիլ, Հինգշաբ­թի ցե­րեկուայ ժա­մերուն կը հա­ւաքէր իր անիւ­նե­րը Եշիլ­գիւղի օդա­կայա­նի վազ­քուղիէն դէ­պի պա­րապու­թիւն, մօտ մէ­կու­կէս ժա­մուայ թռիչ­քով մեզ հասցնե­լու հա­մար այդ երա­զային քա­ղաքը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Գիրքի մը ոդիսականը՝ «Մեծ Մօրս Հէքեաթները»

Կարգ մը գիրքեր գնահատանքի արժանի են ոչ միայն իրենց բովանդակութիւնով, այլ նաեւ ստեղծման ամբողջ գործընթացով։ Այս հաստատումը կ՚ընենք, քանի որ կը տեսնենք թէ անոնք մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով հասած են ընթերցողին։ Այդ տեսակ գիրք մըն է Սերտար Ճանի «Մեծ Մօրս Հէքեաթները» անուն գիրքը, որուն հեղինակը ամենածանր տանջանքներով ծանօթ Տիյարպէքիրի բանտէն արձակուելով, 1991-ին, Թուրքիոյ համար խիստ դժուար տարեթիւի մը համարձակեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրելու։ Մահապարտ մըն էր ան ու ամէն օր կը սպասէր այդ պատիժին գործադրման։ Բայց յեղափոխականը մահուան ճանապարհին իսկ պիտի մտածէ Թուրքիոյ պետութեան ուրացումով, ժխտումով, սուտով հիւսած պարիսպը փլելու մասին։ Երջանկութիւն է տեսնել որ այդ պարիսպը փլելու ուխտածներու թիւը օրըստօրէ կ՚աւելնայ։ Այս գիտակցութիւնով գիրքի հրատարակութենէն 24 տարիներ ետք ուզեցինք հեղինակին՝ Սերտար Ճանի հետ զրուցել։
ԱՌՕՐԵԱՅ Տէր կանգնինք Սթանոզին

Էր­մէ­նի քի­լիսէ­սինին էն էօնէմ­լի եօր­թուլա­րըն­տան պի­րի օլան Սուրբ Զա­տիկ Իս­թանպուլտա­քի թիւմ քի­լիսէ­լէրին եանը սը­րա Տի­յար­պէ­քիր վէ Վա­քըֆ­լը­քէօյ քի­լիսէ­լէրին­տէ տէ պիւ­յիւք պիր ճոշ­քույլա քութլան­տը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Վարք ու բարք

Քու­պա­նական ֆիլ­մին մէջ այն փոք­րիկ տղան է, որ կը քա­լէ իր քա­ղաքին փո­ղոց­նե­րուն մէջ, չա­րու­թիւններ կ՚ընէ դպրո­ցին մէջ, կը պատ­ժուի ամէն օր, եւ ի վեր­ջոյ կը կա­խակա­յուի։ Մայ­րը մարմնա­վաճառ եւ թմրա­մոլ, հայր չու­նի, մօր սի­րեկա­նը շնա­մար­տի խա­ղաց­նող, եւ ինք ամէն օր ակա­նատես կ՚ըլ­լայ իր սի­րելի շու­նիկնե­րու վայ­րագ ճա­կատումնե­րուն։ Ան­դին փոք­րիկ աղ­ջիկ մը, պա­ղես­տինցի գաղ­թա­կանի զա­ւակ, հայ­րը առ­տուընէ իրի­կուն շրջուն ման­րա­վաճառ, որ ամէն գնող կը փոր­ձէ խու­սա­փիլ ոս­տի­կան­նե­րէն։ Ու ասոնց նման տար­բեր այլ կեանք։ Բո­լորն ալ մէկ­տե­ղուած «Վարք ու բարք»-ին մէջ, Էր­նէսթօ Սէր­րա­նոյի բե­մադ­րութեամբ (imdb.com/title/tt3595966)։
ԱՌՕՐԵԱՅ Հրանդ Տինք Հիմնարկէն կոչ թեկնածութեան

Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկը ինչպէս նա­­խորդ տա­­րիներ այս տա­­րի ալ կոչ կ՚ուղղէ հա­­մացան­­ցի եւ մա­­մու­­լի մի­­ջոցաւ բո­­լոր անոնց, որոնք պի­­տի կա­­րենան թեկ­­նա­­­ծու­­ներ առա­­ջար­­կել մի­­ջազ­­գա­­­յին Հրանդ Տինք Մրցա­­նակի հա­­մար։ Հիմ­­նարկի այս նա­­խաձեռ­­նութեան շնոր­­հիւ Իս­­թանպու­­լի տա­­րեկան տո­­մարին մէջ նշո­­ւած օր մը դար­­ձաւ 15 Սեպ­­տեմբե­­րը՝ Հրանդ Տին­­քի ծննդեան օրը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Վերջապէս հայ թեկնածուներ

Ընտրու­թիւննե­րու նա­խօրեակի ամե­նակա­րեւոր իրա­դար­ձութիւ­նը ըլ­լալ կը թո­ւի Խորհրդա­րանի թեկ­նա­ծու­նե­րու անուննե­րու ճշդու­մը։ Շա­տեր շունչե­րը կտրած կը սպա­սէին այդ օրը, երբ օրի­նաւոր վեր­ջին ժամ­կէ­տը կը լրա­նար Կեդ­րո­նական Ընտրա­կան Յանձնա­խումբ յանձնե­լու հա­մար թեկ­նա­ծու­նե­րու անուննե­րը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Թափառական Գիտաժողով

Իս­թանպու­լի «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րանի, Պատ­մութեան Հիմ­նարկի եւ Լո­սան­ճէ­լըսի մէջ Գա­լիֆոր­նիայի Հա­մալ­սա­րանի հո­վանա­ւորու­թեամբ 26 Ապ­րի­լին Իս­թանպու­լի մէջ կա­յանա­լիք «Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը՝ հաս­կա­ցու­թիւններ, բաղ­դա­տական տե­սան­կիւններ» խո­րագ­րեալ գի­տաժո­ղովը ջնջո­ւեցաւ «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րանի վար­չութեան կող­մէ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Կիւլիզարը իբրեւ դիմադրութեան ներշնչում

877-1878 տարեթիւը կը զուգադիպի նաեւ անկախութեան մասին ըսի ըսաւներուն, հողային կորուստի մտահոգութիւններուն ծայր տուած ժամանակահատուածի մը։ Ի դէմ այդ բոլորին, Իսթանպուլի կառավարութիւնը հայ ժողովուրդը ճնշելու համար կը դրդէ քրտական աշիրաթները։ Ահաւասիկ նոյն տարեթիւը հայ ժողովուրդի համար ալ սարսափի թուական մը ըլլալով կը ներկայանայ։ Այժմ այդ թուականի հոգեբանութեան գիտակցելու համար առիթ մը գոյացած է։ Իր մասին ողբերգներ հիւսուած արտակարգ կնոջ մը պատմութիւնն է մեր առջեւ։ Նոյն ինքն դստեր՝ Արմենուհի Գեւոնեանի կողմէ իր մօր պատումներով գրի առնուած Կիւլիզարի պատմութիւնը, տարածքաշրջանի սարսափելի գործիչին՝ Մուսա Պեկի կողմէ առեւանգուած 14 ամեայ մանկամարդուհիի մը կերպարին մէջ ժողովուրդի մը պատմութեան մասին պատմական վկայութիւններ կը բերէ։