Կիները ետքայլ չունին

25 Նոյեմբեր Կիներու հանդէպ բռնութեան դէմ պայքարի օրը դարձեալ ոստիկանական ճնշումներով յիշատակուեցաւ։ Իսթանպուլի կուսակալը առաւօտուան ժամերէն հրապարակած յայտարարութիւնով արգիլեց բոլոր հանրահաւաքները։

25 Նոյեմբեր Կիներու հանդէպ բռնութեան դէմ պայքարի օրը դարձեալ ոստիկանական ճնշումներով յիշատակուեցաւ։ Իսթանպուլի կուսակալը առաւօտուան ժամերէն հրապարակած յայտարարութիւնով արգիլեց բոլոր հանրահաւաքները։ Կիները ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի ալ անտեսեցին կուսակալութեան բերած արգելքը եւ մէկտեղուեցան Պէյօղլու, Թիւնելի հրապարակին վրայ։

Անոնք անգամ մը եւս յաջողեցան ոստիկանական պատնէշը անցնելով Թիւնելէն կարճատեւ երթ մը կատարել եւ նստացոյցով աւարտին բերել այս տարուայ հանրահաւաքը։

Մինչ այդ նախորդ տարուայ 25 Նոյեմբերին բերման ենթարկուած 168 անձերու դէմ առաջին դատավարութիւնը պիտի կայանայ 8 Յունուար 2026-ին։