ՆԻԿԻՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
Միութեան եւ Խաղաղութեան Ուղերձ Նիկիոյի մէջ
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 267-րդ Պապը Լեւոն ԺԴ., 2025 Նոյեմբեր 27 թուականին Թուրքիոյ իր առաջին պաշտօնական ճամբորդութիւնը կատարեց։ Անգարայի եւ Պոլսոյ հանդիպումներէն ետք, Պապին ուղին Պուրսայի Իզնիք գաւառն էր։ Այցելութեան նպատակը, Քրիստոնէութեան պատմութեան համար կարեւորութիւն ունեցող Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական ժողովին 1700-րդ ամեակը տօնելն էր։

