Կասկած չկայ որ Թուրքիոյ վերջին տարիներու քաղաքական դաշտը մեծ ալեկոծումներու գետին մըն է նաեւ։ Չըլլալիք պահուն, չըլլալիք քաղաքական գործիչներ այնպիսի ելոյթներ կ՚ունենան որ լսողը զարմանքի կը մատնուի։ Այդ տեսակի ելոյթներէն մէկն էր, որ Ազգային Շարժում Կուսակցութեան պետ Տեվլեթ Պահչելի յայտարարեց. «Ապտուլլահ Էօճալան թող յայտարարէ իր հիմնած կուսակցութեան լուծարկումը, թող գայ ելոյթ ունենայ Խորհրդարանի մէջ եւ օգտուի յոյսի իրաւունքէն»։
Ցնցիչ էր նման ելոյթը լսել գորշ գայլերու առաջնորդէն։ Այս ելոյթը բնականաբար դրական արձագանգ գտաւ քրտամէտ քաղաքական շարժումէն։
Միւս կողմէ թէ՛ Արդարութիւն եւ Զարգացում եւ թէ Ժողովուրդահանրապետական կուսակցութիւններու շրջանակներուն զգալի էր որոշ վերապահութիւն։ Տատամսումներու մէջ կազմուեցաւ գործընթացը դասաւորելու միտումով յանձնախումբ մը։
Սոյն յանձնախումբը բազմաթիւ շփումներ ունեցաւ զանազան կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ։ Աւարտին որոշում կայացաւ պատուիրակութիւնով մը այցելել Իմրալը կղզի եւ անձամբ լսել քրտական զինեալ ապստամբութեան պետ, բանտարկեալ Ապտուլլահ Էօճալանը։
Երկար բանավէճերէ ետք ԱՔՓ, ՄՀՓ եւ ՏԵՄ կուսակցութիւններէն երեք պատգամաւորներ գաղտագողի այցելեցին Իմրալը կղզիի բանտարկեալը։
Գաղտագողի որ կ՚ըսենք նախքան այցելութեան որոշ չափով հասկնալի էր գաղտնապահութիւնը, անվտանգութեան մտահոգութիւններով։ Սակայն երբ պատուիրակութեան ԱՔՓ-ցի անդամ Հիւսէյին Եայման վերադարձին փորձեց հերքել իր մասնակցութիւնը, գաղտնիքը վերածուեցաւ ծիծաղի։ Եայման բացի իր այցելութիւնը ուրանալէ, լրագրողներուն կը վստահեցնէր թէ այդ օր ինք հիւանդանոցն էր եւ Իմրալը չէր գացած։
Հիւսէյին Եայմանի ժխտման այս ջանքերը ինքնաբերաբար ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն նախագահ Էրտողանի այս նիւթի հանդէպ մերձեցումը։ Գաղտնիք չէ որ Էրտողան կը գնահատէ Պահչելիի ջանքերը, բայց ինք կը պահէ որոշ չէզոքութիւն արձանագրուած զարգացումներու դիմաց։
Մէկ բան միայն յստակ է, այսքան մեծ խօսոյթներէ ետք Իմրալըի այցելութիւնով աշխարհ կանգ չէ առած եւ կը շարունակէ իր դարձը արեգակի շուրջ։