Ս. Աստուածածինը ինչպէս եղաւ «Քուրթուլուշ Ճամի»

Թուրքիոյ ակադեմական շրջանակներու մէջ արմատացած ուրացման եւ ժխտման քաղաքականութեան թիրախներէն մէկն ալ ճարտարապետ Պալեան քերթաստանի անհերքելի վաստակն է։

Թուրքիոյ ակադեմական շրջանակներու մէջ արմատացած ուրացման եւ ժխտման քաղաքականութեան թիրախներէն մէկն ալ ճարտարապետ Պալեան քերթաստանի անհերքելի վաստակն է։ Անցեալին սոցցանցերու մէջ յաճախ հանդիպած ենք անունին առջեւ փրոֆ. Կոչում ունեցող ստորագրութիւններու, որոնք կը փորձեն համոզել թէ Պալեանները ճարտարապետ չէ՝ այլ «խալֆա» եղած են։

Կարծես այս բոլորին պատասխան մըն էր արհեստաբան Էլմոն Հանչէրի բանախօսութիւնը, որ կայացաւ 22 Նոյեմբեր շաբաթ օր, Եսայեան արուեստի ու գրականութեան միութեան մէջ։

Տոքթոր Էլմոն Հանչէր հոծ բազմութեան մը ներկայացուց Այնթապի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին, որ կառուցուած է 1872-73 թուականներուն Պալեաններու ճարտարապետական շնորհի ուրոյն օրինակ մը ըլլալով։

Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն Այնթապի հայաթափումէն ետք եկեղեցին, այլ նպատակներով շահագործուեցաւ եւ ապա վերածուեցաւ մզկիթի, վերանուանուելով «Քուրթուլուշ Ճամի»ի։

Էլմոն Հանչէր յատկապէս ծանրացաւ վերջին երկրաշարժէն ետք վնասուած կառոյցի վերաշինութեան աշխատանքներուն։ Ան իր պատումները աւելի հասկնալի դարձուց ցոլացնելով զանազան լուսանկարներ, թէ՛ շինութեան եւ թէ նախորդող շրջաններու մասին։

Հաճելի եւ ուսուցողական զրոյցի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան բանախօս արուեստաբանը շնորհաւորելու եւ այս ելոյթին համար շնորհակալութիւն յայտնելու համար։