Դպրոցը իր հոգերով

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1991-ին հիմնուեցաւ Սպիտակի երկրաշարժի եւ Ղարաբաղի պատերազմի աւերակներուն վրայ։ Պատերազ մի հետեւանքով երկիրը շրջափակման մէջ էր։ Մեծամօրի ադոմակայանը փակուած էր նորաստեղծ պետութեան կողմէ։ Կը տիրէր ուժանիւթի ճգնաժամ։ Իշխանափոխութեան հետեւանքով երկրի տնտեսութիւնը ամբողջովին քայ այուած էր։ Նախապէս զարգացած ճարտարագիտական աւանդ ունեցող Խորհրդային Հայաստանի բոլոր գործարանները թալանուած, նոյնիսկ գործող հաս տոցնե րը մետաղեայ թափածոյ որպէս թալանիչներու կողմէ ծախուած էր Պարսկաստանին եւ Թուրքիոյ։ Այս պայմաններու տակ գործազրկութիւնը հասաւ անտանելի համեմատութիւններու։ Ընտանիքի պատասխանատուութիւնը ուրիշ միջոց չէր թողուր եթէ ոչ աշխատանքի համար արտագաղթել։

Արտագաղթը բազմաթիւ խնդիրներու կողքին գոյացուց նաեւ գաղթական պատանիներու համար ուսման հոգը։ Թուրքիա ալ բազմաթիւ գաղթականներ ընդունեց նորանկախ Հայաստանէն։ Բայց այդ գաղթականները օրինաւոր միջոց ներով չէին եկած եւ մէկամսեայ վիզայի ժամկէտի լրացումով բոլորն ալ փախստական դարձած էին։ Իրենց դպրոցական տարիքի երախաները նոյնպէս զուրկ էին օրինականութենէ եւ այդ պատճառաւ ալ չէին կրնար արձանագրուիլ որեւէ դպրոց։

Ներկայ դրութեան մէջ Կէտիկ փաշայի Աւետարանչական Եկեղեցին յանդուգն քայլի մը դիմելով տաճարի նրբանցքներուն մէջ սկսաւ դպրոց մը գոյացնել, անուանելով «Հրանդ Տինք Վարժարան»։ Նոյնպէս Հայաստանէն գաղթած ու սուցիչներու հսկողութեան տակ գործող դպրոցը իր դռները լայն բացաւ ուսման կարօտ աշակերտներու դիմաց։ Տէ Ֆաքթօ դրութիւն մըն էր այս դպրոցը։ Անօ րինական էր, բայց կ՚անտեսուէր իշխանութիւններու կողմէ։ Վերջերս այս անտեսու մը շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը ստացաւ։ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը ստանձնեց դպրոցի միամսեայ պարէնի կարիքը։ Այժմ աշխատանքներ կը տարուի, որպէսզի այս նպաստը յարատեւ ըլլայ ամբողջ ուսման տարուայ ընթացքին։

Դպրոցի տնօրէնուհի Հերիք նազ Աւագեանի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն աշակերտներութիւը հասած է 150-ի։ Երկու մանկապարտէզներով մինչեւ ութերորդ դասարան ուսում ջամբող Հրանդ Տինք վարժարանի մէջ կը գործեն 11 ուսուցիչներ եւ 3 մանկապար տիզպանուհիներ։ Դպրոցը կարիք ու նի նկարչութեան, երաժշտութեան եւ մարզանքի ուսուցիչներու։

Դպրոցը պաշտօնապէս ճանաչում գտած է Հայաստանի Կրթական Նախարա րութեան կողմէ։ Աշակերտները Հայաստանի մէջ քննութիւն մը յանձնելով կը շարունակեն իրենց ու սումը։

Հերիքնազ Աւագեան կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխան ցէ նաեւ դպրոցի ելմտացոյցի մասին։ «Կարողացող ծնողներէն կը գանձենք 60 տոլար ամսավճար։ Այս գումարը հազիւ կը դիմագրաւէ խոհարարի եւ տնտեսի ամսականը»։ Տնօրէնուհին ուրախութեամբ կը նշէ որ Պատրիարքարանի Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան այս տարի այցելած է դպրոցը եւ հայ րա կան խրատ ներ փո խանցած է աշակերտութեան։ «Ցարդ ամենամեծ օժան դա կու թիւնը ստացած ենք միջազգային բարեսիրական օգ նութեան կազ մա կեր պութիւն Քարիթասէն։ Սա կայն վերջերս հայ համայնքի որոշ բարերար ներ եւ կարգ մը հաստատութիւններ ալ կ՚աջակցին Հրանդ Տինք Վարժարանին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ