ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Պատրիարքարանը օտարացման վտանգին ընդառաջ

Սխալ ըն­կա­լումնե­րը կան­խե­լու հա­մար պար­տինք ի սկզբա­նէ յստա­կեց­նել կարգ մը իրո­ղու­թիւննե­րը։ Նախ նշենք որ այս սիւ­նա­կի հե­ղինա­կը իր գի­տակ­ցութիւ­նը ձե­ւաւո­րած օրէն սկսեալ կա­պը խզած է բո­լոր կրօն­նե­րու հետ։ Ան բա­ռին բուն իմաս­տով ան­հա­ւատ մըն է եւ ծի­ծաղով կը լսէ դրախ­տի կամ դժոխ­քի, աշ­խարհի, բնու­թեան եւ կեն­դա­նու­թեան արար­ման մա­սին սուրբգրա­յին բո­լոր պա­տումնե­րը։ Ի դէմ այս հա­ւատ­քի պա­կասի, ան սրտանց կա­պուած է հո­գեւոր աւան­դութիւննե­րու, երաժշտու­թեան, առ­հա­սարակ մշա­կոյ­թին։ Կը հմա­յուի տես­նե­լով եկե­ղեցի­ներու կամ մզկիթ­նե­րու ճար­տա­րապե­տական հիաս­քանչ կո­թող­նե­րը։ Կը հմա­յուի յատ­կա­պէս Կո­միտա­սեան բազ­մա­ձայն պա­տարա­գի հնչիւննե­րով։ Կը սի­րէ մեծ տա­ղաւար­նե­րու նա­խոր­դող խթման երե­կոյ­նե­րը անցնել իր տան մէջ, սե­ղանա­կից ու­նե­նալով վե­րաք­րիստո­նէացած իր սա­ները։ Ու­րեմն շատ ան­տե­ղի պի­տի ըլ­լայ զինք եկե­ղեց­ւոյ թշնա­մի կո­չելը։ Ան խնդիր չու­նի եկե­ղեց­ւոյ հետ։ Ընդ հա­կառա­կը սիր­տով կա­պուած է եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր բա­րի յատ­կութիւննե­րուն։

Բայց կոյր ալ չէ այս սիւ­նա­կի հե­ղինա­կը։ Կը տես­նէ, կը լսէ եւ վեր­ջա­պէս կ՚ընդվզի իբ­րեւ թէ եկե­ղեց­ւոյ ծա­ռայել ուխտած, բայց վար­քով գոր­ծով այդ ուխտը դրժող հո­գեւո­րական­նե­րու արար­քը։

Ին­չո՞ւ հա­մար այսքան դժո­ւար հասկնա­լի է եկե­ղեց­ւոյ եւ եկե­ղեցա­կանի տար­բե­րու­թիւնը։

Աւե­լի խո­րանանք այս նիւ­թին եւ եկէք խոս­տո­վանինք որ հա­սարակ հա­ւատա­ցեալի եւ ար­հեստա­վարժ եկե­ղեցա­կանի հա­յեաց­քի մէջ հսկա­յական տար­բե­րու­թիւն կայ։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ հո­գեւո­րական կո­չուա­ծը ընդհան­րա­պէս կ՚ան­տե­սէ հա­սարա­կու­թեան կա­րիքն ու պա­հան­ջը եւ իր կա­րողու­թիւննե­րը կը տրա­մադ­րէ ու­ժին։ Ու­ժը եր­բեմն հնչիւն փողն է, եր­բեմն իշ­խա­նու­թիւնը, բայց ոչ եր­բեք ար­դա­րու­թիւնը։

Եթէ այս հա­կադ­րութեան մէջ սխալ մը կայ, այդ սխա­լի հե­տեւան­քը պի­տի ըլ­լայ եկե­ղեց­ւոյ իր ժո­ղովուրդէն օտա­րացու­մը։

Հե­տաքրքրա­կան բառ է օտա­րացու­մը։ Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեցին այդ բա­ռը կը վե­րագ­րէ հա­յոց այլ դա­ւանանքնե­րուն։ Անոր հա­մար կա­թողի­կու­թիւնը կամ բո­ղոքա­նու­թիւնը այ­լա­դաւա­նու­թիւն է։ Այլ խօս­քով օտա­րացում։

Երբ Սեւ Ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան կազ­մա­կեր­պութեան Հա­յաս­տա­նեան ներ­կա­յացուցչու­թեան հա­մար գրա­սենեակի կա­րիք կար, հայ հա­մայնքը չի կրցաւ տրա­մադ­րել հա­մեստ աշ­խա­տանոց մը։ Այդ պա­հան­ջը եկաւ լրաց­նել Հայ Կա­թողի­կէ Սուրբ Յա­կոբ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութիւ­նը։

Նմա­նը պա­տահե­ցաւ երբ Հա­յաս­տա­նէն աշ­խա­տելու հա­մար Թուրքիա եկած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն ու­սում ջամ­բե­լու անհրա­ժեշ­տութիւն գո­յացաւ։ Այս ան­գամ ալ լքեալ բազ­մա­թիւ դպրո­ցի շէն­քեր ու­նե­ցող պոլ­սա­հայու­թեան դէմ Հայ Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեցին է, որ իր դռնե­րը բա­ցաւ եւ մին­չեւ օրս կը գոր­ծէ Հրանդ Տինք Վար­ժա­րանը։ Մեր ամ­բողջ դպրո­ցական հա­մակար­գին մէջ ան ամե­նայա­ջողն է իր շրջա­նաւարտնե­րու յա­ջողած քննու­թիւննե­րը նկա­տի ու­նե­նալով։

Պատ­րիար­քա­րանի հրա­պարա­կած զե­կոյ­ցը ապա­ցոյց է ըսե­լու հա­մար թէ եկե­ղեցին չէ գի­տակ­ցած իր կա­տարած սխա­լին, որու հե­տեւան­քով օրըս­տօ­րէ կ՚օտա­րանայ իր ժո­ղովուրդին։